Posted on May. 27. 2023
Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլը իր միջնորդութիւնը առաջարկած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի կրօնական ղեկավարներուն միջեւ երկխօսութեան համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին ռուս պատրիարքը յայտարարած է Քազանի մէջ Ազրպէյճանի շիիներու ղեկավար, շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի հետ հանդիպումի ընթացքին:
Ազրպէյճանական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն, Փաշազատէ իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Քիրիլ պատրիարքին` «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկարամեայ տագնապը կրօնականի չվերածելու, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադարձ վստահութեան վերականգնման ուղղուած գործունէութեան համար»: