Posted on March. 15. 2023
Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի տղոց ճատրակի անհատական ախոյեա-նութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջ Հայաստանի գործող ախոյեան Սամուէլ Տէր Սահակեան միակն ըլլալով յաղթանակ արձանագրեց իր սերպ մրցակիցին` Ալեքսանտր Քովաչեւիչի դէմ:
Ապահովելով մրցաշարքի իր վեցերորդ կէտը, այժմ Տէր Սահակեան 1,5 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ ՖԻՏԷ-ի դրօշին տակ հանդէս եկող Ալեքսէյ Սարանայէն:
Վերջինս այս հանգրուանին պարտութեան մատնեց նախքան այս հանգրուա-նը դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող Անթոն Քորոպովը:
6-ական կէտ ունին նաեւ Մամիկոն Ղարիբեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Շանթ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան:
Իսկ 5,5-ական կէտ ունին Էմին Օհանեան եւ Վահէ Դանիէլեան: