Posted on August. 14. 2020
ԳՐԵՑ՝ ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՈՒՍՈՒՖԵԱՆ
Մետաղէ թեւերով ամպերուն վրայ խաղաղութիւնը կը փնտռեմ:
Այս համատարած սպիտակէն վար ես ձգած եմ երկիրս արիւնոտ, ուր հրէշներ իրենց պողպատէ գամերը կը գամեն՝
Քաղաքակրթութեան ուղեղին վրայ.
ուր անօթի եղբայրներ ձգած եմ՝ գետնափոր սենեակներու մթութեան մէջ, որոնք մարդկային ատելութեան ցուցահանդէսը դիտելէ ետք, իրենց ձանձրոյթը կ՚որոճան ամէն գիշեր, յոյսին անդամալոյծ մարմինը շոյելով:
ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՈՒՍՈՒՖԵԱՆ