Պաքուի Քարոզած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի Հայեցակարգը Հայաստանի Դէմ Պատերազմի Նախապատրաստութիւն Է. Փաշինեան

Posted on November. 16. 2023

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի խաղաղութեան համաժողովին ընթացքին յայտարարեց, թէ Պաքուի քարոզած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի հայեցակարգը Հայաստանի դէմ նոր պատերազմի նախա-պատրաստութիւն է: «Սա շատ մտահոգիչ ուղերձ է, եւ շատ կարեւոր է, որ այս խօսոյթը հովանաւորւում է կառավարութեան կողմից: Բայց կայ մի շատ պարզ հարցչկայ յաւելեալ փաստարկների կարիք», ըսաւ Փաշինեան։ Ան համաժողովին մասնակցողները զգուշացուց՝ դիտել տալով, որ, թէեւ Երեւան եւ Պաքու մօտ են խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու, բայց լուրջ հարցեր ծագած են Ատրպէյճանի անկեղծութեան վերաբերեալ: «Բայց դա չի սասանում մեր հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին, եւ մենք յոյս ունենք, որ առաջիկայ ամիսներին կը ստորագրենք խաղաղութեան պայմանագիր Ադրբեջանի հետ», ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ համաձայնագիրը հիմնուած պէտք է ըլլայ Պրիւքսէլի մէջ համադրուած երեք սկզբունքներուն վրայ իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչում քառակուսի քիլոմեթրերով, անվերապահ հաւատարմութիւն Ալմա Աթայի հռչակագիրինիբրեւ սահմանազատման քաղաքական շրջանակ եւ հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակում ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներով:
«Եւ եթէ Ադրբեջանը չմերժի այդ սկզբունքները, դա կը նշանակի, որ առաջիկայ ամիսներին Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը շատ իրատեսական է դառնում: Ցաւօք, Ադրբեջանի նախագահը հրաժարուեց մասնակցել անցեալ ամիս Գրանադայում կայացած հնգակողմ հանդիպմանը: Հոկտեմբերին Բրիւսելում նախատեսուած եռակողմ հանդիպումը չկայացաւ, եւ ես յաջորդ հանդիպման հրաւէր չեմ ստացել Շարլ Միշելից: Յոյսով եմ, որ Եւրամիութեան մեր գործընկերները հաւատարիմ են իրենց պարտաւորութիւններին», ըսաւ Փաշինեան։
Դահլիճէն Փաշինեանին արձագանգեց Ֆրանսայի մօտ Ատրպէյճանի դես-
պանըպնդելով, որ Կրանատայի բանակցութիւններու չեղարկումը պայմանաւորուած էր Փարիզի յայտարարութիւններով, թէ զէնք կը մատակարարեն Երեւան, բացի այդ, մերժուած էր Թուրքիոյ մասնակցութիւնը հնգակողմ ձեւաչափին: Փաշինեան իբրեւ պատասխան յիշեցուց, որ Ատրպէյճանի ռազմական պիւտճէն Հայաստանի այդ ծախսերէն եռակի աւելի է: Փաշինեան համաժողովի ամպիոնէն հրապարակեց վերջին երեք տասնամեակներուն բռնի տեղահանուած հայերուն թիւը 500 հազար, որուն 360 հազարը 90ականներուն Սումկայիթի ու Պաքուի ջարդերուն պատճառով գաղթական դարձաւ, 26 հազար անձեր 44օրեայ պատերազմին հեռացան Արցախէն, իսկ լայնածաւալ վերջին յարձակման եւ ցեղային զտումներու պատճառով մէկ շաբաթուան ընթացքին շուրջ 105 հազար հայեր ստիպուած եղան հեռանալու իրենց տուներէն: «Բայց միջազգային հանրութիւնը համարժէք միջոցներ չձեռնարկեց, եւ մենք չենք կարող մեղադրել այն մարդկանց, ովքեր պնդում են, որ հայերի բռնի տեղահանումը Լեռնային Ղարաբաղից տեղի է ունեցել որոշ միջազգային խաղացողների լուռ կամ կուլիսային համաձայնութեամբ»:
Փաշինեան նաեւ խօսեցաւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ին մասին՝ նշելով, որ Հարաւային Կովկասը խաղաղութեան կարիք ունի, այնպիսի իրավիճակի մը, ուր տարածաշրջանի բոլոր երկիրները կ՛ապրին բաց սահմաններով, կապուած են տնտեսական, քաղաքական, մշակութային աշխոյժ կապերով, կուտակած են բոլոր հարցերը դիւանագիտութեան եւ երկխօսութեան գործիքներով լուծելու փորձառութիւն ու աւանդոյթ: Ան շեշտեց, որ առանց երթեւեկի հաղորդակցութիւններու վերաբացման նման իրավիճակ ապահովելը շատ դժուար պիտի ըլլայ։
Ըստ անոր՝ այս նախագիծը տարածաշրջանի երկիրները, որոնց կարգին Ատրպէյճանը, Հայաստանը եւ Թուրքիան, երկաթուղիներով, ճամբաներով, մալուխներով, կազատարներով, ելեկտրահաղորդակցութեան գիծերով կապելու կամ գոյութիւն ունեցող կապերը ամրապնդելու ծրագիր է:
«Ինչպէս գիտէք, մենք ներկայումս չունենք գործող ճանապարհներ, գործող երկաթուղիներ, մալուխներ, խողովակաշարեր կամ ելեկտրահաղորդման գծեր ո՛չ Թուրքիայի, ո՛չ Ադրբեջանի հետ, եւ առաջարկում ենք դրականօրէն փոխել իրավիճակը: «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծն օգուտ կը բերի նաեւ Վրաստանին եւ Իրանին, այդ թւումերկկողմանի, ինչպէս նաեւ Ադրբեջանի, Թուրքիայի եւ Հայաստանի հետ կապերի ամրապնդման առումով: Մանրամասները ներկայացուած են մեր «Խաղաղութեան խաչմերուկ» գրքոյկում, որը բաժանուել է ձեզ, եւ յոյսով եմ, որ մենք կը կարողանանք իրականացնել նախագիծը որպէս մեր տարածաշրջանում կայուն եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան երաշխիք», ըսաւ Փաշինեան։
Ըստ անոր՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի իրականացումը շահաւէտ պիտի ըլլայ ոչ միայն տարածաշրջանին, այլ նաեւ միջազգային առեւտուրի, կապի եւ կայունութեան համար:
«Եւ ես աջակցութեան յոյս ունեմ ոչ միայն տարածաշրջանային երկրներից, այլ ընդհանրապէս միջազգային հանրութեան կողմից: Միանշանակ, մենք շատ կարեւոր, կարող ենք ասել պատմական խաչմերուկի առաջ ենք կանգնած: Եկէք դարձնենք այն խաղաղութեան խաչմերուկ», եզրափակեց Փաշինեան։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *