Լիանա Գիւրջեան` Ծանրաբարձութեան Եւրոպայի Ախոյեան, Իսկ Պետրոս Պետրոսեան` Փոխախոյեան

Posted on August. 17. 2023

ՀԱՅԱՍՏԱՆ 20 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ՏՂՈՑ ԴԱՍԱԿԱՐԳԻՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՂԸ ԽԼԵՑ
Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ աւարտած Եւրոպայի 20 եւ 23
տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Լիանա Գիւրջեան, 23 տարեկանէն վար 87 քլկ. դասակարգի երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 221 քլկ. արդիւնք մը (96+125)՝ հանդիսացաւ ախոյեան:
Իր կարգին, Պետրոս Պետրոսեան 109 քլկ. դասակարգին մէջ, երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 370 քլկ. արդիւնք մը (163+207)՝ հանդիսացաւ փոխախոյեան, դարձեալ 23 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ:
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչը մը` Ժուլիեթա Աւանէսեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 87 քլկ. եւ վեր դասակարգի մրցումներուն, երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 214 քլկ. արդիւնք մը (96 եւ 118)՝ տի-րացաւ պրոնզ մետալին:
Տղոց խմբային դասաւորումներուն մէջ, Հայաստան առաջին տեղը խլեց 20 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ եւ երկրորդ դիրքը՝ 23 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *