Ֆրանսիսկոս Պապը Հրամանատար Ասպետի շքանշանով պարգեւատրեց իրաւաբան Արսէն Դանիէլեանը

Posted on June. 2. 2023

10 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, ժամը 7-ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ տաճարին մէջ, յատուկ արարողութեան մը ընթացքին, Ս. Սիլվեստրի Հրամանատար Ասպետի բարձր շքանշանով եւ Պապական հրամանագրով պարգեւատրուեցաւ Լոս Անճելըսի ազգայիններէն՝ իրաւաբան Արսէն Դանիէլեան:
Դանիէլեան գլխաւոր գործընկերն է Կլենտյէլ քաղաքի «Դանիէլեան, ԼըՔրոյ եւ Գոլանճեան» իրաւաբանական ընկերութեան եւ աւելի քան յիսուն տարիներու վրայ երկարող գործունէութիւն ունի հայ հասարակական կեանքին մէջ, Իրանէն Միացեալ նահանգներ:
Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Պապին կողմէ շնորհուած հրամանագիրն ու շքանշանը Ա. Դանիէլեանին յանձնեց թեմակալ Առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Գերապայծառ Միքայել Եպիսկոպոս Մուրատեանը: Ս. Սիլվեստր Ա. Պապը (314-335) ճանչցուած է ղեկավարութեան իր յատուկ ձիրքերուն համար՝ Տիեզերական Եկեղեցւոյ ամենատագնապալից ժամանակաշրջաններէն մէկուն ընթացքին:
Պարգեւատրումը կատարուած է առ ի գնահատանք՝ Դանիէլեանի «նուաճումներուն ու աշխարհի մէջ դրական ազդեցութիւն թողելու անոր յանձնառութեան»: Հրամանատար Ասպետի կարգն ու շքանշանը կը տրուին աշխարհականներու՝ եկեղեցւոյ ու հանրութեան իրենց մատուցած յատկանշական ծառայութեանց համար:
«Ես խորապէս զգացուած եմ ու երախտապարտ Ֆրանսիսկոս Պապին՝ ինձ շնորհած այս մեծ պատուին համար: Նոյնպէս երախտագիտութեան խօսք ունիմ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տիրոջ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս 21-րդ Կաթողիկոս-Պատրիարքին՝ ինձ Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուցած ըլլալուն համար, ինչպէս նաև Ամերիկայի եւ Քանատայի թեմակալ առաջնորդ Արհիապատիւ Գերապայծառ Միքայել Եպիսկոպոս Մուրատեանին, այս անմոռանալի պաշտօնական արարողութեամբ շքանշանն ու հրամանագիրն ինձ յանձնելու համար», ըսաւ Արսէն Դանիէլեան:
Ա. Դանիէլեան պարգևատրուած է զանազան շքանշաններով ու պատուոյ գիրերով, որոնց կարգին է Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի շնորհած «Ս. Ներսես Շնորհալի» շքանշանն ու Սրբատառ Կոնդակը՝ Հայոց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ իր մատուցած աւելի քան քառասուն տարիներու անխոնջ ծառայութեանց համար:
Արսէն Դանիէլեան ծնած է Թեհրան, Իրան, եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գաղթած է 1979-ին: Իրաւագիտութեան Դոկտորի կոչումը 1984-ին, Լավըրն Համալսարանէն ստանալէն ետք, անցած է իրաւաբանական աշխատանքի, Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ: 1991-ին միացած է Halstead, Baker & Olson իրաւաբանական հաստատութեան, որմէ ետք, իբրեւ հիմնադիրներէն մէկը՝ կազմած է Baker, Olson, LeCroy & Danielian իրաւաբանական հաստատութիւնը: Ա. Դանիէլեան ամուսնացած է Նորուաք ԼաՄիրատա կրթական շրջանի վերատեսուչ Դոկտոր Յասմիկ Դանիէլեանի հետ (այժմ հանգստնեան կոչուած): Ամոլը ունի երկու չափահաս զաւակներ եւ վեց թոռներ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *