Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան` Աշխարհի Բաժակի Անհատական Ախոյեանութեան Փոխախոյեան

Posted on December. 17. 2020

Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ըմբշամարտի բաժակի ախոյեանութեան անհատական մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցած 72 քկ դասակարգի աւարտականի մրցումին յաղթականը հռչակուեցաւ Հունգարիոյ ներկայացուցիչ Պալինթ Քորպասի, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Մալխաս Ամոյեանի հետ:
Նկատի ունենալով, որ հունգարացին վերջինն էր, որ յաղթանակ արձանագրած էր, տիրացաւ ոսկի մետալին, իսկ Ամոյեան հանդիսացաւ փոխախոյեան:
Նշենք, որ Հայաստանի համար առաջին մետալը ապահոված էր Սլաւիկ Գաբրիէլեան, որ յաջողած էր տիրանալ պրոնզէ մետալին, 67 քկ դասակարգին մէջ:
63 քկ դասակարգին մէջ, թէեւ Գէորգ Ղարիբեան յաղթեց իր թուրք մրցակիցին` Ապտուլռահման Ալթա-նին, սակայն քառորդ աւարտա-կանին իր կատարած մրցումին պարտութիւն մը կրեց:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *