Մխիթարեան Երկմտանքի Մէջ Է Ա. Էս. Ռոմայի Հետ Նոր Պայմանագրութիւն Ստորագրելու Գծով

Posted on March. 11. 2021

Հայաստանի ֆութպոլի ազ-գային հաւաքականի խմբա-պետ Հենրիխ Մխիթարեանի ապագանիտալական Ա. Էս. Ռոմայի հետ, կը շարունակէ մնալ հարցականի տակ: Ըստ իտալական մամուլին, թէեւ հռոմէական ակումբը կը փափաքի նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրել 32 տարեկան միջնապահին հետ, սակայն Մխիթարեան եւ անոր փոխանցման գործողութիւններով զբաղող Մինօ Ռայոլա կը մնան երկմտանքի մէջ: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, կը կարծուի, թէ այս գծով Մխիթարեան վերջնական որոշում մը տայ այս տարեշրջանի աւարտին: Մխիթարեանի գործող պայմանագրութիւնը Ա. Էս. Ռոմայի հետ, նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանի աւարտը:
Ըստ շրջան ընող ոչ պաշտօնական լուրերուն, Իտալիոյ գործող ախոյեան Եուվենթուս կը փափաքի իր կազմին միացնել Մխիթարեանը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *