Posted on January. 30. 2021
Արհեստավարժ կռփամարտիկ Արամ Աւագեան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին իր կատարած 12-րդ մենամարտը աւարտեց հաւասարութեամբ:
Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու Քոննեքթիքութ նահանգին մէջ իր կատարած ութ ռաունտնոց մենամարտին ընթացքին ան հաւասարութիւն մը արձանագրեց փանամացի իր մրցակիցին` Խոսէ Նունիեսի հետ:
Այս մենամարտէն ետք, հայ կռփամարտիկը դժգոհ մնալով իրաւարարներուն տուած որոշումէն, ըսաւ. «Ամէն ինչ կատարեցի յաղթանակ արձանագրելու համար: Թէեւ քանի մը հարուած ստացայ, սակայն զանոնք կասեցուցի: Շատ լաւ մենամարտ մը կատարեցի եւ արժանի էի յաղթանակի»:
Նշենք, որ ան ցարդ իր կատարած մենամարտերուն ընթացքին արձանագրած էր 10 յաղթանակ եւ հաւասարութիւն մը: