Posted on September. 10. 2023
ԳՐԵՑ՝ ՅԱԿՈԲ ՃՐՆԱԶԵԱՆ
Ասկէ երկու տարի առաջ ահազանգեցինք, ասկէ 5 ամիս առաջ դարձեալ ահազանգեցինք՝ ըսելով, որ ներկայ ուսումնական տարեշրջանը վտանգուած է, քանզի Կովերու Պարտէզը այլեւս Հայու ձեռքը չէ։ Իրականացուեցաւ այն վախը՝ արդեն հողը մեր ձեռքը չէ։ Այս ինչ ցաւալի է տեսնել Թարգմանչաց վարժարանի յայտարարութիւնը, թէ հին քաղաքէն դուրս ապրող աշակերտներին արգիլուած է իրենց ծնողներուն մուտքը Կովերու Պարտէզ, իրենց զաւակները վարժարան իջեցնել հասցնելու կամ ալ սպասելու համար։ Այլեւս անոնք միայն 10 վայրկեան կարող են Պատրիարքարանի կայանատեղին օգտագործել։
Ոչ մէկ հանցանք ունի վարժարանը, այլ միակ Պատրիարքարանը, քանզի վարժարանը այսօր իր գոյութեան համար կը պայքարի, իսկ Նուրհան Պատրիարքը իր գահակալութեան ամբողջ 10 տարուայ ընթացքին ոչ մէկ անգամ Թարգմանչաց Վարժարան այցելած է, անշուշտ թէ վարժարանը իրեն համար մեծ կարեւորութիւնը մը չունի, եթէ ուներ, ան տարեկան մի քանի անգամ դպրոց կայցելեր կամ Յորդանանի միակ Հայկական վարժարանը չեր փակեր։ Նուրհան Սրբազան, Անկեղծ եղէք, ու՞րէ այն երկու ամիսը, որ խոստացած էիք, ո՞ւր է այն երկու շաբաթը կամ երկու օրերը։ Չ՞է որ հարցը պիտի լուծուեր երկու ամիսէն, բայց արդեն 4 ամիս անցած է Ձեր այն խօսքէն։ Հարցը չի լուծուիր, երբ բանակցութեան սեղան կը նստիս, հարցը չի լուծուիր, երբ բանակցութիւն տեղի կունենայ նոյն ծրագրին համար, այդ գործարարը մեր հարցին լուծումը չէ, այն գործարարը, որ այսօր Կովերու Պարտէզի տէրն է, այսօր Պատրիարաքրանի եւ գաղութի կեանքը օրէ օր աւելի կը դժուարացնէ։ Գալով կարգալոյծ եղած նախկին Հայր Պարէտը, իրեն հարց ուղղելով՝ արդեօ՞ք տակաւին կը հաւատաք որ այս պայմանագիրը առեւտրական պայմանագիր է, երբ օրէ օր աւելի յայտնի է, թէ Կովերու Պարտէզը պարզապես յանձնուեցաւ ստախօսներու կողմէ։ Տապանաքար դրաձ եք Հայոց Թաղին եւ Հայոց ներկայութեան վրայ, անունդ պատմութեան սեւ էջերուն մէջ պիտի արձանագրուի, որպէս 2000 տարուայ պատմութեան ծախող: Գիտնալով այս, տակաւին կը համարձակի՞ս խօսելու. ամօթ ունեցի՛ր եւ մի՛ խօսիր։ Սիրելի ծնողներ, Ձեր զաւակներուն ապագան անորոշութեան մէջ է, եկէք եւ ձեր բողոքը ներկայացուցէք, պայքարինք Թարգմանչացի, Կովերու Պարտէզի, Հայոց թաղի եւ Հայոց ներկայութեան համար։ Մեծ բակը մեզ կ
սպասէ, Կովերու Պարտէզը տակաւին հնարաւոր է ազատել, եթէ միանանք