Posted on January. 8. 2021
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նոր նշանակուած փոխնախարար Կարէն Գիլոյեանի առաջին քայլը պիտի ըլլայ Արցախի մէջ վերանորոգուած մարզադպրոցի բացման մասնակցիլը:
Ան ըսաւ, որ երբեք քաղաքականութեամբ չէ զբաղած եւ որեւէ կուսակցութեան անդամ չէ եղած:
«Ամբողջ կեանքս մարզաշխարհին մէջ եղած է: Ուժերուս ներած չափով ամէն ինչ պիտի ընեմ, որ առաւելագոյն ձեւով օգտակար դառնամ հայկական մարզաշխարհի յառաջդիմութեան եւ վերելքին», ըսաւ ան:
Նշուեցաւ, որ ան կը պատրաստուի Ամանորը դիմաւորել Արցախի մէջ:
Մարտունիի մէջ ան պիտի մասնակցի վերակառուցուած մարզադպրոցի բացման հանդիսութեան: Վերջինս քանդուած էր պատերազմի ընթացքին: