Մեր դատը եւ մենք

Posted on June. 10. 2020

ԳՐԵՑ՝ Արմէն-Կարօ Հայթայեան

Վերջերս Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ վաւերացուցին հայոց ցեղասպանութիւնը: Նաեւ Էրտողանի մտերիմ հակահայ Թրոմբի պաշտոնական պահանջը նախագահութիւնէ հեռացուելու հայոց հոգին. քիչ մը զովացուցիչ է:
Բա՞յց… բայց իմ հոգին միշտ խռով է, հուր ու կրակ կայ միշտ այնտեղ, կը պատկանիմ հայրենաթափ հայու երկրորդ սերունդին՝ մեծցած ու ծերացած օտար երկնքի տակ, երազելով միշտ ազատ ու անկախ հայրենիք: Ապրելով կեանքիս իններորդ տասնամեակը՝ վերջապէս երազանքս թէեւ փոքր չափով մը իրականացած է, քանի ունինք մեր անցեալի հայրենիքէն փոքր հողամաս մը ու խախուտ երեւացող անկախութիւն մը:
Ինչո՞ւ այս վիճակին հասնէինք, ի՞նչ է պատճառը, որ անցեալի Հայրենիքէն մօտ 1/5ը միայն մնացած է մեզի:
Ուրեմն սա իմ համոզումն է, թէ մեր տգէտ դիւանագիտութիւնն է պատճառը. Ոչ հողը, եւ ոչ իր դիրքը պատճառ չեմ համրեր այս կացութեան, փաստ՝ այն հողերը, որ մեզմէ գրաւած են ծոյլ, բարբարոս ցեղերը, այսօր շատ աւելի հարուստ ու հզօր պետութիւն են, քան թէ մենք: Սա միայն մէկ փաստը բաւարար չէ՞ ցոյց տալու մեր դիւանագիտութեան խեղճութիւնը:
Եթէ ըսենք այդ անցեալին կը պատկանի, ուրեմն այսօր որքանո՞վ է առաջադիմութիւնը՝ 10%, թէ՞ 15%ով, այդ արդեօ՞ք բաւարար համարել կարելի է մեր պէտքերուն համար, որ 100%նոց փոփոխութեան եւ առաջադիմութեան պէտքն ունի:
Նախ, նկատի առնինք մեր ազգային ծախսերը, առաջնորդարաններու պատասխանատուներ, օրինակ Թուրքիոյ մէջ մեծ գումարներ կը ծախսեն փլատակ վանքերու եւ եկեղեցիներու նորոգման համար, մանաւանդ այլազգաբնակ քաղաքներու ու գիւղերու մէջ, ուր գրեթէ հայութիւն չէ մնացած, նոյնիսկ կղերականներ չեն ուզեր նման տեղեր այցելելով քարոզել, վանքի կամ եկեղեցւոյ չորս պատերուն կամ թէ տասը-տասներկու հայ մնացած մարդկանց համար, իսկ եթէ նորոգութիւնները կ՛ընեն ըսելու համար մարդկութեան, թէ հոս հայ է ապրած ու հայու հող է եղած, ցոյց տալով մեր վանքերն ու եկեղեցիները, նման պարագայի այս դարում չ՛ըսելու համար այդ անիմաստ է, ըսենք՝ լսելի չէ:
Նորոգենք եւ կառուցենք նորը, ու թշնամին լաւ գիտէ զայն գործածելու ձեւը, գրաւէ ու մզկիթի վերածէ, այլապէս նուազագոյնը ախոռի կամ պէտքարանի՝ «զուգարանի» կարելի է վերածել:
Ա~յ դիւանագէտներ ու ազգի առաջնորդներ, արդեօ՞ք նոր սպանդ պէտք է, որ մարդկանց ճանչնաք:
Պարագան մօտաւորապէս նոյնն է հայրենիքի մէջ.մեր երիտասարդ դպրոցաւարտ սերունդը կը զոհուի հայրենի հողի սահմաններուն վրայ զայն պաշտպանելու համար, իրմէ շատ աւելի բազմամարդ ու արդիական զենքերով զինուած թշնամու դէմ, որ սեւ ոսկիի ունեւորութեամբ ամբարուած զինամթերք ունի: Իսկ մենք, փոխանակ լաւին` լաւագոյնը ունենալու, եկեղեցի ու վանք կառուցենք ու նորոգենք: Նաեւ բանակին ուղարկուած դրամներն ու իրեղէն օգնութիւնները գողցուելով լափուին՝ թողնելով սահմանի պատանի ռազմիկներուն այն մտմտուքը, թէ մենք մեր արեան գինով կը մարտնչինք, իսկ անդին մեր մեծաւորներէն տասնեակներ կը ձեռբակալուին ու կը դատուին՝ որպէս խաբեբաներ, ստախօսներ, գողեր, որոնք գրաւած են պետական բարձր աթոռները ու կուլ տուած են մեծ հարստութիւն, որու մէկ մասը մեզ համար է եղած: Նաեւ զարմանալի է, որ երբ բանակդ կռուի մէջ է, կղերականներ հարուստ մարդկանց կը համոզեն, որ իրենց բարերարութիւնը կատարէն եկեղեցաշինութեան՝ փոխանակ բանակաշինութեան, որպէսզի փառաբանուի թէ՛ նուիրատուի, եւ թէ՛ եկեղեցակառուցող կղերականներու համբաւը, առանց մտածելու, թէ տկար բանակ մը շուտով կը փչացուի ու դարձեալ քո եկեղեցին աւերակ կը դառնայ. պէտք է յիշել Անի քաղաքը:
Ես անկրօնք, անաստուած մը չեմ, եւ ոչ ալ համայնավար մը, հայ մը, որ կը խորհի՝ պէտք է ամէն ինչ իր ժամանակին, նաեւ պայմաններու նայելով կառուցել, նորոգել, ստեղծագործել, նոյնիսկ լաւագոյնին հասնելու նպատակով:
Այո մերօրեայ հայերէն մաս մը մոռցեր են ազգասիրութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը եւ դարձել են աթոռասէր ու գրպանասէր: Նաեւ մաս մըն ալ, 10 տարի ապրելով համայնավար լուծի տակ, կարծես հայ քաղաքացի ըլլալէ դադրած ու սովիէտ քաղաքացիին դարձած ու այդպէս ալ կը շարունակէն:
Հայրենի առաջին պետութիւն ստեղծողները եղած են Դաշնակցութիւնը, Հնչակեանները, Արմենականները, եւ չեզոքները 600 տարուայ ստրկութիւնէ վերջ, ուրեմն ինչո՞ւ այսօր ձեւով մը անտեսուած կ՛զգան: Դուք լաւ գիտէք պատճառը, որովհետեւ լսել չէք սիրեր ու ըսելիքնին ալ գիտէք: Դպրոց, ուսում, լեզու, գրականութիւն, հայրենի հողերու անզիջողութիւն, պետականութեան մասնակ-ցութիւն եւ այլք: Արդեօ՞ք նման առաջարկներ պետականութեան փուլ կուտան, ալ կարելի չէ եսասիրութեան ու գրպանասիրութեան վերջ մը տալ, ու դառնալ իսկական հոգեպնդուած ազգասէրներ ու հայրենասէրներ, բարին լման առումովը, լման հայութեամբ, այլ ոչ կիսուած:
Երեւոյթապէս միասնակամ, բայց երբեք զոթուած, ագուցուած, առաջին երկուն, երկրորդ երկուի հետ, այդպէս է հարիւրաւոր տարի ու դեռ կը շարունակուի, չ՛գիտեմ կը փոխուի՞ կամ ե՞րբ: Սիրելի արիւնակիցներ, ես կուսակցական չեմ եղած, եղած եմ ազգակուսակցական մը եւ մարզական միութենական մը, կը խնդրեմ հայրենի ու սփիւռքեան բոլոր կուսակցութիւններէն լեզու գտնել իրար հետ, առանց որեւէ բացթողումի. Ալ հերիք է յեղափոխական միաւոր մը մէկ այդ հարիւրաամեայ յեղափոխոխութեան մը հակայեղափոխական կոչք, նախադասութիւն մը, որ ականջ կը ծակէ:
Հայրենի ու սփիւռքեան կուսակցութիւնները ու միութիւնները կարող են փայլուն հայրենիք մը կերտել, եթէ մխրճուին բարի եւ ժրաջան աշխատանքի մէջ՝ փոխանակ ասդին ու անդին օտար պետութիւններէ խնդրելու մեր դատին նեցուկ կանգնիլ: Նախ պէտք է մենք մեզ ճանչնանք ու մենք մեզ դատենք՝ ուղղելով մեր սխալները, թերիները ու լուանք մեր երեսի մուրը, նաեւ պէտք չէ միջազգային դատերու վստահել, քանի ընդհանրապէս դատը հարուստն է, որ կը շահէ, այլ ոչ թէ իրաւատէրը:
Արդ՝ ինչպէս կ՛ըսուի, թէ ազգութիւնները չեն մեռնիր, այլ անձնասպան կ՛ըլլան, սա իրականութիւն է: Եթէ մենք մեր սխալները չ՛ուղղենք, ուշարունակուի այնպէս, ինչպէս որ էր, շուտով կրնանք փլուզումի սեմին գտնուիլ՝ կորսնցնելով մեր ազգային արժանիքները ու այն հարստութիւնները, զոր կանգուն կը պահէին այդ արժանիքները. շիտակ է, թէ մեր հայրենիքը որոշ բարգաւաճում արձանագրած է, բայց նաեւ հիւծուած է «ներքին արիւնահոսութեամբ», ու այս մթնոլորտը առաջնակարգ պատճառներէն մէկն է եղած, որ միլիոնէ աւելի մարդիկ ձգեն հայրենիքը ու հեռանան: Հայապահպանում կ՛ըսենք սփիւռքահայերու համար, հապայ ո՞ւր է հայրենի հողին վրայ ապրող հայրենակիցին հայապահպանումը, երբ երկիրը թողած արտագաղթի կը դիմէ: Սա ձուլումի արդեօ՞է չ՛առաջնորդեր:
Ուրեմն հայրենիք ու Սփիւռք եթէ փորձէն անջատաբար աշխատել, կը խորհիմ երկուքն ալ դէպի կորուստ կ՛առաջնորդուին, յիշենք Չարենցի խօսքը. «Քո ուժը քո միասնականութեան մէջ է»: Առանձին ուր որ ալ հասնիք՝ տկար էք:
Կ՛ըսուի, թէ հայութեան քանակը տասը միլիոն է, այդ կարծիք է, չ՛հաստատուած տեղեկութիւն, նոյնիսկ եթէ իրականութեան համապատասխանէ՝ մէկ ու կես միլիոնը մօտաւորապէս արդեն ձուլուած են՝ լեզունին մոռնալով եւ օտար ամուսնութիւններով, այդքան մըն ալ այդ ճամբուն վրան են, ի՞նչ մնաց՝ եօթը, որու երեքը հայրենիքի մէջ, չորսը՝ հայրենիքէ դուրս: Արդեօք ի՞նչ կ՛սպասէին երկրին պատասխանատուները ներգաղթ կազմակերպելու կրկնապատկելու համար: Երկրի բնակչութեան թիւը արդեօ՞ք հողի պակասն էր կամ դրամի, այլապէս պիտի ըլլար տարածքի մասին պէտք եղած լուսաբանութիւնը տալ, իսկ դրամը, եթէ չ՛գողցուի, անպայման որեւէ մէկ ձեւով կը յաջողի, սակայն քիչերն են
այդ մասին մտածողը. ներկայի մտածելակերպը սա է՝ ուր հաց, հոն՝ կաց: Ըսենք, թէ սփիւռքաբնակը, հակառակ իր կամքին, պարտաւորուած է եղած արտերկիր ապրելու հայրենաթափ ըլլալով, իսկ հայրենաբնակի մեծ մաս մը արդեօ՞ք դժուարութեանց դիմադրելու այդքան անզօր է: Չէ՞ որ մեր զաւակները ռազմաճակատ կը գտնուին եւ որո՞ւ համար, եւ ինչո՞ւ համար: Չ՛մոռնանք, թէ յաղթական կ՛ըլլան անոնք, որ հայրենասիրութիւնէ դրդուած կ՛արհամարհէն մահուան վախը՝ միշտ պատրաստ ըլլալով Հայրենիքի համար զոհուելու. այս քաջերն են, որ ռազմադաշտի վրայ, թէ հեռու, կը կազմեն ազգին ու ժողովուրդին փառքը:
Ուրեմն, գալով Սփիւռքին, Սփիւռքը կը հալի, ինչպէս հիշատակեցի քիչ մը վերը, միլիոնով ձուլուելու ենթակայ, փոխուած սովորութիւն, ապրելակերպ, մշակոյթ, կրօնք ու եկեղեցի եւ մանաւանդ վա~յ մեզ, փոխուած լեզու կամ լեցուած օտար բառարմատներով: Իսկ լեզուի կորուստը ազգութեան մը կորուստն է, եթէ լրիւ կորսնցնինք մեր լեզուն, զոր լեզուներու գեղեցկագոյնն է:
Մենք ներկայ համաշխարհային հիւծեցնող կաթսային մէջ որքան ժամանակ կրնանք տոկալ՝ չ՛գիտեմ, խորհելով միայն ելքը մայր հողի վրայ ապրիլն է՝ ուժգնօրէն կարչած մնալով անցեալի մեր բարքերու եւ սովորութիւններու վրայ, մերժելով մանաւանդ օտար աղտոտ բարքերու մուտքը մեր ժողովուրդի մէջ, իսկ ելքը այս օրերու պայմաններուն մէջ, երբ մեր երկիրը պատերազմական վիճակի մէջ է ու դժուար օրեր կ՛ապրի, կ՛առաջարկեմ սփիւռքեան երեք կուսակցութեանց իւրաքանչիւրը կարենայ 500 հոգիանոց կամաւորներ ուղարկել ռազմաճակատ իրենց զանազան շրջաններու եւ երկիրներու կողմանէ, ուր ներկայութիւն ունին: Ինչու չէ, նաեւ ազգին կուսակցական չեզոքներէ՝ ցոյց տալով մեր հոգեկան կապը ազգին ու հայրենիքին, մեծապէս օգտակար ըլլալով մեր երիտասարդ մարտնչողներուն՝ փոխանակ օտարութեան մէջ ձուլուած մահանալու, մայրենի հողի վրայ մահանալ: Թէեւ կ՛անդրադառնամ, թէ առաջարկս կամ փափաքս դժուար իրագործելի է, բայց անկարելի չէ, քանի որ կ՛ըսենք «Նպատակս տկարութիւն չէ ճանչնար» կամ «Կամքս լեռներն տեղէն կը շարժէ»:
Նաեւ կարելի է պիտճիական հարցով լուծումներ որոնել այս մեծածախս գործին: Օրինակ, թելեթոնի հաւաքուած գումարը, նաեւ Կարմիր Խաչի, բարեգործականի եւ այլ միութիւններու ու կազմակերպութիւններու օգնութեան գումարները եւ իրեղէնները օգտագործել այդ նպատակին: Անբաւարարութեան պարագային կիսել առաջարկուած ուղարկուելիք կամաւորներու քանակը. Այս օրինակ մըն է, կարեւորը միջոցը փնտրելն է՝ այս կամ ուրիշը:
Ուրեմն, ժամանակն է ցոյց տալու կամքի զօրութիւնը, թէ «է»ութեան ամէնասուղ բանը արիունն ու կեանքն է, բայց նաեւ կ՛արժէ ամէնասուղ արժէքով ունենալ ազատութիւնն ու Հայրենիքը:
Ով հայորդի, լսէ՛, որպէսզի հայոց աստղը դարձեալ ճառագայթէ իր լուսովն, Սարդարապատի ու Շուշիի նման յաղթանակէ, մեզ պէտք է կամք, հայու լեզուն եւ հայ դպրոցը: Ան է մեզ համար ամէնահզօր անխախտ ամրոցը:
Պէտք է ճիշտ գնահատենք մեր կարողութիւնները եւ ձերբազատուինք ստորադասութեան կամ գերադասութեան զգացումներէն:
4-7-20
Արմէն-Կարօ Հայթայեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *