Posted on June. 23. 2022
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հիմնադրութեան 30-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն ծիրին մէջ Աբովեան քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքային ֆութպոլի մարզադաշտի վերաբացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Անոր ներկայ գտնուեցան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերին եւ այլ
պաշտօնական հրաւիրեալներ:
Հիմնովին վերանորոգուած այս մարզադաշտը այսուհետեւ կրնայ հիւրընկա-լել 3100 հանդիսատես, ինչպէս նաեւտեղական եւ միջազգային ֆութպոլի մըրցումներ: Իր խօսքին մէջ Մելիքբէկեան ըսաւ, որ շատ հաւանաբար յառաջիկայ ամիս
յուլիսին, կը բացուի նաեւ Վանաձորի քաղաքային մարզադաշտը: