ԽՈՐԱՑՈՂ ԱՒԱԶԱԽՐՈՒՄԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՅՐԻ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ՄԷՋ

Posted on June. 7. 2020

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Գործադիր Հրատարակիչ
եւ Գլխաւոր Խմբագիր՝
«ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ»-ի եւ
USA Armenian Lifeի

ՌԱԿ-Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նախկին նախագահ Էտմոն Ազատեան Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեանին կþանուանէ «ՍՏԱԽՕՍ»:

Ապրիլի 16-ին Հայաստանի Խորհրդարանի կողմէ՝ կոռումպացուած պետական եւ եկեղեցական պաշտօնեաներու կողմէ ապօրինի ձեռք բերուած ունեցուածքի բռնագանձման վերաբերեալ նոր օրէնքի ընդունումը ցնցող ալիքներ ուղարկած է շարք մը «օլիգարխներու»` մէնատէրերու ներքին շրջանակներէն ներս:
Մերկացուած օլիգարխներու շարքերուն մէջ կան շարք մը նախկին պաշտօնեաներ, որոնք կապուած են նախկին նախագահական վարչակազմեր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին, Ռոբերտ Քոչարեանին և Սերժ Սարգսեանին, ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ին՝ ինչպէս Արք. Նաւասարդ Կճոյանը, արք. Յովնան Տէրտէրեանը՝ իրենց Հայաստանի եւ Սփիւռքի զինակիցներու հետ:
Լրատուամիջոցներու կողմէ եղած բացայայտումները օլիգարխներու և անոնց կլաններու նեխած գործունէութեանց մասին, լաւապէս ընդունուեցան ընթերցող եւ հեռուստադիտող լայն շրջանակներու կողմէ ե’ւ Հայաստանի, ե’ւ Սփիւռքի մէջ:
Վերջին մի քանի տարիներու յետազօտական տեղեկագրութիւնները տարբեր եւ լուրջ մեղադրանքներ ընդառաջ բերած են տարբեր կլաններու անդամներու հասցէին, ինչպիսիք են.

  • Փողերու լուացում;
  • Հարկերէն խուսափում.
  • Խարդախութիւն;
  • Կեղծիք;
  • Դրամական գողութիւն.
  • Թմրեցուցիչներու մագսանենգութիւն.
  • Հաւատացեալներու չարաշահում;
  • Տարեցներու չարաշահում;
  • Ֆիզիկական բռնութիւն;
  • Ահաբեկում;
  • Վարկաբեկում.
  • Սպանութիւն;
  • Կանանց բռնաբարութիւն;
  • Մանկապղծութիւն;
  • Առեւանգում եւ երեխաներու ապօրինի առեւտուր
  • Սեռական ստրկութիւն եւ առեւտուր
  • Անօրինական սեռական գործողութիւններ Տէրտէր-եանի, Գարեգին Բ-ի եւ Մոսկուայի Եզրասի նման կուսակրօն քահանաներու/առաջնորդներու կողմէ։
  • Օրէնսդրութեան խախտումներ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Սուրբ Աթոռի տարբեր թեմերու եւ ծուխերու մէջՏէրտէրեանի, Գարեգին Բ-ի, Մոսկուայի Եզրասի եւ իրենց աշխարհական կլանակիցներու կողմէ: Մեղադրեալ անձինք չեն պատասխանած այդ մեղադրանքներուն: Փոխարենը՝ անոնք որդեգրած էին խուլ, կոյր եւ համր ձեւանալու երեք կապիկներու քաղաքականութիւնը: ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՐԴԸ, ՈՐ ԿՈՏՐԵՑ ՈՒՂՏԻՆ ՄԷՋՔԸ. Մայիսի սկզբին, ի խոր գոհանակութիւն բազմահազար հայրենի եւ սփիւռքահայ ընթերցողներու եւ հեռուստադիտողներու, երկու ամերիկահայ յետազօտող լրագրողներ՝ Ոսկան Մխիթարեան եւ այս յօդուածագիրը Աբօ Չափարեան մի քանի բացայայտումներ ըրին պր. Ազատեանի զինակից Գարեգին Բ-ի մասին: Հայաստանի ԲԱՑ TV-ի հետ ազատ զրոյցի 27 րոպէանոց հաղորդումը սփռուեցաւ հայաստանեան հեռուստատեսութեամբ: Հաղորդումը մինչեւ օրս աւելի քան երեք հարիւր երեսուն հազար --330.000—հայերու կողմէ դիտոած է: Ան արժանացած է հազար զօրակցական ակնարկներու տարբեր դիտողներու կողմէ, որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը դատապարտած է Գարեգին Բըըը-ի եւ իր կլանի հայ եկեղեցիէ ներս ասպատակութիւնները ի հայրենիք ու ի սփիւռս աշխարհի:
    Հաղորդումը նաեւ արժանացած է աւելի քան 6400 «լայքերու» («հաւանումներու»)ի դիմաց 331 «մերժումներու»: Այսպիսով, զօրակցական արտայայտութիւններու տոկոսը կազմած է աւելի քան 95%, մինչ «մերժումները» սոսկ 5%: Իսկ մեկնաբանութիւններու տոկոսային յարաբերակցութիւնը կ’արտացոլայ մօտաւորապէս նոյնը՝ 95% քննադատական Գարեգին բըըը-ի դէմ եւ միայն 5%զօրակցական: Այս թուանշանները որոշապէս կը հաստատեն Գարեգին Բըը-ի ժողովրդականութեան խոշոր անկումը, որ այլ հարցախոյզ մը կը նշէր Ապրիլի կէսերուն: Այդ հարցախոյզը կատարուած էր առցանց: Այժմ մեղադրեալներու համար պարզ դարձած է, որ անոնք կորսնցուցած են իրենց դիրքերը հանրային կարծիքի ասպարէզէ ներս: Սակայն իրական խնդիրներուն անդրադառնալու փոխարէն՝ մեղադրեալներէն մէկը՝ Էտմոն Ազատեան, նախաձեռնած է վարկազրկման, ցեխարձակման, անհատականութեան բարոյապէս սպանութեան արշաւի մը յետազօտող լրագրողներու դէմ: Թիրախաւորուած անձերէն են յետաքննող լրագրող Ոսկան Մխիթարեան եւ ուրիշներ: Ինչո՞ւ Ազատեանը այսպէս հապճեպով եւ կտրուկ կերպով դարձած է այդքան մտահոգ, «ագրեսիվ» ու վայրագ: Ինչո՞ւ ան դիմած է յետազօտող լրագրողներու դէմ ցեխարձակումի եւ անհատականութեան սպանութեան: Ինչո՞ւ ան ՈՉ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ եւ ՈՉ ԱԼ ԿԸ ԴՐԺԷ մեղադրանքներու ճշմարտացիութիւնը, եւ կը փորձէ խուսափիլ իր արարքներու պատասխանատւութենէ: Որպէս Թէքէյեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) մէնատէր, Ազատեան կը մեղադրուի ԹՄՄ-ին պատկանող հայկական դպրոցներու, մշակութային եւ համայնքային կեդրոններու զանգուածային փակման մէջ: Ըստ հաւաստի տեղեկութեանց, ան վերահսկած է անշարժ կալուածներու եւ ֆոնտերու հաշուեյարդարին, որ կը կազմէ տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ՝ առանց թափանցիկութեան եւ հաշուետւողականութեան: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան / Թէքէյեան Մշակութային Միութեան (ՌԱԿ-ԹՄՄ-ի) առաջատար անդամներէն Յակոբ Վարդիվառեան 1997-ին «ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ» խորագիրով յօդուած մը գրած է, Ռ.Ա.Կ.-ի Ուոթըրթաունի ակումբին ծախու հանման առիթով: Մին-չեւ այսօր այդ յօդուածը կը պահպանէ իր այժմէականութիւնը, քանի որ կ’արտացոլայ այն նոյն «հիւանդութիւնը», որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ վարակել Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ՀԲԸՄ-ի եւ Ռամ-կավար Ազատական ԿուսակցութեանՌԱԿ-ի շրջանակները եւ, քանի որ այդ ապազգային գործելաձեւը չէ վերացուած, նոյն յօդուածը կը պահ-պանէ իր այժմէականութիւնը: Կազմակերպչական մէնատէրեր՝ Հայ Բարե-գործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ-ի) Պերճ Սեդրակեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն / Թէքէյեան Մշակութային Միու-թեան (ՌԱԿ-ԹՄՄ) Էտմոն Ազատեանի վարած վնասակար գործելակերպը կը վտանգէ Սփիւռքի մէջ հայապահպանումը: 1997ի յօդուածի գրառումէն ի վեր, լուծարուեցան նորանոր շատ հայկական դպրոցներ եւ մշակութային կեդրոններ, իսկ անշարժ կալուածները վաճառուեցան առանց հաշուետւութեան եւ թափանցիկութեան: Վերջին մի քանի տարիներուն այսպիսի երկու խոշոր հայկական դպրոցներ փակուեցան«անտուն» թողելով հարիւրաւոր հայ ուսանողներ. 2015ին Լոս Անճելոսի մէջ գտնուող ՌԱԿ-ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան դպրոցը եւ 2019ին ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան բարձրագոյն դպրոցը Փասատինայի/Լոս Անճելոսի մէջ: ԹՄՄ Տիգրանեան վարժարանի անշարժ կալուածները վաճառուեցան աւելի քան 14.5 միլիոն տոլարի: Ոչ ոք չգիտէ, թէ ի՞նչ պատահեցաւ այդ գումարներու հետ:
    Վարդիվառեան նշած է. «Աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր, Ամերիկայի Արեւելեան Ափի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավարութեան գլուխ եկած եռեակը՝ Երուանդ Ազատեան – Արշաւիր Կէօնճեան – Յարութիւն Արզումանեան, հաշուեյարդարի կ’ենթարկէ Ռ.Ա.Կ.-ի ունեցած եւ տարիներու զոհողութեամբ գոյացած թէ նիւթական, թէ բարոյական ամբողջ ունեցուածքը»:
    Ան ցանկագրած բոլոր կալուածները, որոնք կանխամտածուած հաշիւներէ թելադրուած՝ լուծարքի ենթարկուած են Ազատական եւ իր գործակալներու կողմէ: Ահաւասիկ ցանկը.
    Ա.- ԱՐԱՐԱՏ ԴԱՇՏԱՎԱՅՐ (ՄԷՅՆԱՐ, ՄԵՍԵՉՈՒՍԷՑ)
    Բ.- Ռ. Ա. Կ. «ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»
    Գ.- «ՊԱՅՔԱՐ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԻՒՆ
    Դ.- ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԵՈՒՍՈՒՖԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
    Ե.- «ՊԱՅՔԱՐ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ
    Զ.- ՀԱՅ ԻՐԱՒԱՆՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
    Է.- ԱԿՈՒՄԲՆԵՐՈՒ ՓԱԿՈՒՄ
    Ը.- ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ Ռ.Ա.Կ. ԱԿՈՒՄԲ – ՀԱՒԱՔԱՎԱՅՐԻՆ
    Վարդիվառեան շարունակած է. «Բոլորին յստակ է, թէ Նիւ Եորքի ու Նիւ Ճըրզիի Ռամկավար Ազատականները, տեսնելով այս եռեակին կուսակցակործան արարքները, դարձած էին զիրենք խստիւ քննադա-տողներ: Պատգամաւորական ժողովներու ընթացքին քանիցս ցասում, վերապահութիւն, յուսախաբութիւն եւ ընդվզում յայտնած էին անոնք այդ եռեակին նկատմամբ»:
    Հիմա հասկնալի է, թէ ինչու կուսակցութեան բազմաթիւ պատգա-մաւորներ Էտմոն Ազատեանին կուսակցութեան ղեկավարութենէն դուրս շպրտեցին 1993ի Երեւանի մէջ կայացած համագումարի ժամանակ:… Վերջերս յետզօտող լրագրող Ոսկան Մխիթարեան գրած էր, թէ 1993ի ամռան, Մխիթարեան Վենետիկ կը գտնուէր Մխիթարեան Միաբանութեան «Բազմավէպ» ամսաթերթի 150-ամեակի հանդիսութեանց: Այդ ժամանակ, ճաշարանի մը մէջ, ան առաջին անգամ ըլլալով հանդիպած է Հայաստանէն ժամանող Էտմոն Երուանդ Ազատեանին: Հարց տուած է Ազատեանին. «Պարոն Ազատեան, նկատի ունենալով, որ նոր հասած էք Հայրենիքէն…. ի՞նչ է ձեր կարծիքը Հայրենիքի եւ անոր ժողովուրդի մասին»: Կարծէք սխալ կոճակ մը սեղմած էի, յանկարծ փոթորկած եւ շիկացած՝ պատասխանեց. «Ասոնք հայ չեն, ասոնք թուրքի եւ թաթարի արտադրութիւն են»»:
    Ըստ երեւոյթին, Ազատեան, որ չէր վերընտրուած Սփիւռքի եւ հայրենիքի կուսակցականները ներկայացնող պատգամաւորներու կողմէ, բոլորին ալ անուանած է «թուրքի եւ թաթարի արտադրութիւն»:
    Հիմա, կþուզէի հարց տալ պր. Ազատեանին, որ Սփիւռքի մէջ բազմաթիւ հայկական վարժարաններ, կուսակցական եւ մշակութային կեդրոններ փակած է. Արդէօ՞ք ովքեր են իսկական «թուրքի եւ թաթարի արտադրութիւնները»:
    Ըստ Մխիթարեանին, մէկ այլ առթիւ Ազատեան համարձակօրէն խօսած է Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեանին մասինըսելով՝ «Յովնան սրբազան ստախօսին մէկն է»: Տեսէ՛ք ով միւսին ստախօս կ’անուանէ:
    Վարդիվառեան կը գրէ. «Վերջապէս, հաշուեյարդարի ենթարկելու համար Նիւ Եորքի առողջ շրջանակը, եռեակը օր ցերեկով ծախու հանեց Եուսուֆեան կեդրոնը երեք տարի առաջ: Այսպիսով եռեակը, Թէքէյեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամի գլխարկ դրած իր գլխուն, զրկած եղաւ Ռ.Ա.Կ.-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Ափի ամէնէն աշխոյժ եւ գործունեայ շրջանակը իր սեփական կեդրոնէն»:
    ԹՄՄ-ի Էտմոն Ազատեանի, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Վիգէն Յովսէփեանի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախմբի (ANCA-WR) Արեւմտեան Շրջանի Նօրա Յովսէփեանի նման Կազմակերպչական մէնատէրերու գործելաոճը. ամեն գնովհեռացման կարգով վերացնել զիրենք քննադատողներուն, փոխանակ բարելաւելու իրենց կազմակերպութիւնները: Վարդիվառեան կ'ընդգծէ. «Պոսթոնի մէջ քսանամեակ մը առաջ սկսած երիտասարդական «Դարբինեան» ակումբը եւս կարճ ժամանակ մը ետք փակեցին՝ ձերբազատուելու համար ապագայ հաւանական գլխացաւերէ…: Կարելի էր որոշապէս փրկել այս ակումբներուն մեծ մասը, մանաւանդ անոնց իբրեւ շիճուկ ներարկելով Մերձաւոր Արեւելքէն անցնող տարիներուն ժամանած շարքայիններ: Սակայն ո’չ մէկ աշխատանք կատարուեցաւ այդ ուղղութեամբ եռեակին հիմնական մտահոգութիւնը աթոռ պահելն ըլլալով …:
    Մատթէոս 7: 3 – ը Աստուածաշունչի մէջ կ’ըսէ. «Ինչո՞ւ եք ձեր եղբոր աչքի մէջի փուշը տեսնում, իսկ ձեր աչքի մէջի գերանը՝ ոչ»:
    ՌԱԿ եւ ԹՄՄ- ի Ազատեանը հնարավորութիւն ունի քննադատելու եւս մեկ մեղաւորի ՝ ՀԲԸՄ Բերճ Սեդրակեանին, ով 2005-ին անբարեխիղճ կերպով փակեց Կիպրոսի Նիկոսիայի մէջ գտնուող Մելքոնեան կրթական վարժարանը:
    Ազատեան գրած է ՀԲԸՄ-ի Սեդրակեանի մասին. «Մելքոնեանի փակումը… հասցու՛ց երկու առանձնապէս վնասակար սխալներու: Եւրոմիութիւնը արեւմտահայերէնը սահմանած է որպէս վտանգուած լեզու. Հետեւաբար, գումարներ պիտի յատկացուէին ատոր պահպանման համար … Մելքոնեանի փակումը այդ շատ նուրբ պահին որպէս դանակի հարուած եղաւ հայկական Սփիւռքի մէջքին: Ահա եւ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեան քաղաքական զգուշութիւնը … (որ) չէ ներկայացուցած արդարացուցիչ բացատրութիւն մը: … Եթէ պատրիարքը (Մութաֆեանը) կենդանի ըլլար, ան իրաւասութիւն պիտի ունենար ՀԲԸՄ ղեկավարութեան հարցաքննելու օժանդակ հիմնադրամի գտնուելու վայրի եւ ատոր եկամուտներու օգտագործման վերաբերեալ: … Բայց, ինչն աւելի վատ է, ակնյայտօրէն ՀԲԸՄ ղեկավարութեան շրջանակէն ներս կայ կրթական առաքելութեան եւ փիլիսոփայութեան հանդէպ հակակրանք, մասնաւորապէս ան, որ ներկայ նախագահի, իմ յարգուած ընկերոջ՝ Պերճ Սեդրակեանի մտածելակերպի մէջ: ”
    Տեսէ՛ք. Հայկական դպրոցներ լուծարողներէն մէկը՝ Ազատեան ինչպէ՞ս միւս հայկական դպրոցներ լուծարողին՝ Սեդրակեանի կ’անուանէ որպէս՝ «իմ յարգարժան ընկեր»: Որքան զուարճալի եւ ծիծաղաշարժ է:
    Յետազօտութիւնները կը շարունակուին Տիթրոյթի, Նիւ Եորքի, Էջմիածնի, Երեւանի, Պօսթընի, Լոս Անճելոսի, Պըրպանքի, Սան Տիեկոյի, Փարիզի, Մոսկուայի, Պուէնոս Այրըսի, Թօրօնթոյի եւ այլ թեմական շրջաններէ ներս։
    Յետազօտութիւններու արդիւնքները՝ շուտով։ Սպասեցէ՛ք։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *