Posted on August. 14. 2020
Շաբաթ յեմտիջօրէին, «Հաշուետուութեան ցոյց» նշանաբանով բողոքի ցոյց մը կատարուեցաւ կեդրոնական Պէյրութի մէջ: Բազմամարդ ցոյցին ընթացքին երկրին իշխանութիւններուն դէմ լուտանքներ ու վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ հնչեցին: Նահատակաց հրապարակին վրայ պատրաստուած էին խորհրդանշական կախաղաններ՝ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին պատասխանատուներուն համար: Հարիւրաւոր երիտասարդներ խորհրդարանին մուտքին բախումներ ունեցան ապահովութեան ուժերուն հետ: Կեդրոնական Պէյրութի կարգ մը շէնքերուն մէջ ցուցարարներ բռնկեցուցին հրդեհներ եւ քանդեցին վաճառատուներ:
Մինչ Պէյրութի մէջ այս բուռն բախումները տեղի կ՛ունենային, խումբ մը ցուցարարներ մուտք գործեցին արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ յայտնեցին, որ նախարարութիւնը իրենց հակակշիռին տակ կը գտնուի եւ պիտի վերածուի «յեղափոխութեան կեդրոն»ի:
Ցուցարարները գրաւեցին նաեւ այլ նախարարութիւններ եւ Դրամատուներու միութեան կեդրոնը:
Լիբանանեան Կարմիր խաչը յայտնեց, թէ ցոյցին ընթացքին արձանագրուած են 238 վիրաւորներ, որոնցմէ 70ը փոխադրուած են տարբեր հիւանդանոցներ:
Երկուշաբթի օր, վարչապետ Հասսան Տիապի գլխաւորութեամբ, կառավարութիւնը գումարեց նիստ մը, որուն աւարտին տուաւ իր հրաժարականը։
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերուն թիւը հասաւ 220ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 6000ի. կան 110 անյայտ կորսուածներ:
Լիբանանի մէջ սուրիական դեսպանատունը հաստատեց, որ պայթումին պատճառով զոհուած են առնուազն 43 սուրիացիներ: