Ըմբշամարտ. Վազգէն Թեւանեան` Աշխարհի Բաժակի Անհատական Ախոյեանութեան Ոսկիէ Մետալակիր

Posted on December. 25. 2020

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Վազգէն Թեւանեան հանդիսացաւ աշխարհի բաժակի անհատական ախոյեանութեան ոսկիէ մետալակիր:
Արդարեւ, Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ կատարուած այս ախոյեանութեան 65 քկ դասակարգին մէջ, հայրենի ըմբիշը, որ աւարտականին մրցեցաւ հունգարացի Իսմայիլ Մուսզուքայեւի դէմ, արձանագրեց 9-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Այսպիսով, Թեւանեան հանդիսացաւ Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներէն միակը, որ հանդիսացաւ աշխարհի բաժակի անհատական ախոյեանութեան ախոյեան:
Անկէ առաջ, Հայաստանի համար փոխախոյեանի տիտղոսը ապահոված էր Արսէն Յարութիւնեան, 57 քկ դասակարգին մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *