ԱՐՁԱԳԱՆՔ. «ԱՆՓԱՌՈՒՆԱԿ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ» ՅՕԴՈՒԱԾԻ ԱՌԻԹՈՎ

Posted on June. 27. 2020

Ծանօթ. Խմբ. Ներքոյ ստորագրեալ ազգայինները իրենց գրութիւններով նպատակ ունեցած են արձագանքել Անթօ Սահակի «Անփառունակ կաթողիկոսն Ամենայն Հայոց» յօդուածին։ Ընթացք տալով իրենց խնդրանքին, զանց կ՛ընենք իրենց իսկական անուններու հրապարակումը։

Յարգելի Խմբագիր Հայ Կեանք Շաբաթաթերթի
Պարոն Աբօ Չափարեան
Հրատարակութեան խնդրանօք
Դիմատետրի վրայ ուշադրութեամբ կարդալէ ետք պարոն Անթօ Սահակի «Անփառունակ կաթողիկոսն Ամենայն Հայոց» յօդուածը, փափաքեցայ թերթիդ միջոցու իմ խորին շնորհակալութիւնը յայտնել հեղինակին, իր շինիչ յօդուածին առիթով, որու ընդմեջէն, ընթերցողիս ուշադրութեան կը յանձնէ Պէյրութ. 30 Յուլիս 2018-ին, Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի խիզախ յօդուածէն բաժիններ, զորս կը վերաբերի Գարեգին Բ արծաթասէր կաթողիկոսի վարքին ու կենցաղին, պահանջելով անոր գահընկեցութիւնը օր առաջ։
Արդարեւ, Սփիւռքի մէջ ապրող Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակս, մտահոգուած Մայր Աթոռէն ներս կատարուող սանձարձակութիւններուն, մենատիրական ձգտումներուն, իմ ձայնս կը միացնեմ Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ ապրող ու շնչող բազմահազար Հայ հաւատացեալներու ձայնին ու կը գոչեմ.- «Գարեգին հեռացիր, Մայր Աթոռը մոռացիր»։

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝
Պանդուխտ


Պարոն Աբօ Չափարեան
Խմբագիր Հայ Կեանք Շաբաթաթերթի
Հրատարեկելի
Պարոն Անթօ Սահակի «Անփառունակ կաթողիկոսն Ամենայն Հայոց» յօդուածը իր դիմատետրի էջին վրայ աչքէ անցնելէ ետք ու տեղեակ մնալէ ետք Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի մօտիկ անցեալին (Պէյրութ. 30 Յուլիս 2018) շահեկան յօդուածի մը կարգ մը մանրամասնութիւններուն, պարտք նկատեցի իմ երախտագիտութիւնը յայտնել պրն. Անթօ Սահակին ու Մեթր Գասպար Տէրտէրեանին, իրենց խիզախ յօդուածներու հրապարակման առիթով, ինչ կը վերաբերի Գարեգին Բ եսակեդրոն կաթողիկոսի ապակառուցողական քաղաքականութեան, որոնց որպէս արդիւնք կը պահանջուի իր գահընկեցութիւնն ու նոր գահակալի մը անյապաղ ընտրութիւնը, Ս. Լուսաւորչի Գահին։

Անկեղծ զգացումներով՝
Սփիւռքահայ


Հայ Կեանք Շաբաթաթերթի Գործադիր Տնօրէն
Տիար Աբօ Չափարեան
Կը խնդրուի հրատարակել

Նոր գահակալի մը անյապաղ ընտրութիւնը, Սգ Լուսաւորչի Գահին այժմէական է, ահա թէ ինչու կ՛ողջունեմ պրն. Անթօ Սահակի «Անփառունակ կաթողիկոսն Ամենայն Հայոց» յօդուածը, որ ապտակ մըն է առաջին հերթին Մայր Աթոռը զաւթող Գարեգին Կտրիչին ու ապա` անոր ջաղացքին ջուր լեցնող հոգեւորականներուն ու աշխարհականներուն, որոնք «չեն կրնար զատորոշել գահակալին անձը Ս. Աթոռէն»։
Շնորհակալութիւնս իրեն, որ այս առիթով ընթերցողներուս իրազեկ դարձուց Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի այժմէական յօդուածէն որոշ հատուածներու։
«Նոր Հայաստան Նոր Հայրապետ» Շարժման պայքարը արդար է։

Վարձքդ կատար՝ պրն. Անթօ Սահակ։

Յարգանքներով՝
«Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» Շարժման Անդամ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *