Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմերը Կազմակերպ Են Ու Կենսունակ` Հակառակ Ներկայ Դժուար Պայմաններուն»

Posted on September. 26. 2020

Այս հաստատումը կատարեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն հետ ունեցած իր առցանց խորհրդակցութիւններէն ետք: Արդարեւ, վեհափառ հայրա-պետը իւրաքանչիւր թեմի հետ առանձնաբար աւելի քան ժամ մը առցանց խորհրդակցութիւն ունեցաւթեմակալ առաջ-նորդին ու Ազգային վարչու-թեան ատենապետին հետ միատեղ: Խորհրդակցութեան ընթացքին նախ թեմի պատասխանատուները զեկուցեցին կատարուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, ապա վեհափառ հայրապետին ներկայացուցին թեմին դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները: Այս ծիրին մէջ յատուկ տեղ գրաւեց լիբանանահայութեան օժանդակութեան հարցը, «Քորոնա» ժահրի ստեղծած կացութիւնը եւ այդ գծով կատարուած աշխատանքներն ու կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւնը: Վեհափառ հայրապետը լսելէ ետք թեմերուն զեկուցումներն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները, իր հայրական գնահատանքը յայտնեց թեմերու կազմակերպ ու կենսունակ կեանքին, ինչպէս նաեւ դէպի ժողովուրդ ուղղուած անոնց ծառայութիւններուն նկատմամբ ու բնականաբար անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեց: «Բնականաբար թեմերը կ՛ապրին տարբեր պայմաններու մէջ, ներքին տարբեր դրուածքներ ունին, որոշ չափով տեղական տարբեր մտահոգութիւններ, սակայն նաեւ ունին հասարակաց եւ ընդհանրական բնոյթ ունեցող մարտահրաւէրներ ու առաջնահերթութիւններ: Անհրաժեշտ է նկատի ունենալ տեղական պայմաններուն առնչուած տարբերութիւնները եւ շեշտել ընդհանրական ու համահայկական բնոյթ ունեցող խնդիրները, երեւոյթներն ու ծրագիրները», ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Արամ Ա. կաթողիկոս անգամ մը եւս շեշտեց «սփիւռքին կազմակերպչական հզօրութիւն տալու, անոր մարդկային ներուժը համադրելու, համահայկական ծրագիրներու եւ ազգային պա-անջատիրութեան գծով կատարուող աշխատանքները ներդաշնակելու եւ Հայաստանի ու Արցախի պետութեանց առաւել հզօրացման նպաստելու իր հաւաքական յանձնառութիւնը ամ-րացնելու անյետաձգելի հրամա-յականը»: Վեհափառ հայրապետը խորապէս կը հաւատայ, թէ «ան-հրաժեշտ է գաղութները իրենց ներամփոփ ու ինքնակեդրոն վիճակ-ներէն դուրս բերել եւ համախմբել համահայկական շրջագիծին մէջ ի խնդիր համազգային առաջնահե-րթութիւններու իրագործման: Այս յոյժ կարեւոր աշխատանքը կ՛ենթադրէ սփիւռքի վերակազմակերպումը, եւ այս գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթո-ղիկոսութեան, երեք կուսակցու-թիւններուն եւ քոյր կազմակեր-պութիւններուն դերին ներդաշնակումը աւելի քան երբեք կը մնայ վճռական», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *