Միրզոյեան ԵՈՒՆԵՍՔՕի Փաստահաւաք Խումբի Մը Արցախ Ուղարկելը Հրամայական Կը Նկատէ

Posted on November. 16. 2023

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ԵՈՒՆԵՍ-ՔՕի Ընդհանուր համաժողովի 42րդ նստաշրջանին արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի 10ամսեայ շրջափակումին, մարդասիրական ճգնաժամին, լայնածաւալ ռազմական յարձակումին եւ խաղաղ բնակչութեան ու ենթակառուցուածքներու թիրախ դարձնելուն, որոնց պատճառով Արցախի ամբողջ բնիկ հայ բնակչութիւնը բռնի տե-ղահան եղաւ եւ ցեղային զտման ենթարկուեցաւստիպուելով հեռանալու իր տուներէն հոն ձգելով սրբավայրերը եւ հազարամեայ մշակութային ու կրօնական ժառանգութիւնը։
Ան շատ կարեւոր նկատեց Արցախի մէջ մնացած մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը՝ վանտալութեան եւ թալանին դէմ.
«2020թ. աշնանից Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակաբար ահազանգել է միջազգային հանրութեանը Լեռնային Ղարաբաղում եւ շրջա-կայքում հսկայական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, պղծման եւ իւրացման` Ադրբեջանի պետական քաղաքականութեան մասին», ըսաւ ան՝ շարունակելով. «Հայկական մշակութային ժառանգութեան ան-կախ մշտադիտարկման եւ քարտէզագրման նպատակով ԵՈՒՆԵՍԿՕի անկախ փաստահաւաք առաքելութեան գործուղումը Լեռնային Ղարաբաղ առանցքային գործօն է հայկական մշակութային արժէքների ոչնչացումը կամ խեղաթիւրումը կանխելու հարցում»։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *