ԲԱՑԱՌԻԿ ԼՈՒՐ. ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔի լրագրողական թիմը՝ Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Մէջ

Posted on August. 19. 2021

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼՈՍ, ԱՄՆ (20 Օգոստոս, 2021) – Անցեալ շաբաթ աննախադէպ կերպով ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔի լրագրողական թիմին յաջողուեցաւ հասնիլ Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաքէ Ստեփանակերտ:

Ամերիկեան լրագրողական պատուիրակութիւնը բաղկացած էր USA Armenian Life Շաբաթաթերթի եւ armenianlife.com- ի գլխաւոր խմբագիր՝ եւ USA Armenian Life հեռուստահաղորդավար Աբօ Չափարեանէ, Ամերիկեան Բանակի Գեներալ -մայոր (թոշակի անցած)/լրագրող Մարք ՄաքՔարլիէ, ԱՄՆ Ամերիկեան Բանակի Գնդապետ (թոշակի անցած), Ուելսլիի համալսարանի արտաքին եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան պրոֆեսոր եւ լրագրող Ռապըրթ Քեսիտիէ եւ հոլիվուտեան նկարահանող եւ ֆոտոլրագրող Ահարոն ՄաքՔարլիէն:

Արցախի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հրամանատար/Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւ Նախագահական Գլխաւոր Խորհրդական/Յատուկ Յանձնարարութիւններով Դեսպան Գեներալ Ռուդի Հյուսնունց ընդունեցին պարոն Աբօ Չափարեանին, Գեներալ ՄաքՔարլիին եւ Գնդապետ Քեսիտիին: Հանդիպումը ե՛ւ ուսուցողական էր ե՛ւ խորաթափանց ե՛ւ ոգեշնչող:

Ամերիկացի լրագրողները՝ Չափարեան, Գեներալ ՄաքՔարլին եւ Գնդապետ Քեսիտին քննարկեցին Նախագահ Յարութիւնեանի հետ Արցախի Հանրապետ-ութեան ամենօրեայ կեանքի վրայ ազդող ամենահրատապ խնդիրները:
Խնդիրներուն գլխաւորը Արցախի Հանրապետութեան պետական անվտանգութիւնն էր: Նախ. Յարութիւնեան չի վարանեցաւ ահազանգելու հայկական հանրապետութեան գոյութեան սպառնալիքներու վերաբերեալ:

2020 թուականի Աշնան՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ի վեր, ասիկա լրագրողներու առաջին ամերիկեան թիմն էր, որ կրցաւ այցելել բռնութեան ենթարկուած եւ շրջափակուած հայկական ինքնավար հանրապետութիւն, որ կը պայքարի իր անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը հաստատելու համար:
Անցեալ Փետրուարէն ասդին առնուազն տասը օտարերկրեայ լրագրողներուն մերժած են մուտքը այսպէս կոչուած Լաչինի միջանցքով Հայաստանէն՝ Արցախ վերահսկող ռուս խաղաղապահ զօրքերը: Միջանցքը կը գտնուի Ատրպէյճանի կողմէն բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան Բերդձորի շրջանին մէջ:
Ֆրանսական M6 հեռուստաալիքի Enquete Exclusive ընթացիկ հաղորդումներու լրագրող Վինսենթ Պրատոյի մուտքի արտօնութիւն տրամադրած օտարերկրեայ լրագրողներէն մէկը ռուսներու կողմէ՝ առանց որեւէ բացատրութեան, մի քանի անգամ մերժուած է տարածք այցելելու դիմումը:

Նմանատիպ մերժումներ ստացած են The Guardian-ի եւ CNN- ի գանատացի ազատ լրագրող Նիլ Հաուըր եւ բրիտանացի լրագրող Մարք Սթրաթոն, որ իր հիասթափութիւնը նկարագրած է BBC-ին տուած հարցազրոյցի մէջ: Լուսանկարիչ Քիրան Ռիտլի Արցախ այցելելու թոյլտւութիւն ստացած է, սակայն Ապրիլի 4-ին ետ մղուած է ռուսական անցակէտէն:

Մինչեւ Արցախի Հանրապետութիւն մեկնիլը, Հայաստան ժամանման առաջին օրը, Գեներալ ՄաքՔարլին, Գնդապետ Քեսիտի, պարոն Ա. ՄըքՔարլին եւ պարոն Չափարեան ուխտագնացութիւն կատարեցին 1915-1923-ին Թուրքերու կողմէն գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան եւ Յուշահամալիրը ի Ծիծեռնակաբերդ:

USA Armenian Life-ի լրագրողական թիմը շարք մը հանդիպումներ եւ հարցազրոյցներ իրականացուցած է Հայաստանի շարք մը քաղաքական եւ ռազմական պաշտօնատարներու հետ, որոնք խնդրած են անյայտ մնալ: Զրուցակիցներու մէկ մասը պատասխանած է Ազգային Անվտանգութեանն առնչւող շարք մը հարցումներու, զորոնք ներկայացուցած են USA Armenian Life-ի լրագրողները: (Շուտով՝ Մանրամասնութիւններ:)

Նոյն օրը Ամերիկեան լրագրողական պատուիրակութիւնը նաեւ յարգանքի տուրք մատուցեց զոհուած հայ զինւորներու յիշատակին՝ ի Եռաբլուր հայկական զինւորական գերեզմանոց:

Ապա՝ պատուիրակութիւնը այցելեց Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութեան եւ անվտանգութեան համար գերագոյն զոհաբերութիւն կատարած զինւորներու ընտանիքներու: Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Ազգային Հերոս 19-ամեայ նահատակ կրտսեր ենթասպայ Ռոբերտ Աբաչեանի ընտանիքի հետ, որ ինքնասպանութեան գործողութիւն կատարած է 2016-ի քառօրեայ պատերազմի ընթացքին, ոչնչացնելով ատրպէյճանական տասը զինծառայողներու:

Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Արցախի Ազատագրական Առաջին (1988-1994), Բ՝ 4-օրեայ (2016) եւ 2020-ի աշնան՝ 44-օրեայ երեք պատերազմներու մէջ ծառայած մէկ այլ զոհուած զինծառայող Սամվել Աթոյեանի ընտանիքին:

Երեքշաբթի Օգոստոսի 10-ին ամերիկացի լրագրողները հանդիպեցան Արցախի Առաջին Ազատագրական Պատերազմի յաղթական պաշտպանութեան բանակի հիմնադիր գլխաւոր հրամանատար Գեներալ Սամվել Բաբայեանի հետ: Բաբայեան ազգային հերոս է Արցախի Առաջին պատերազմի (1988-1994) որու հրամանատարութեամբ ձեռք բերուած են ռազմական կարեւոր յաղթանակներ:

Հայաստան ժամանելուն պէս ԱՄՆ Հայ Կեանքի լրագրողական պատուիրակութեան անդամներուն դիմաւորեցին երկու հանրապետութիւններու շարք մը ակտիւ քաղաքացիներ, ներառեալ՝ պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար/ներկայիս՝ Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Գեներալ Գագիկ Մելքոնեան, Ազգային Ժողովի երկու վարչաշրջան ծառայած պատգամաւոր օրէնսգէտ Եղիա Շամշեան, Փիլոսեան, Սահակեան, Գույումճեան, Ավետիսեան եւ Մուղդուսեան ընտանիքներու անդամներ եւ գործընկեր լրագրողներ եւ ակտիվիստներ:

Հայաստան ժամանումին յաջորդող օրը պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործերու Նախարարութեան Մամուլի եւ Հանրային Դիւանագիտութեան Տնօրէն պարոն Սերոբ Բեջանեան եւ ԱԳՆ Հայաստանի գործընկեր Արման Մելքումեան:


Ազգային անվտանգութեան հետ առնչուող հարցումներ ներկայացուեցան
Արցախի եւ Հայաստանի պաշտօնատարներուն, հասարակական գործիչներուն


2020 թուականի Աշնան 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր, դէպի Հայաստան եւ Արցախ իր առաջին լրագրողական առաքելութեան ընթացքին, USA Armenian Life եւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ շաբաթաթերթերը Հայաստանի քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարներուն ներկայացուցած են շարք մը ռազմավարական հարցումներ, որոնք կը վերաբերին հայկական երկու հանրապետութիւններու անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ պետական անվտանգութեան:

Այս հարցումներուն ճշմարիտ պատասխան ապահովելը մաս կը կազմէ USA Armenian Life եւ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ-ի խմբագրական կազմինպարտաւորութեան մտահոգ ամերիկահայ ընթերցողներուն եւ հեռուստադիտողներուն հանդեպ: Հայաստանի տարբեր պաշտoնատարներու եւ հասարակական գործիչներու պատասխանները կը հրապարակուին ստացման կարգով: Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքնով բազմաթիւ հարցումներ յայտնուեցան հայ հանրութեան գիտակցութեան եւ ուշադրութեան կիզակէտին մէջ ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Արցախի ե՛ւ հայկական սփիւռքի մէջ եւ յատկապէս Ամերիկայի հայկական Սփիւռքի մէջ:

Այս հարցերու հնարաւորինս մեծ թիւով փորձագիտական պատասխաններ փնտրելու համար USA Armenian Life դիմեց ռազմական լայն փորձ ունեցող մասնագէտ-լրագրողներ՝ Ամերիկեան Բանակի Գեներալ-մայոր (թոշակակի անցած) Մարք ՄաքՔարլիի եւ Ամերիկեան Բանակի Գնդապետ (թոշակակի անցած) Ռոպըրթ Քեսիտիի՝ օգնութեան:

Հազարաւոր մտահոգ ընթերցողներու եւ հեռուստադիտողներու անունէն՝ USA Armenian Life-ի խմբագրակազմը իր երախտագիտութեան խօսքը կը ներկայացնէ Գեներալ ՄաքՔարլիին եւ Գնդապետ Քեսիտիին` վերջիններուս համաձայնութեան համար՝ ճամբորդելու Հայաստան եւ Արցախ, որպէսզի օգնեն ամերիկահայերուն 44-օրեայ պատերազմի վերաբերեալ ճշմարիտ գնահատական տալու համար եւ ինչպէս նաեւ տեղեկագրութիւն պատրաստելու պատերազմի հետեւանքներու, ինչպէս նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդի իրավիճակի մասին:

Ստորեւ՝ հիմնական հարցումները.

1- Մեր տեսանկիւնէն, Ամերիկահայութիւնը եւ ընդհանրապէս ամբողջ Սփիւռքը խորապէս մտահոգուած են Հայաստանի եւ Արցախի պետական անվտանգութեան դէմ համառօրէն շարունակուող սպառնալիքով: Արդէօ՞ք ամերիկահայերու եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայերու մտահոգութիւնը անհիմն է:

2- Ձեր տեսանկիւնէն ի՞նչպիսի քայլեր նախաձեռնուած են ուժեղացնելու Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը 44-օրեայ պատերազմէն ետք:

3- Ձեր կարծիքով ի՞նչպիսի յաւելեալ քայլեր հարկաւոր է նախաձեռնել կամ դուք պիտի ուզէիք առնել աջակցելու Հայաստանին որ ան կարենայ պահպանել իր ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը:

4- Մեր տեսանկիւնէն, որպէս հրապարագիր եւ հրատարակիչը հայալեզու ԱՄՆ Հայ Կեանք եւ անգլիալեզու USA Armenian Life շաբաթաթերթերու, մենք խորապէս կը հաւատանք որ Հայկական Սփիւռքը մեծապէս նախանձախնդիր եւ վճռական՝ պաշտպանելու գերիշխան հայրենիքը ի Հայաստան եւ Արցախ: Ձեր համոզմունքով բացի դրամ տալէն Սփիւռքը ուրիշ ի՞նչ պէտք է ընէ: Ի՞նչպիսի քայլերու պէտք է դիմէ:

5- Որպէս Հայկական ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան անդամ արդէ՞օք դուք կը նախատեսէք կարոյցային վերակազմակերպում 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքներու լոյսին տակ:

6- Արդէօ՞ք դուք կողմնակից էք որ Ամերիկահայ Սփիւռքը կազմաւորէ մարդասիրական ջոկատ որ տեւապէս պատրաստ ըլլայ մեկնելու հայրենիք Հայաստանի դէմ ծառացող նոր սպառնալիքի եւ արտակարգ վտանքներու ժամանակ:

7- Արդէօ՞ք Հայաստան քննարկած է ներկայ անվտանգային համագործակ-ցութեան գործունէութիւնը եւ ռազմական մարզումները ընդլայնելու կամ առաւել ծաւալելու Միացեալ Նահանգներու բանակի հետ ինչպիսին է ներկայ ռազմական համատեղ մարզումները ԱՄՆ Քանզաս Նահանգային բանակի հետ:


ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔի լրագրողական թիմը՝ Արցախի եւ Հայաստանի Մէջ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *