Անընդունելի Է Լեռնային Ղարաբաղի Հայաթափման Լուռ Վկայ Դառնալ․ ՀՀ Վարչապետ

Posted on January. 13. 2023

Լաչինի միջանցքի շուրջ 18 օր փակ ըլլալու հետեւանքով Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակը օրօրի կը սրի, կառավարութեան նիստին ժամանակ ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Լեռնային Ղարաբաղի հարիւրաւոր ընտանիքներ կը շարունակեն մնալ կիսուածյայտնուած ըլլալով շրջափակման մէջ տարբեր կողմերու մէջ, նշեց վարչապետը շարունակելով, որ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու պակասը կը դառնայ աւելի ու աւելի զգալի, խանութներուն ցուցափեղկերը դատարկուած են, հանրային տեղերուն մէջ սնունդի մատակարարման սահմանափակումներ կը մտցուին, հանրութիւնը կը գտնուի ընկերա-հոգեբանական լարուած վիճակի մէջ:
Գործադիրի ղեկավարը տեղեկացուց, որ մարդասիրական ճգնաժամի կառավարման հարցով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին աջակցելու նպա-տալով աշխատանքային խումբ պիտի ձեւաւորուիփոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ, որուն խնդիրը, ըստ Փաշինեանի, Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ մարդասիրական հարցերու մշտադիտարկում իրականացնելն ու անհրաժեշտ հրատապ աջակցութիւն ցուցաբերելը պիտի ըլլայ, այդ շարքին միջազգային կազմակերպութիւններու օգ-նութեամբ:
Աշխատանքային խումբին մէջ պիտի ընդգրկուին առողջապահութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարները, ինչպէս նաեւ այլ գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ:
Փաշինեան նաեւ տեղեկացուց, որ կառավարութեան որոշմամբ, Լեռնային Ղարաբաղին 4 միլիառ դրամի լրացուցիչ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի:
«ԼՂ ժողովրդին անհրաժեշտ մարդասիրական, ընկերա-հոգեբանական աջակցութիւն ցուցաբերելը բացարձակ անհրաժեշտութիւն է: Մարդասիրա-կան ճգնաժամի միջազգային հանրահռչակումը նոյնպէս մեր ամէնօրեայ աշխատանքի մասը պիտի դառնայ», ըսաւ վարչապետը:
Կրկին ընդգծելով, որ Լաչինի միջանցքին փակումը 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտի կոպիտ խախտում էՓաշինեանը այդ կէտը խախտելու մէջ մեղադրեց Ատրպէյճանն ու Ռուսիան նկատելով, որ Ատրպէյճանը այդ կէտով կ’երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը, իսկ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը վերահսկողութեան տակ կը պահէ Լաչինի միջանցքը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *