Posted on August. 14. 2020
Օգոստոս 4, 2020ին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ պատահած աւերիչ պայթումին հետեւանքով Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան ԱՄՆ Շրջանը (ՀՕՄ) հանգանակեց $75,000,- իր մասնաճիւղերուն, անդամներուն եւ նուիրատուներուն միջոցաւ արձանգանգելով ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան՝ Շտապ Օգնութիւն Լիբանանի համար կոչին: ՀՕՄի Շրջանային Վարչութիւնը ձեռնարկած է դրամահաւաքի արշաւ մը, աղէտին փրկարարական ջանքերուն համար յաւելեալ նուիրատուութիւններ հաւաքելու համար:
Հզօր տարողութեամբ պայթումին յառաջացուցած աղէտի հետեւանքով զոհ գացին անմեղ քաղաքացիներ, վիրաւորուեցան հազարաւոր անձեր, կառոյցները ենթարկուեցան հսկայական վնասներու, կան նիւթական կորուստներ եւ հազարաւոր մարդիկ մնացին անտուն: Աղէտէն անմասն չմնաց հայ համայնքը: Կան մարդկային եւ նիւթական կորուստներ։
ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութիւնը սրտագին կոչով դիմած է իր անդամներուն եւ մեր համայնքին ու հայրենակիցներուն, ձեռք մեկնելու Լիբանանին, որ հայրենի երկիր ծառայած է Սփիւռքի մէջ ապաստան գտած հայերուն համար: Այժմ, աւելի քան երբէք, հաւաքաբար մեր պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է առաւելագոյն բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել՝ մարդասիրական օգնութիւնը շարունակել, ինչպէս նաեւ օգնել մեղմելու լիբանանահայ մեր հայրենակիցներուն մարտահրաւէրները:
Նուիրատուութիւնները կը շարունակուին առցանց՝ այցելել http://arswestusa.org/donate նշելով Լիբանանի աղէտներու օժանդակութիւնը, իսկ վճարման գիր կարելի է ուղարկել ՀՕՄ-ի Շրջանային Կեդրոնատեղին՝ հասցէ 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202.
Հեռաձայն՝ (818) 500-1343
Կը խնդրենք գործնապէս սատարելու ուղղութեամբ ըստ կարելւոյն սրտաբուխ մասնակցիլ այս դրամահաւաքին, օգնել ողբերգական պայթումի հետեւանքով տուժածներուն եւ օգտակար դառնալ ստեղծուած իրավիճակի հետեւանքներու յաղթահարման գործին:
Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութիւն
ՀՕՄի Շրջանային Վարչութիւնը օրեր առաջ սրտագին կոչով մը դիմած էր իր անդամներուն եւ մեր համայնքին՝ օգնութեան ձեռք երկարելու Լիբանանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն:
ՀՕՄի Շրջանային Վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը կը յայտնէ ՀՕՄի մասնաճիւղերուն, անդամուհիներուն եւ նուիրատուներուն, ովքեր սրտագին եւ լիաբուռն մասնակից դարձան մեր կոչին ու այս արագ նախաձեռնութեան համար կարողացանք հանգանակել յաւելեալ նուիրատուութիւններ ու գումարը բարձրացաւ $75,000.-ի, որ անյապաղ կը փոխանցուի մեր սիրելի ԼՕԽին:
Նուիրատուութիւնները կը շարունակուին առցանց՝ այցելել http://arswestusa.org/donate նշելով Լիբանանի աղէտներու օժանդակութիւնը, իսկ վճարման գիր կարելի է ուղարկել ՀՕՄ-ի Շրջանային Կեդրոնատեղին՝ հասցէ 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202.
Հեռաձայն՝ (818) 500-1343
Հայ Օգնութեան Միութեան
Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութիւն