Երեւանի Մէջ Կատարուեցաւ Ալպերթ Ազարեանի Կիսանդրիի Բացումը

Posted on December. 11. 2022

Երեւանի Ալպերթ Ազարեանի անուան մարմնամարզութեան ողիմպիական հերթափոխի մանկապատանեկան մարզադպրոցին մէջ տեղադրուեցաւ ողիմպիական խաղերու եռեակի, աշխարհի, ասիական խաղերու, Եւրոպայի ախոյեան Ալպերթ Ազարեանի կիսանդրիին բացումը: Կիսանդրիին հեղինակը քանդակագործ, Նկարիչներու միութեան անդամ Գերասիմ Շահվերտեանն է:
Ալպերթ Ազարեան 1952-ին դարձաւ Խորհրդային Միութեան ախոյեան: 1955-ին ան մասնակցեցաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան մցումներուն եւ նուաճեց երկու մետալօղակներ եւ զուգափայտ: 1956-ին, Մելպուռնի ողիմպիական խաղերուն, Աւստրալիա, օղակներու վրայ մրցումներուն դարձաւ ողիմպիական ախոյեան: Այդ օրերէն «Ազարեանական խաչ» իւրայատուկ ոճը դարձաւ անոր անուան հոմանիշը: 1958-ին Մոսկուայի մէջ կայացող աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն նուաճեց աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը օղակներու վրայ: 1960-ին, Իտալիոյ մէջ դարձաւ ողիմպիական խաղերու ախոյեան, 1963-ին մասնակցելով Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն նուաճեց երկու ոսկիէ մետալ եւ նուաճեց բացարձակ ախոյեանի տիտղոսը:
«Օղակներու թագաւոր» Ալպերթ Ազարեան աշխարհի 49 երկիրներու մէջ մասնակցած մրցումներուն ընթացքին նուաճած է 45 ոսկի, 42 արծաթ եւ 10 պրոնզ մետալ: 11 անգամ շահած է Խորհրդային Միութեան ախոյեանութեան տիտղոսը, մեծամասնութիւնը` օղակներու վրայ:
Ալպերթ Ազարեան 2000 թուականին արժանաւորապէս ճանչցուեցաւ 20-րդ դարու Հայաստանի լաւագոյն մարզիկը: Ալպերթ Ազարեան մինչեւ օրս կը մնայ Հայաստանի Հանրապետութեան մարմնամարզութեան Ֆետերասիոնի պատուաւոր նախագահը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *