Հայաստանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` Ուրբաթ Կը Սկսի Ա-Լիկային Նոր Տարեշրջանը

Posted on June. 2. 2023

Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց Ա-Լիկայի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանը կը սկսի ուրբաթ, 26 մայիսին, Ուրարտու-Արթիկ մրցումով, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Այս տարի ախոյեանութեան տիտղոսին համար պիտի պայքարին հետեւեալ վեց խումբերը. Ուրարտու, ՖԻՄԱ, Էրեբունի, բանակային կեդրոնական մարզական ակումբ, Արթիկ եւ Դուին:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան «Միքա» մարզահամալիրին մէջ, մինչ անոնցմէ քանի մը հատը Արթիկ պիտի կատարէ Արթիկ քաղաքին մէջ:
Ալիկայի նախագահ Արա Պօղոսեան ըսաւ, որ շուրջ երեք ամսուան վրայ երկարող այս ախոյեանութիւնը անկասկած պիտի ընթանայ բաւական սուր եւ լարուած պայքարի մթնոլորտի մէջ` նկատի ունենալով, որ բոլոր խումբերն ալ լաւ պատրաստութիւններ տեսած են:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *