Հայաստանը Հետաքրքրուած Է Հնդկաստանի Փորձով` Իր «Սու 30»-ներուն Համար. Օդաչուներու Պատրաստումէն Մինչեւ Հնդկական Արտադրութեան Հրթիռներու Զինում

Posted on January. 13. 2023

Ռուսիայէն Հայաստանի ձեռք բերած «սպիտակ փիղ» կոչուած «Սու-30»
ինքնաթիռները 2020 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմի ժամանակ օդ չբարձրացուեցան, իսկ Ատրպէյճանը իր «SU-25» ինքնաթիռներու եւ «պայրաքթար» ԱԹՍ-ներու միաջոցով կրցաւ աւերածութիւններ յառաջացնել Հայաստանի ՀՕՊ տեղամասերուն եւ ցամաքային զօրքերուն մէջ. կը գրէ հնդկական «Indian Defence Research Wing» հարթակը:
Կը նշուի, ՀՀ ՌՕՈՒ-ն կտրուկ քննադատութեան ենթարկուեցաւ ու պատճառներէն մէկը այն էր, որ հայ օդաչուները բաւականաչափ մարզուած չէին, եւ Հայաստանը չէր կրցած հրթիռներ ձեռք բերել Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն առաջ:
Ըստ մամուլի հրապարակումներունհայկական «Սու-30»-երը որպէս համակարգ օգտագործած են միայն չկառավարուող հրթիռներ, ինչի պատճառով հայկական կողմը այժմ կը նախատեսէ զանազանեցնել միջոցները օդուժը կառուցելու համար եւ կ’ակնկալեն օգնութիւն ստանալ Հնդկաստանէն:
«Համագործակցութեան ոլորտը կրնայ ըլլալ օդաչուներու պատրաստումէն մինչեւ հնդկական արտադրութեան հրթիռներու զինմամբ: Հայաստանը յոյսով է նորացնել իր օդուժը եւ նոր ձեռք բերուած «Սու-30»-ները», կը գրէ լրատուամիջոցը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *