Ըստ Պունտըսթակի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Նախագահին. Ազրպէյճան Պէտք Է Վերջ Տայ Իր Յարձակումին

Posted on March. 14. 2023

Հայաստան վաստկած է Գերմանիոյ աջակցութիւնը խաղաղութեան, կայունու-թեան, ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան ճամբուն վրայ:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն ետք «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարած է Գերմանիոյ խորհրդարանիՊունտըսթակի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Միխայէլ Ռոթ: «Բարի գալուստ Պունտըսթակ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Հայաստանը վաստկած է մեր աջակցութիւնը խաղաղութեան, կայունութեան, ժողովրդա-վարութեան եւ իրաւական պետութեան ճամբուն վրայ: Ազրպէյճան պէտք է վերջ տայ իր յարձակումին: Լաւ է, որ Եւրոպական Միութիւնը վերջապէս շրջանին մէջ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ», գրած է ան: Յիշեցնենք, որ Փաշինեան 3 մարտին հիւրընկալուած էր Պունտըսթակի մէջ եւ հանդիպում ունեցած արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ-ներուն հետ նախագահ Միխայէլ Ռոթի գլխաւորութեամբ: Վերջինս ողջունած էր Փաշինեանը եւ նշած, որ այցելութիւնը լաւ կարելիութիւն է` քննարկելու թէ՛
հայ-գերմանական միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը, թէ՛ ալ Հարա-
ւային Կովկասի շրջանին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *