Posted on June. 7. 2020
(Ռ.Ա.Կ.-ի Ուոթըրթաունի Ակումբին Ծախու Հանման Առիթով)
Ծանօթ. Խմբ. 1997-ին գրուած այս յօդուածը կ’արտացոլայ այն նոյն «հիւանդութիւնը», որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ վարակել Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ՀԲԸՄ-ի եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ՌԱԿ-ի շրջանակները եւ, քանի որ այդ ապազգային գործելաձեւը չէ վերացուած, նոյն յօդուածը կը պահպանէ իր այժմէականութիւնը: Կազմակերպչական մէնատէրեր՝ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ-ի) Պերճ Սեդրակեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն / Թէքէյեան Մշակութային Միութեան (ՌԱԿ-ԹՄՄ), Էտմոն Ազատեանի վարած վնասակար գործելակերպը կը վտանգէ Սփիւռքի մէջ հայապահպանումը: 1997ի յօդուածի գրառումէն ի վեր, լուծարուեցան նորանոր շատ հայկական դպրոցներ եւ մշակութային կեդրոններ, իսկ անշարժ կալուածները վաճառուեցան առանց հաշուետւութեան եւ թափանցիկութեան: Վերջին մի քանի տարիներուն այսպիսի երկու խոշոր հայկական դպրոցներ փակուեցան, «անտուն» թողելով հարիւրաւոր հայ ուսանողներ. 2015ին Լոս Անճելոսի մէջ գտնուող ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան դպրոցը եւ 2019ին, ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան բարձրագոյն դպրոցը Փասատինայի/Լոս Անճելոսի մէջ: ԹՄՄ Տիգրանեան վարժարանի անշարժ կալուածները վաճառուեցան աւելի քան 14.5 միլիոն տոլարի: Ոչ ոք չգիտէ թէ պատահեցաւ այդ գումարներուն հետ: Հարցում.
ԳՐԵՑ` ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր, Ամերիկայի Արեւելեան Ափի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավարութեան գլուխ եկած եռեակը Երուանդ Ազատեան – Արշաւիր Կէօնճեան – Յարութիւն Արզումանեան, հաշուեյարդարի կ’ենթարկէ Ռ.Ա.Կ.-ի ունեցած եւ տարիներու զոհողութեամբ գոյացած թէ նիւթական, թէ բարոյական ամբողջ ունեցուածքը:
Յստակ է, թէ այս երեքը կանխամտածուած հաշիւներէ թելադրուած է, որ լուծարքի կ’ենթարկեն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը: Այսպէս …
Ա.- ԱՐԱՐԱՏ ԴԱՇՏԱՎԱՅՐ (ՄԷՅՆԱՐ, ՄԵՍԵՉՈՒՍԷՑ)
Տասնամեակներ ամբողջ մեծագոյն Պոսթոնի համար կուսակցութեան Արարատ Դաշտավայրը որպէս զբօսայգի ծառայած էր շրջանի հայութեան: Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, հայրենակցական միութիւններու, զանազան ազգային կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութեան համար այս դաշտավայրը եղած էր ամառային շրջանի համար, ժամադրավայրը հայութեան:
Դաշտավայրը ունէր կարեւոր նշանակութիւն համայնքին հայրենասէր ու Էջմիածնասէր ճակատին համար: Նոյն նահանգին մէջ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը ունի Հայաստան Դաշտավայրը, որ մինչեւ այսօր կը ծառայէ համայնքային եւ կուսակ-ցական նպատակներու: Դաշնակցութիւնը իր դաշտավայրին մէջ ամէն ամառ ի մի կը հաւաքէ ամերիկահայ նորահաս սերունդը եւ կը դաստիարակէ դաշնակցական սկզբունքներով: Ռամկավարներս ծախեցինք մեր դաշտավայրը եւ անոր հասոյթը, հակառակ հիմնադրամի անուան տակ պահուելուն, մսխուեցաւ քանի մը տարուան ընթացքին:
Այսօր, արդէն իսկ մոռցուած է ան. եւ սակայն հաշիւ կը պահանջուի գէթ յարգելու համար յիշատակը պոսթոնահայ այն ընկերներուն, որոնք դէմ եղած էին դաշտավայրի վաճառքին:
Բ.- Ռ. Ա. Կ. <ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ>
Մօտ տասը տարիներ առաջ փակուեցաւ կուսակցութեան ,Վաստակաւորներու Հիմնադրամեը եւ այդ անունով գոյութիւն ունեցող դրամը ամբողջութեամբ յանձնուեցաւ կուսակցութեան այդ օրերու ղեկավարութեան. այսինքն՝ յիշեալ եռեակին: Գումարը ամբողջութեամբ մսխուեցաւ կարճ ժամանակի ընթացքին: Հիմնադրամին գլխաւոր նպաստակն էր նիւթապէս հասնիլ օգնութեան կարօտ մեր այն վաստակաւոր ընկերներուն, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան ծառայած էին կուսակցութեան եւ իր մամուլին: Եռեակը յաջողեցաւ Հիմնադրամի այդ օրերու ատենապետ Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեանէն առնել իր տրամադրութեան տակ գտնուող ամբողջ գումարը:
Այսօր այլեւս խօսող չկայ այդ ընկերասիրական հիմնադրամին մասին, որ սէնթ առ սէնթ հաւաքուած էր եւ մասնաւորաբար մէջտեղ եկած էր մեր ընկերուհիներուն զոհողութիւններով օգնելու ծանօթ խմբագիրներու եւ գործիչներու:
Գ.- <ՊԱՅՔԱՐ> ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԻՒՆ
Բովանդակ ամերիկահայութեան (Նիւ Եորքէն մինչեւ ֆրեզնօ) մտաւորական շրջանակին համար ծանօթ էր Պայքար Հրատարակչութիւնը իր հրատարակութիւններով: Ամերիկահայ գրողը, կուսակցական թէ ոչ, աւելի քան կէս դար իր գիրքերը տպել տուած էր Պայքար Հրատարակչութեան մօտ: Քաջածանօթ մտաւորական Դոկտ. Գրիգոր Մագսուտեան ատենին կատարած իր ուսումասիրութեամբ պարզած էր թէ հրատարակ-չատունը լոյս ընծայած էր մօտ երկու հարիւր անուն գիրք: Հրատարակչութիւնը մէկ կողմէ օգտակար կ’ըլլար հայ գրողին` դիւրացնելով անոր գործը եւ յագեցնելով ընթերցողին ծարաւը, իսկ միւս կողմէ նիւթական կարեւոր եկամուտ մը կ’ըլլար Պայքար Հաստատութեան:
Անցնող քսանամեակին, նկատի ունենալով սփիւռքահայ տեղաշարժերը, մեծ թիւով հայ գրողներ Միջին Արեւելքի հայաշատ կեդրոններէն եկան հաստատուիլ Ամերիկայի այս ափերը եւ շարունակել իրենց գրական աշխատանքները: Դժբախտաբար, երբ աւելիով կարելի պիտի ըլլար օգտուիլ նման գործառնութիւններէ, անշքացուցինք հրատարակչութիւնը: Պայքար Հաստատութեան շատ լաւ վարձատրուած տնօրէնը, որ իբր թէ հրատարակչական գործին ալ պատասխանատուն էր, յետագային, բարոյապէսե տասնապատիկ վերադարձուց եռեակին … անկէ առած հնչուն գնահատանքը:
Դ.- ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԵՈՒՍՈՒՖԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
Ամերիկայի կուսակցական մեր տարեգրութեան մէջ ուրիշ տխուր էջ մը կարելի է նկատել Եուսուֆեան կեդրոնին ծախուիլը: Նիւ-եորքաբնակ հաւատաւոր ընկերուհի Նուարդ Եուսուֆեան իր ողջութեան Մենհըթենի իր շէնքը եւ ունեցուածքը կտակած ու յանձնած էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան: Ողբացեալ ընկերուհին գիտէր, թէ որքան անհրաժեշտ էր այս մեծ ոստանին թէքէյեանականներուն եւ ռամկավարներուն համար սեփական հաւաքավայր մը ունենալը:
Մօտ տասը տարիներ Նիւ Եորքի ռամկավարները ունեցան զարթօնքի շրջան մը՝ շնորհիւ Եուսուֆեան կեդրոնին: Ծրագիրներ կը մշակուէին արդիականացնելու շէնքը եւ հասնելու նորօրեայ կարիքներուն:
Բոլորին յստակ է, թէ Նիւ Եորքի ու Նիւ Ճըրզիի Ռամկավար Ազատականները, տեսնելով այս եռեակին կուսակցակործան արարքները, դարձած էին զիրենք խստիւ քննադատողներ: Պատգամաւորական ժողովներու ընթացքին քանիցս ցասում, վերապահութիւն, յուսախաբութիւն եւ ընդվզում յայտնած էին անոնք այդ եռեակին նկատմամբ:
Վերջապէս, հաշուեյարդարի ենթարկելու համար Նիւ Եորքի առողջ շրջանակը, եռեակը օր ցերեկով ծախու հանեց Եուսուֆեան կեդրոնը երեք տարի առաջ: Այսպիսով եռեակը, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամի գլխարկ դրած իր գլխուն, զրկած եղաւ Ռ.Ա.Կ.-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Ափի ամէնէն աշխոյժ եւ գործունեայ շրջանակը իր սեփական կեդրոնէն:
Ե.- «ՊԱՅՔԱՐ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ
Երեք տարիներ առաջ փակուեցաւ 90-ամեայ «Պայքար» պաշտօնաթերթը: 1899-էն ի վեր ամերիկահայ լրագրութեան նահապետը լռեց Ազատեան – Կէօնճեան – Արզումանեան եռեակին իշխանութեան օրով: «Պայքար», հակառակ կուսակցական պաշտօնաթերթ ըլլալուն, կը ծառայէր ամբողջ ճակատի մը: Ռ.Ա.Կ.-ի գոյութիւնն անգամ խնդրական կը դառնար այս ափերուն` «Պայքար»ի փակումով: Ամերիկահայ ամենայարգուած թերթը, սակայն, փակուեցաւ: Անոր շուրջ հաւաքուած մտաւորականները ցրուեցան. տասնամեակներ ամբողջ «Պայքար»ով հոգեկան եւ մտաւորական սնունդ ստացած ընթերցողները դարձան յուսախաբ: «Պայքար»ի հաշուեյարդարով Հ.Յ.Դ.-ի հայատառ պաշտօնաթերթը հրապարակի վրայ մնաց առանձին:
Զ.- ՀԱՅ ԻՐԱՒԱՆՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Առաւել եւս թափ տալու համար Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն, մանաւանդ, երբ հնարաւորութիւնները լայն չափով ձեռնտու էին ամերիկեան քաղաքական շրջանակներու մօտ, Տիգրան Սմսարեանի գլխաւորած Հայոց Հողային Դատ ի Յանձնախումբը` փոխելով իր անունը Հայ Իրաւանց Խորհուրդի (ARCA), Պոսթոնէն փոխադրուեցաւ Նիւ Ճըրզի եւ անոր ատենապետութիւնը յանձնուեցաւ Նուպար Տօրեանի, որ այդ օրերուն միացած էր Ռ.Ա.Կ.-ին:
Խորհուրդը ունեցաւ ուշագրաւ գործունէութիւն, բայց եռեակին համար անոր գոյութիւնը Նիւ Ճըրզիի մէջ աւելորդ էր: Ա՛յդ ալ հաշուեյարդարի ենթարկուեցաւ եռեակին խարդաւանքներով:
Է.- ԱԿՈՒՄԲՆԵՐՈՒ ՓԱԿՈՒՄ
Մէկ առ մէկ փակուեցան 50-60 տարուան աւանդութիւն ունեցող Ռ.Ա.Կ.-ի ակումբները (մասնաճիւղերը): Այսպէս՝ Լորընսի, Լովըլի, Ուայթընսվըլի, Փրաւիտընսի, Ուստրի ակումբները փակուելէ յետոյ, անոնց յաջորդեցին Պոսթոնի շրջանի Չըլսիի Սվազլեան, Ուոթըրթաունի կանանց Շուշան Վարդենի, կանանց Հրաչ Երուանդ, արանց Ա. Ն. Նազար ակումբները: Փակուելու վտանգի ենթակայ են Նիւ Պրիթընի, Գլիվլընտի եւ Ֆիլատելֆիոյ ակումբները, որոնք տարիներէ ի վեր կուսակցական գործունէութիւն համարեայ չունին:
Պոսթոնի մէջ քսանամեակ մը առաջ սկսած երիտասարդական Դարբինեան ակումբը եւս կարճ ժամանակ մը ետք փակեցինձերբազատուելու համար ապագայ հաւանական գլխացաւերէ …: Կարելի էր որոշապէս փրկել այս ակումբներուն մեծ մասը, մանաւանդ անոնց իբրեւ շիճուկ ներարկելով Մերձաւոր Արեւելքէն անցնող տարիներուն ժամանած շարքայիններ: Սակայն ո’չ մէկ աշխատանք կատարւեցաւ այդ ուղղութեամբ
եռեակին հիմնական մտահոգութիւնը աթոռ պահելն ըլլալով …:
Եւ, այսպէս, հաշուեյարդարը կը շարունակուի՝ ու հասած է՝
Ը.- ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ Ռ.Ա.Կ. ԱԿՈՒՄԲ – ՀԱՒԱՔԱՎԱՅՐԻՆ
Պոսթոնի մեր ընկերներէն ու բարեկամներէն կ’իմանանք թէ ծախու հանուած է Մաունթ Օպըրնի վրայ, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ճիշդ դիմացը գտնուող ակումբը: Տարիներով ան եղած էր կուսակցական ժողովներու հաւաքավայր: Վերջին երկու տասնամեակներուն անոր սրահը ծառայած էր որպէս համայնքային հաւաքավայր եւս, իբրեւ այդպիսին որոշ եկամուտ ալ ապահովելով Պայքար Հաստատութեան:
Ու ահա՛ ծախու հանուած է այս ակումբն ալ եռեակին նախաձեռնութեամբ: Երեւակայել որ Ազատեան – Կէօնճեան – Արզումանեան կուսակցութենէն դուրս դրուած անհատներ են: Այս մարդիկ ինչե՜ր պիտի կարենային ընել եւ պիտի ընէին՝ եթէ վտարուած չըլլային …:
Նիւ Ճըրզի, Սեպտեմբեր 4, 1997