«Չեմփիընզ Լիկ». Հենրիխ Մխիթարեան Առաջին Հայ Ֆութպոլիստը, Որ Կոլ Կը Նշանակէ Կիսաւարտական Մրցումին

Posted on May. 21. 2023

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի
երկրորդ մրցումին, իրարու դէմ մրցեցան Միլանօ քաղաքի երկու կազմերըԱ. Սէ. Միլան եւ Ինթեր Միլան: Զուտ իտալական այս ճակատումին յաղթականը եղաւ Ինթեր Միլան, որ «Սան Սիրօ» մարզադաշտին մէջ, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը: Մրցումին առաջին կոլը նշանակեց պոսնիացի յառաջապահ Էտին Ծեքօ, 8-րդ վայրկեանին: Անոր նշանակած կոլէն երեք վայրկեան ետք, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան կրկնապատկեց հաշիւը սքանչելի ուժգին հարուածով մը:
Այսպիսով, 34 տարեկան միջնապահ Մխիթարեան, որ փոխարինուեցաւ մրցումին 63-րդ վայրկեանին, դարձաւ առաջին հայ ֆութպոլիստը, որ կոլ կը նշանակէ այս մրցաշարքի կիսաւարտականին:
Նշենք, որ մրցումի աւարտին Մխիթարեան ճանչցուեցաւ այս հանդիպումին լաւագոյն խաղացողը:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 16 մայիսին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *