Posted on September. 29. 2022
Շաբաթ, 24 սեպտեմբերին, «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի, Բ. դասակարգի Ա. խմբակի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ուքրանիան, անկէ կրեց 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը:
Նշենք, որ այս պարտութիւնը Հայաստանի համար յաջորդական չորրորդ պարտութիւնն էր:
Ուքրանիա իր հինգ անպատասխան կոլերը նշանակեց 22-րդ, 57-րդ, 69-րդ, 81-րդ եւ 84-րդ վայրկեաններուն:
Երթի մրցումին եւս Ուքրանիա արձանագրած էր յաղթանակ մը, 3-0 արդիւն-քով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Ուքրանիա, որ ունեցաւ 10 կէտ, այժմ երկու կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սկովտիայէն:
Իսկ Հայաստան միայն երեք կէտով կը գրաւէ չորրորդ եւ վերջին դիրքը, մինչ Իրլանտա չորս կէտովերրորդ դիրքը: Հայաստան ցարդ նշանակած է երկու կոլ եւ իր բերդին մէջ ստացած 14 կոլ: Խմբակին առաջին դիրքը գրաւողը կը բարձրանայ Ա. դասակարգ, մինչ վերջին հանդիսացողը կը փոխադրուի Գ. դասակարգ: Նշենք, որ Ուքրանիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումէն ետք, երկու կազմերու մարզիչներուն տուած մամլոյ ասուլիսին, հայրենի լրագրողները պահանջեցին գլխաւոր մարզիչ, սպանացի Խուաքին Քափարոսի հրաժարականը
պոյքոթի ենթարկելով այդ մամլոյ ասուլիսը:
Քափարոս ըսաւ, որ ինք մինչեւ 20 նոյեմբեր պայմանագրութիւն մը ստորա-գրած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ եւ կրնայ անմիջապէս լքել իր կատարելիք ասուլիսը, եթէ իրեն հարցումներ չունին ուղղելիք:
Հայրենի կազմը, որ երէկ մեկնեցաւ Տապլին, վաղըերեքշաբթի, 27 սեպտեմբերին կը կատարէ իր վերջին մրցումը, դաշտին տիրոջ
Իրլանտայի դէմ: Ձախողութեան մը պարագային, Հայաստան պիտի փոխադրուի Գ. դասակարգ: