Posted on March. 24. 2023
Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ըմբշամարտի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի մարզիկները ունենալով տպաւորիչ ելոյթներ, ուշագրաւ յաղթանակներ արձանագրեցին ազրպէյճանցի եւ թուրք իրենց մրցակիցներուն դէմ:
57 քկ դասակարգին մէջ, Էդիկ Յարութիւնեան յաղթելով իր ազրպէյճանցի մրցակիցինՆովրուզովին, տիրացաւ պրոնզ մետալին: Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը
Կնեազ Իբոյեան (86 քկ), յաջորդաբար յաղթելէ ետք իր ազրպէյճանցի եւ թուրք մրցակիցներուն, հաստատ քայլերով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
70 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հայկ Պապիկեան տիրացաւ արծաթ մետալին, մինչ 79 քկ դասակարգի մրցումներուն, Նարեկ Գրիգորեան չյաջողեցաւ տիրանալ պրոնզ մետալին:
Աւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Մեժլում Մեժլումեան, որ 61 քկ դասակարգին մէջ 6-5 արդիւնքով յաղթեց իտալացի Սիմոն Վինչենցօ Փիրոտուին:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է` Յաբէթնակ Կուրղինեան: