Posted on May. 10. 2023
Գրեց՝ Պարգեւ Տիգիճեան
Ապրիլ 28-2023
Լոս Անճըլես. ԱՄՆ
Գիւղաքաղաքին մօտիկը, հոն ուր գետակը իր ոլորապտոյտ ընթացքով կը բոլորէ կանանչաւէտ, փոքրիկ բլրակ մը, կը գտնուէր քեռի Կարոյին «բնակարանը»։ Բոլոր տեղացիներուն համար, քեռի Կարոն կը համարուէր անհասկնալի եւ զարտուղի անձ մը։ Կը պատմուէր,թէ քառասուն տարիներ առաջ, պատանի եւ ցնցոտիապատ Կարոն,յանկարծ բուսած էր գիւղաքաղաքին մէջ, գաղթականութեան արհաւիրքէն ճողոպրած որբ մը, մռայլ ու սակաւախօս։Իր խօսքով ան, փախուստ տուած էր անապատին մէջ ապրող արաբի մը մօտէն չհանդուրժելով անոր բիրտ վարուելակերպը։ Ան մանուկ հասակին,իր աչքերով տեսած էր իր հօրը սպաննութիւնը,գաղթի ճամբուն վրան,իր մօր եւ քոյրերուն առեւանգումը։ Սկիզբը,գիւղաքաղաքին մէջ, գաղթականութենէն վերապրած եւ հաստատուած հայ ընտանիքներուն համար, բեռնակրութիւն ըրած էր, տանտիկիններուն համար ջուր կրած, միշտ գոհանալով եւ ընդունելով,որպէս վարձատրութիւն իրեն տրուած պնակ մը ճաշը,կամ անշուք խրճիթի մը մէջ գիշերելու խշտեակը։ Յետագային երկարատեւ շրջան մը տուներու կառուցման բանուոր դարձած։ Տարիներու թաւալումին հետ,ծանր աշխատանքներու եւ անպատսպար մնալու ազդեցութեանց տակ, որպէս ժառանգութիւն՝ անոր մնացած էր յոգնաբեկ մարմին մը եւ մեծ խնայողութեամբ հաւաքուած գումար մը, եւ ան առանց դիմելու որեւէ մեկուն խորհուրդին,կամ օժանդակութեան,իր ունեցած բոլոր իրերը փոխադրած եւ կեանք հաստատած էր բլրակին վրան։ Տեղացիները բաւականացած էին հեռուէն դիտելով բլրակին վրան անոր քար առ քար բարձրացուցած խրճիթը, ապա քառանկիւն պարսպանման պատը։ Ամիսներ ետք զայն տեսնողներ եղած էին բլրակին մօտիկը,առաջն ունենալով ոչխարներու փոքրիկ հօտ մը։ Քեռի Կարոն քիչ կը տեսնուէր գիւղաքաղաքին մէջ,գլխու նշանով կը փոխադարձէր իրեն ուղղուած բարեւներուն, կը խուսափէր խօսքի բռնուելէն, հապճեպ կը կատարէր իրեն հարկ եղած գնումները, ու կը հեռանար։ Բարեկամութիւնս անոր հետ սկսաւ անակնկալ դիպուածով մը։ Երկրորդական վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտ էի, եւ երբեմն դասագիրք մը ձեռքիս,բացօդեայ վայրերուն մէջ կը կատարէի սերտողութիւնս,ու վերջալոյսի մը, յանկարծ ինքզինքս գտայ քեռի Կարոյին տան մօտիկը։ Թեթեւ սարսուռ մը զգալով ուզեցի հեռանալ բայց դրան սեմին երեւցաւ ան, եւ զիս ներս հրաւիրեց։ Վարանելով ներս մտայ։Կէս ժամ տեւող այցելութեանս ընթացքին, մօտէն ճանչցայ թէ ան պարզութիւն եւ բարութիւն բուրող անձ մըն էր, որ իր սէրն ու գուրգուրանքը կեդրոնացուցած էր, տասնեակ մը ոչխարներուն վրան,որոնց գլուխն անցած՝ամէն առաւօտ կը դիմէր մօտակայ մարգագետինները,եւ իրիկնամուտին կը վերադառնար։ Ու այնուհետեւ շատերուն զարմանք պատճառելով,դարձայ Քեռի Կարոյին երբեմնի այցելուն։ Երբեմն հոն չէր գտնուէր, բայց մութը կոխելէն առաջ,անպատճառ կուգար, ուրախութեամբ կը բարեւէր, հօտը ներս կ՚առնէր, ապա պահ մը վերջ,գաւաթ մը թարմ կաթով զիս կը հիւրասիրէր։Անոր խրճիթէն ներս, ձէթի ճրագին տակ մեր գիշերային զրոյցը կ՚երկարէր։Ամէն երթալուս մի քանի հարցումներ պատրաստած կ՚ըլլար ուղղելու ինծի, որոնք ընհանրապէս կ՚ընդգրկէին պատմական թէ կրօնական հարցեր,եւ ես կարողութեանս չափով կրնայի գոհացում տալ անոր։ Հաճելի օրեր էին, որոնցմէ մէկուն ընթացքին տեղի ունեցաւ այն պատահարը որ յիշողութեանս մէջ, մեծապէս դրոշմուած կը մնայ մինչեւ այսօր, հակառակ երկար տարիներու թաւալումին։ Ապրիլեան վերջալոյս մըն էր, երբ ուղղուեցայ դէպի քեռի Կարոյին բնակարանը։ Ան տակաւին չէր ժամանած։ Գետակի ափին նստած,բացի դասագիրքս։ Գարնանային խորունկ բոյր մը կը տիրէր, որ ջուրին մեղմ երաժշտութեան հետ, կը ներկայացնէր հաճելի եւ զգլխիչ մթնոլորտ մը։
Ժամէ մը աւելի սպասեցի։ Քեռի Կարոն,տակաւին չէր վերադարձած։ Մութին աստիճանական տիրապետումին հետ, մտահոգութիւնս աւելի սաստկացաւ։ Վերջապէս երկար սպասումէ ետք, թանձր խաւարին մէջ երեւցաւ Քեռի Կարոն, ետին ունենալով իր փոքրիկ հօտը, իսկ ձեռքերուն վրան հորիզոնական դիրքով բռնած անշնչացած գառնուկի մը դիակը։ Բարեւեց անձայն եւ ուղղուեցաւ դէպի տան դուռը։ Երբ տան փոքրիկ պատուհանէն դուրս ցայտեց լոյսի առաջին նշոյլը,դռնէն ներս անցայ, ճնշիչ մթնոլորտ մը դիմագրաւելու նախազգացումով։ Քեռի Կարոն գետինը նստած արտասովոր ու խռպոտ ձայնով կը շնչէր։ Լոյսին տակ յստակօրէն կը տեսնէի անոր կիսադէմքին մեռելական գունատութիւնը։ Կը զգայի որ ծանր պատահար մը մեծ փոթորիկ մը ստեղծած է անոր ներսիդին.պատահար մը որ մեծապէս առընչութիւն ունի գառնուկին դիակին հետ։ Քեռի Կարոյին համար, ի հարկէ գառնուկի մը կորուստը կամ մահը նիւթական իմաստով,այնքան տագնապ չէր ստեղծեր։ Գաղտնիք մը գոյութիւն ունէր որ ուղեղիս մէջ չէր պարզուէր, իսկ Քեռի Կարոյին կողմէ բացայայտուելու առիթը կ՚ուշանար։ Եւ վերջապէս հասկցայ եղելութիւնը։ Քեռի Կարոն կցկտուր բառերով,ներկայացուց զինք յուզող ու խռովող պատահարը։ Առաւօտուն ան սովորականին պէս, դուրս հանած էր հօտը եւ դիմած մօտակայ մարգագետինները։ Ամբողջ օրը ան իր ոչխարներուն հետ ուրախութեամբ անցուցած էր,անոնց հետ խօսած ու անոնց համար երգած եւ վերջալոյսին բռնած տան ճամբան։Բաւական ընթանալէ ետք ան զգացած է թէ տուն դարձի սովորական ճամբայէն շեղած է,բայց շարունակած է ելք մը գտնելու յոյսով։Պահ մը վերջ զգացած է որ ան կը գտնուի պետական սեփականութիւն կրած հողերու վրայ,բան մը որ մեծապէս արգիլուած է եւ սահմանուած օրէնքներուն համեմատ,գործադրողը կ՚ենթարկուի տուգանքի վճարման եւ բանտարկութեան։ Քեռի Կարօն տագնապի մատնուած է, երբ գիշերային պահակներ հեռուէն,սուլելով անոր ազդարարած են։ Ան աւելի տագնապած է երբ հեռուէն լուսարձակներ ուղղուած են իր կողմը։ Տագնապը եղած է աւելի ճնշիչ, երբ ան երեւակայած է թէ բանտարկուիլ կը նշանակէ հեռանալ իր հօտէն, զայն ձգել անպատսպառ եւ անխնամ։ Քեռի Կարոն,ճարահատ իր հօտին հետ թաքնուած է կանաչներուն մէջ, յուսալով որ շուտով կ՚անցնի այս փոթորիկը, բայց տեսած է որ մեծ թիւով պահակներ օժտուած լուսարձակներով, կ՚ուղղուին դէպի իր թաքստոցը եւ այն ժամանակ պատահած է անսպասելին։ Անոր հօտին նորածին գառնուկը սկսած է տարօրինակ ձայներ արձակել եւ խեղկատակ կերպով ցատկռտել։ Քեռի Կարոն փորձած է հանդարտեցնել զայն բայց ապարդիւն։ Անոր տագնապը հասած է գագաթնակերտին, երբ լոյսեր ողողած են իր թագստոցը, եւ պահակներուն ձայները դարձած աւելի յստակ եւ զօրաւոր։Անտարակոյս որ այս անհանդարտ գառնուկն էր որ պիտի մատներ եւ երեւան հանէր թագստոցը։ Ու Քեռի Կարոն ճարահատ երկու ձեռքերով կը սեղմէ անոր կոկորդը։ Ոտնաձայները աւելի կը յստականան։ Ամենափոքր շշուկն իսկ կրնայ գրաւել պահակներուն ուշադրութիւնը, իսկ նորածին գառնուկը տակաւին անհանդարտ է,եւ քեռի Կարոն աւելի պինդ կերպով կը սեղմէ անոր կոկորդը մինչեւ որ կենդանին կ’անշնչանայ։Լռութիւնը կատարեալ է։Պահ մը ետք պահակները կը հեռանան հայհուչներով,եւ քեռի Կարոն զանազան հնարքներով իր հօտին հետ կը հասնի տուն,բայց անոր հոգին խռոված է եւ անհանդարտ, եւ ինչպէս հանդարտի երբ ան իր ձեռքերով խեղդած է իր անմեղ գառնուկը։ Քերի Կարոն աւարտած էր իր պատմութիւնը, իսկ ես լման էութեամբ քշուած էի դէպի եղելութիւն մը, որուն ահռելիութեան դիմաց, ներկայ պատահարը կը նսեմանար եւ կը դառնար անարժէք։ Գաղթի ու կոտորածի սեւ օրերուն, գետնափոր նկուղի մը մէջ, բռնակալ ու բարբարոս թուրք խուժանէ մը ազատելու միտումով, հայ մայր մը նմանօրինակ պարագայի մը մէջ, թաքնուած, հալածական եւ խուճապահար խումբի մը հետ, իր ձեռքերով կը խեղդէ իր նորածինը։ Ահռելի եւ սրտառուչ պատահար մը, որ ամենայն հարազատութեամբ, ներկայացուած է Սիամանթոյի «Խեղդամահ» քերթուածին մէջ։ Խռովայոյզ մտածումներս դուրս թռչելով անոնց դրութենէն, վերածուած էին մենախօսութեան մը, ու քեռի Կարոն քունէն նոր սթափողի մը կերպարանքով կը նայէր դէմքիս, նայուածքով մը այնքան պաղատական, ստանալու համար հարկ եղած լուսաբանութիւնը եւ մեկնութիւնը: Ու հոգեկան ծանր յուզումով եւ զգայնութեամբ,սկսայ արտասանել։ «Ու գետնափոր նկուղին մէջ քառասուն անձ Արջառներու սարսափահար հօտի մը պէս Որ աւազահողմին հարուածներէն կը հալածուի… Քեռի Կարոն ահաբեկ, աչքերը լայն բացած, յափշտակութեամբ կ՝ունկնդրեր: «Խաւարին մէջ երկու բազուկ, օձերու պէս գալարուելէն, մանկան վիզը գտնելով, ահեղութեամբ մը զայն սեղմեցին…. Քեռի Կարոն նայուածքը ուղղեց իր ձեռքերուն, որոնք տարօրինակ կերպով կը դողդողային, ու ցնցումներ կ՚ունենային։ Ու հոգեկան անհուն վերացումով,փակեցի քերթուածը։ «Սա ձեռքերս կը տեսնէք, կը տեսնէք սա ձեռքերս, Ես էի որ ասոնցմով,նկուղին մէջ իմ նորածինս խեղդեցի Դուք ալ գոնէ զիս խեղդեցէք, իմ ձեռքերս անզօր են Ես էի որ նորածինս նկուղին մէջ…. Վերջին տողերը այնքան սրտաճմլիկ ու աղիողորմ՝ լուծուեցան,չքացան,այն հեկեկանքին հետ,զոր արձակեց Քեռի Կարոն։Հեկեկանք մը, զոր աւելի քան յիսուն տարիներէ ի վեր թաքնուած կը մնար անոր հոգիէն ներս։ Ոտքի ելայ ընդոստ։Քեռի Կարոն ալ չէր լար։Ան նայուածքը ուղղած էր իր երկու ձեռքերուն,որոնց ստուերները ձէթի ճրագին դիմաց,պատերուն վրան, հսկայ մագիլներու կերպարանքով, կը շարժէին։ Ուշ գիշեր էր,ապրիլեան աստղածորան երկքով։ Տանս ճամբուն վրան,հարց տուի իւրովի թէ, բեմերուն վրայ, դպրոցներէն, ակումբներէն ներս, այնքան անգամներ արտասանուած, «Խեղդամահ»ը՝ով կրցած էր լրիւ հասկնալ, ըմբռնել եւ ապրիլ, քան անուս, ծերունի քեռի Կարոն։
Ապրիլ 28-2023
Լոս Անճըլես. ԱՄՆ
Պարգեւ Տիգիճեան