Posted on June. 14. 2022
Գրեց՝ Եզնիկ Բալիկ
Յովազ մը ճկուն,նման կայծակի,
Բերելով այծեամ մ՚անակնկալի,
Վիզէն խածնելով տապալեց գետին,
Ապրելէ զրկեց կոտոշաւորին,
Ապա զայն տարաւ աղբիւրի մը մօտ,
Ոսկորներն բաժնեց միսէն արիւնոտ,
Ու մերթ սրբելով քրտինը վազող,
Սկսաւ լափել մեծ ախորժակով։
Քիչ ժամանակ ետք ,աղուէս մը սոված,
Եկաւ կանգ առաւ լափողին դիմաց։
Յովազին փորը դարձեր էր կլոր,
Չէր կրնար ուտել պաշարը բոլոր,
Իր եսին տալով հովեր մեծ եղբօր,
Ընտրեց խոշորկեկ միս մ՚արիւնածոր,
Առաւ երկու քայլ ու ակնածանքով՝
Դրաւ առջեւը հիւրին անծանօթ ։
Աղուէսի աչքերն փայլիլ սկսան,
Ու՞ր է տեսնուեր այպիսի մի բան,
Վերցուց հապճեպով պատառը անգին,
Ու ծառայելով իր ստամոքսին,
Մսալից բերնէն տեղի-անտեղի,
Սկսաւ թափել խօսքեր չտեսի,_
—Համեղաճաշակ միս անմահական ,
Եզակի սնունդ թարմ ու քաղցրահամ,
Արքայավայել ճաշ կենսապարգեւ,
Ախորժագրգիռ կոկորդի արեւ ,
Թոյլ ակռաներու պատառ հեշտընկալ…
Բարի յովազը չդիմացաւ ալ,
Չկերուած միսը իսկոյն ետ առաւ,
Ու վրդովմունքով հարցում մը ըրաւ,_.
—Բա՛ւ է անպատկառ, մոռցած երախտիք ,
Գովեստաբանես միայն ուտելիք։
Ես ալ գիտեմ թէ միսն այս պատուական,
Քաղցրաճաշակ է եւ ախորժահամ,
Սակայն չե ՞ս կարծեր ,որ գէթ մէ ՜կ անգամ,
Որպէս կիրթ արարք շնորհընկալման,
Խօսքերուդ մէջը խինդով տոգորուն,
Պէտք էր յիշէիր ՝ նա՜եւ մսատուն։
—. —. —. —. —
ԵՐԲ ԱԶՆՈՒԱԲԱՐ ՍՏԱՆԱՍ ԲԱՐԻՔ,
ՀԱՐԿ Է ՈՐ ՅԱՅՏՆԵՍ ՊԱՏՇԱՃ ԵՐԱԽՏԻՔ։
ԵԶՆԻԿ ԲԱԼԻԿ