ԲԱԳՐԱՏԻԿԻ, ՌՈԲՈ-ԿՏՐԻՃԻԿԻ ՕՍՄԱՆԱ-ԲՈԼՇԵՒԻԿԵԱՆ «ՍԽՐԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» ԵՒ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՋԱԽՋԱԽՈՒՄԸ

Posted on June. 7. 2024

Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի Մայիսի 31-ի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը: «Բագրատիկի, ռոբո-կտրիճիկի օսմանա-բոլշեւիկեան «սխրագործութիւնները» եւ վերջնական ջաջախումը»: Բացայայտումներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ յայտնի հրապարակախօս եւ հետզօտող Ոսկան Մխիթարեանի կողմէ: 

Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն: 

Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամեն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան կամ գրասենեակի կամ փոստարկղի հասցէն: 

YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ – Բարի երեկոյ, սիրելի հեռուստադիտողներ, անունս Աբօ Չափարեան։ 

Իմ զրուցակիցն է յայտնի հրապարակախօս եւ հետազօտող լրագրող պարոն Ոսկան Մխիթարեանը։ 

Այս շաբաթ հայ ազգը հայրենի եւ արտերկրի մէջ նշեց Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հռչակման օրը. պիտի չըսեմ տօնեց, որովհետեւ մենք կորսնցուցինք Առաջին հանրապետութեան անկախութիւնը 1920-ին, սակայն պէտք է ըսենք, որ եթէ Առաջին հանրապետութիւնը գոյատեւէր մինչեւ այսօր, մենք պիտի տօնախմբէինք անոր 106-րդ տարեդարձը։ Սակայն, ըստ երեւոյթին, այդպիսի բարոյական իրաւունք չունինք։ Դեռ երկար ճանապարհ ունինք կտրելիք, բայց ամէն ինչ կորսուած չէ։ 

106-րդ տարեդարձը խորհրդանշող այս շաբաթ շատերս վստահ եմ որ համախոհ ենք այն միտքին հետ, որ 1991-ին խորհրդային կարգերու, բոլշեւիկեան կարգերու փլուզումէն ետք իբրեւ թէ անկախութիւն ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Ես աւելի ճիշդը պիտի ըսէի` Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման գործընթացը դեռեւս իր աւարտին չէ հասած։ Եթէ իր աւարտին հասած ըլլար, մենք արդէն կանխած պէտք է ըլլայինք 2020- ի 44-օրեայ հակահայ տեռորիստական յարձակումը Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, ISISի (այսինքն` Տաէշի) եւ այլ երկիրներու մեղսակցութեամբ եւ թաքուն գործակցութեամբ: Այդ յարձակումը եկաւ փաստելու, որ մենք դեռեւս երկար ժամանակ եւ խտացուած տնային պարտականութիւն ունինք իրականացնելու։ 

Այս 106-րդ տարեդարձը ես պիտի ընդունէի որպէս ազդանշան, խորացնելու եւ արժեւորելու անկախութիւնը եւ զայն իր իսկական արժէքին հասցնելու, պայմանաւ, որ մենք կարենանք մեր ազգային ներքաղաքական եւ լրատուական դաշտերու ինքնամաքրման գործընթացը արագացնենք եւ ունենանք իսկական առողջ ընդդիմութիւն, որ բաղկացած կʼըլլայ այնպիսի առողջ ուժերէ, որոնք կը բարձրաձայնեն ժողովուրդին իսկական իղձերը, եթէ օրուան իշխանութիւնները բացթողում ունենան. առողջ կերպով այդ բացթողումները կը քննարկուին, կʼուղղուին եւ կʼերթանք առաջ։ 

Այս խաչմերուկին Հայաստանը բաւականին խորացուած եւ խտացուած` պետութեան նկատմամբ սպառնալիք հանդիսացող ուժերու կողմէ, ներքին եւ արտաքին, թիրախաւորուած է։ Մենք ականատես եղանք եւ բարեբախտաբար ոչ միայն ականատես, այլ նաեւ մասնակից եղանք այն ամէն ինչին, որ կատարուեցաւ մեղմացնելու եւ վտանգը որոշ չափով չէզօքացնելու։ 

Այս նորագոյն բեմադրութիւնը սկսաւ Մայիսի սկիզբին, յանձինս Բագրատ չսրբազանին (ես կը մերժեմ իրեն սրբազան մակդիրը, տիտղոսը ճանչնալ, որովհետեւ արդէն իբրեւ թէ ինքզինքը սառեցուցած է, բայց իրականութեան մէջ կղերագողապետական շրջանակներու օրակարգն է, որ առաջ կը տանի)։ Ինչպիսի զարգացումներու ականատես եղանք վերջին օրերուն։ Հարցումս կʼուղղեմ պարոն Մխիթարեանին։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ – Պարոն Չափարեան, բեմադրութիւն մըն էր, չըսելու համար, որ կրկէս մըն էր։ Այս բեմադրութիւնը տակաւին կը շարունակուի եւ շուտով պիտի մարի` կասկածէ վեր է այդ։ Որեւէ խելացի հայ, ըլլայ հայրենիքի մէջ կամ սփիւռքի մէջ, երբեք իր մտքով չ›անցըներ, որ այս պատրաստուած բեմադրութիւնը իր յաջողութեան պիտի հասնի։ Երբեք, սիրելիներ։ Գիտէ՞ք բայց ինչն է ամէնէն տխուրը այս բոլորին մէջ. այն, որ նախկին ղեկավարներ գողապետական ղեկավարներ, որոնք 30 տարի երկիրը կողոպտեցին, Բագրատ սրբազանին միջոցաւ կը փորձեն անգամ մը եւս վերադառնալ աթոռին։ 

Իշխանատենչութենէն կը տառապին։ Տխուրը եւ ամէնէն տխուրը այս բոլորին մէջ այն է, որ Բագրատ սրբազան գործիք մըն է այս բոլորին մէջ` ղեկավարուած եւ օրհնութեամբը Գարեգին կաթողիկոսին։ Կա՞յ ձեզմէ մէկը, որ չի ճանչնար կամ չի գիտեր, որ Գարեգին կաթողիկոս յար եւ լման լծակից եւ գործակիցն է նախկին նախագահներուն, նախկին իշխանութիւններուն։ Արեւի պէս յստակ եւ պայծառ է։ Հետեւաբար, կրկնելու պէտք չունինք եւ պարզապէս ըսենք, որ Բագրատ սրբազան ինքզինք այրեց այս բոլորին մէջ եւ այս բոլորին վրայ աղ եւ պղպեղ դարձաւ իր այդ յայտարարութիւնը, որ ինք կը սառեցնէ իր եկեղեցական գոյութիւնը, այսպէս ըսենք՝ իր պաշտօնը: 

Սիրելիներ, ատանկ բան գոյութիւն չունի մեր եկեղեցեւոյ կանոնադրութեան մէջ։ Ծիծաղելի յայտարարութիւններ են ասոնք։ Սա կը նշանակէ, որ Գարեգին կաթողիկոսի կողմէ արտաքսուած արժանաւոր եկեղեցական մը վաղը Էջմիածնի դրան առջեւ երեւնայ եւ ըսէ, որ ես եմ այսուհետեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ վերջ։ Ոչ կարգ կայ, ոչ կանոն կայ։ Նոյն բանը ըրաւ Բագրատ սրբազանը։ Եկաւ հրապարակ. հետեւորդ ալ չունի։ Իր ծրագիրն ալ իրը չէ, թելադրուած ծրագիր մըն է, որ յստակ չէ տակաւին մեզմէ ոչ մէկուն։ Գայ այդտեղ եւ յայտարարէ որ «ես եմ վարչապետը»։ 

Մեզի իրաւունք կու տայ Բագրատ սրբազանը ըսել, որ ինքը լրջօրէն հոգեբոյժի պէտք ունի։ Ի վերջոյ այս իշխանութիւնը, լաւ-վատ, իր բոլոր թերացումներով, ժողովուրդի կողմէ ընտրուած իշխանութիւն մըն է։Սիրելիներ, սպասեցէք, այս իշխանութիւնն ալ իր աւարտին կը հասնի։ Եթէ ժողովուրդը կʼուզէ փոխել այս իշխանութիւնը, ինք կը փոխէ, որովհետեւ իր ձայներով եկած են ասոնք։ Փողոցային պոռչտուքներով, յայտարարութիւններով կարելի չէ իշխանութիւն փոխել։ Ամբողջ աշխարհը մեզ կը դիտէ։ Օտարներ ի՞նչ պիտի ըսեն։ Ի՞նչ տեսակի ժողովրդավարական երկիր մըն ենք մենք։ Եւ այս անհամ մթնոլորտին մէջ կու գան եւ կʼաւելնան նաեւ այլ երեւոյթներ։ 

Վստահ, որ բոլորդ ալ գիտէք ինչ պատահեցաւ, երբ որ Գարեգին կաթողիկոս ուզեց Սարդարապատ երթալ։ Հիմա եթէ կաթողիկոսը իր արբանեակներով կʼուզէր Սարդարապատ երթալ, ապա այդ բոլորը ինչո՞ւ կառավարութեան վարչակազմին մէջ չհամադրեց, որպէսզի այս անհամութիւնները տեղի չունենային։ Դժբախտաբար, ժողովուրդը, երբ որ նման երեւոյթներու առջեւ կը գտնուի, անմիջապէս կը խօսի եկեղեցւոյ մասին։ Յաճախ կը կրկնենք. Սիրելիներ, մի նոյնացնէք եկեղեցւոյ սպասաւորը Սրբութիւն Սրբոցին հետ։ Կան արժանաւոր եկեղեցականներ նաեւ, որոնք կʼայրին այս փոթորիկին, այս հրդեհին մէջ։ Հետեւաբար, մեզ տագնապեցնողը, մեզ փոթորկեցնողը Հայ Եկեղեցւոյ արժանապատուութիւնն է։ Գարեգին վեհափառը ելնելով իր անհատական, եւ չակերտներու մէջ, կուսակցական շահերէն, որովհետեւ մաս ու բաժին է նախկին վարչակարգին, այս փոթորիկը ստեղծեց։ Յանուն ինչի՞ն։ 

Այս փոթորիկները պիտի գան ու անցնին։ Արդէն վերջաւորութեան հասան։ Չի բաւեր մարդկային ձեռքերու կամ մտքերու կողմէ ստեղծուած փոթորիկները, կայ նաեւ բնութեան արհաւիրքը։ Լաւ կʼըլլար, որ Գարեգին կաթողիկոս ելլէր եւ անմիջապէս յորդոր մը կարդար բոլոր այն ժողովուրդին, այն գիւղացիներուն եւ քաղաքացիներուն, որոնք ջուրերու մէջ, ջրհեղեղներու մէջ մնացին Լոռիի, Տաուշի շրջաններուն մէջ։ Այդ է, որ մեզ կը փրկէ, եւ ոչ թէ իշխանատենչութենէն մղուած արքեպիսկոպոս մը առջեւ ղրկէք, եւ յայտարարէք, որ կը սառեցնենք իր պաշտօնը։ Այս ի՞նչ ողբերգութիւն է։ Կարելի չէ մեկնաբանել մեր կանոնագրութիւնը, օրէնսդրութիւնը կամ սահմանադրութիւնը ըստ կամս։ 

Գարեգին կաթողիկոս, ալ յոգնեցանք այս բոլորէն։ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ կʼընտրես, ուզած ատենդ կը հանես, նորը կը բերես։ Ո՞ւր է ազգային եկեղեցական ժողովը, որ պիտի վաւերացնէ այդ։ Առաջնորդներուն, եպիսկոպոսներու ձեռքէն առած ես իրենց իրաւունքները քահանայ ձեռնադրելու։ Այս կանոնագրային խախտումներու մասին, սիրելիներ, կարելի է ժամերով խօսիլ։ Զկամս 140-է աւելի եկեղեցականներ` արքեպիսկոպոս, եպիսկոպոս քահանայ, կարգազրկած է։ Ո՞ւր է ժողով։ 

Ո՞ւր է Գերագոյն Ժողովի ըսելիքը։ Չի կարելի այս մենատիրութիւնը։ Չի կարելի կաթողիկոսութիւնը վերածել բռնատիրութեան։ Վեհափառ հայր, Աւետարանը մեզի այդ չէ ուսուցած։ Աւետարանը մեզի ուսուցած է սէր։ Եթէ սէր ունիս, ամէն հարց կրնաս լուծել։ Սիրոյ ակունքներէն կը բխին միութիւնը, համերաշխութիւնը, հասկացողութիւնը, համբերութիւնը։ Այս բառերը ձեզի համար կարծէք թէ գոյութիւն չունին։ Աթոռ, դրամ` դրամ, աթոռ։ Ո՞ւր պիտի ըլլայ վերջը։ 

Չմոռնաք` Սրբութիւն Սրբոցը կար, կայ եւ պիտի մնայ։ Գարեգիններ պիտի գան ու երթան։ Ուրիշներ ալ պիտի գան։ Չմոռնաք` հայրենի հողն է խնդրոյ առարկան։ Այդ հողը մի եղծանէք, մի պղծէք, մի թունաւորէք, որովհետեւ այդ թունաւորումը պատճառ կʼըլլայ, որ մեր զարգացած երիտասարդները հեռանան հայրենիքէն։ Փոխանակ կոչ ուղղելու` «վերադարձէք հայրենիք, շէնցուցէք հայրենիքը», աւելիով կը թունաւորէք եւ կը հեռացնէք մեր երիտասարդները, որոնք տեսնելէ ետք արտաքին աշխարհի խաղաղ կեանքը, ալ չեն մտածեր վերադառնալու հայրենիք։ 

Այս պիտի ըլլայ ձեր պատգամը եւ ոչ թէ իշխանատենչութենէն վարակուած անպայման կʼուզէք այս իշխանութիւնը հեռանայ։ Սէր քարոզեցէք այս ժողովուրդին։ Համբերութիւն քարոզեցէք այս ժողովուրդին, որպէսզի յաջորդ ընտրութեան տեսնեն իրողութիւնները, ճշմարիտ իրողութիւնները եւ ըստ այնմ դատեն յաջորդ ընտրութեան` բերեն ուրիշ արժանաւորներ, որոնք աւելի կը սիրեն հայրենիքը, որոնք աւելի նուիրուած են հայրենիքին եւ մտահոգ են միայն հայրենիքի վերելքով եւ ոչ հարստացնելու իրենց գրպանները եւ կամ իրենց կուսակցութիւնը։ Հոս է ձեր մեծութիւնը։ Ահաւասիկ այս մեծութիւնը անդունդէն վար գլտորեցիք։ Ասկէ աւելի պատեհ առիթ չէր կրնար ըլլալ ձեզի, սիրելի եկեղեցականներ, որ ժողովուրդին մէջ մտնէիք, սէր եւ համերաշխութիւն քարոզէիք, որպէսզի մենք այս տագնապները չապրէինք։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ- Ներկայ իրողութիւնը յստակ կերպով մեր աչքին առաջ պարզուած է այն փաստով, որ դժբախտաբար ունինք կեղծ ընդդիմութիւն եւ իսկապէս հայկական պետականութեան նուիրուած ընդդիմութիւն չունինք։ Սա կեղծ ընդդիմութիւն է։ Օրուան հրամայականն է, որ հայ ժողովուրդը, յատկապէս հայրենի ժողովուրդը, իր ազատ կամքով որոշէ, որ րոպէ առաջ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ անց կացնէ եւ այդ արտակարգ ընտրութիւններու միջոցաւ իսկապէս առողջ շրջանակները ներկայացնող ուժերէ ընտրուին արժանաւոր, ազգասէր պետականասէր հայեր։ 

Տեսէք ի՞նչ խայտառակութիւն եղաւ, երբ Գարեգին Բ. չկաթողիկոսը Սարդարապատ այցելութեան քօղին տակ նոր խժդժութիւններ առաջ բերաւ։ Եթէ մենք իսկապէս ինքնիշխան եւ անկախ պետականութիւն պիտի ըլլանք, ապա ուրեմն այս ներքին տզրուկներուն, փարազիտներուն եւ սրբապիղծներուն ընդհանրապէս պէտք է արգիլուի ազգային սրբութիւն համարուող Եռաբլուր այցելել, Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելել, եւ ուր մնաց, որ Սարդարապատ այցելեն։ 

Ո՞ւր է այն կաթողիկոսը, որ 1918-ին Սարդապատի կերտումին իր անմիջական մասնակցութիւնը բերաւ, երբ մերժեց հայ գեներալներուն առաջարկը, որ Էջմիածինէն, Մայր Աթոռէն հեռանայ, որ իր կեանքը փրկէ։ Օրուան երջանկայիշատակ կաթողիկոսը, ի պատիւ իրեն, ըսաւ` «ես այստեղ պատրաստ եմ զէնք բռնելու եւ պատրաստ եմ մինչեւ վերջ կռուելու եկեղեցւոյ գաւիթի մէջ»։ Իսկ մենք ունինք այսօր այնպիսի չկաթողիկոս, որ չհանրապետութիւն կը հետապնդէ, չպետականութիւն կը հետապնդէ եւ իր հետ մասնակից ունի ներքին 5-րդ շարասիւնը։ 

Այնպէս, որ ժամանակը հասած է, որ ոչ միայն խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններու խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններու միջոցաւ ներքաղաքական ինքնամաքրման գործընթացը արագացնենք եւ գործադրենք, այլ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին փրկենք այս գողապետական, կղերապետական, մաֆիոզի, բոլշեւիկ տարրերէն, որոնց համար աւելի նախընտրելի է նոր սովետական կայսրութեան միանալը Հայաստանին, քան թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն հոյակապ ժողովուրդը` ոսկէ սերունդով, առանց տարիքի սահմանափակումի, արտերկրի հայութիւնը` գումարած, պատրաստ է ամէն կերպ պայքարելու իր ծնեալ իրաւունքին համար, հետապնդելու Հայաստանի Հանրապետութեան ինքիշխանութեան, անկախութեան, ժողովրդավարութեան եւ պաշտպանունակութեան հզօրացման գործընթացը։ 

Իրաւունք չունինք ետ կանգնելու։ Այնպիսի խաչմերուկի առաջ կը կանգնինք, որ մենք պէտք է ամբողջ աշխարհին, սկսած սովետական ներկայ փութինեան Քրէմլինէն մինչեւ ազատ աշխարհի ցանկացած երկրի ղեկավարութեան, յստակ կերպով, գործնական քայլերով ցոյց տանք, որ մենք ազգովին պատրաստ ենք եւ միակամ ենք, իրօք միակամ ենք։ 

5-րդ շարասիւնը այդ համախմբուածութեան մէջ տեղ չունի դժբախտաբար, որովհետեւ այդ շարասիւնը դաւաճանական շարասիւն է, որ 1920-ի Կարսի անկումի հետ զուգահեռ, 100 տարի ետքը միջազգային դաւադրութեան մասնակցեցաւ, որ մենք Արցախը կորսնցնենք: Այդպէս էր, որ 2023-ի Սեպտեմբերին մենք դժբախտ ականատեսները եղանք, թէ ինչպիսի բեմականացուած ձեւով Արցախը յանձնուեցաւ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս 100 տարի առաջ Կարսը յանձնուեցաւ Թուրքիոյ։ Այնպէս, որ ժամանակը եկած է, որ մենք ոչ միայն խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ իրականացնենք, այլ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին փրկենք «Պոլոժենիա» ըսուած բոլշեւիկեան ժամանակաշրջանի մտածելակերպէն, երբ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ այսպէս կոչուած ղեկավարութիւնը պէտք է, ըստ պարոն Փութինին եւ օլիկարխիական ռուսական շրջանակներուն, ենթարկուին Քրէմլին։ 

Այդպիսի բան ընդունելի չէ։ Հիմա, որ Բագրատ կոչեցեալը` Վազգէն Գալստանեանը ետ քաղաքացի դառնալու քայլը առած է, երեւի ժամանակն է, ի զուգահեռ քայլ, խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն նաեւ ներկայ Հայաստանի մէջ, առնուազն ներկայ Հայաստանի մէջ, թէեւ կրնայի ըսել նաեւ՝ ամբողջ նախկին Սովետի տարածքին մէջ: Բայց եկէք չինական հասկացողութեամբ 1000 մղոն պահանջող ճանապարհորդութիւնը սկսիլ առաջին քայլով, եւ որպէս առաջին քայլ ես պիտի առաջարկեմ պարոն Մխիթարեանին, որպէս մասնագէտ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ օրէնսդրութեան, որ այդ օրէնսդրութիւնը, որ կը կիրառուի ազատ աշխարհի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին պահպանելու որպէս ժողովրդավարական կառոյց, այդ ժողովրդավարական կարգերը Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիէն ներս ի Հայաստան սկսինք, եւ զայն բոլորս միատեղ վերականգնենք։ Ինչպէ՞ս։ 

Առաջին քայլ որպէս, եկէք հիմա, երբ Տաւուշը թեմական առաջնորդ չունի, որովհետեւ օրուան հերոսը «սառեցուած» է, եկէք առաջին որպէս քայլ Տաւուշի մէջ, Տաւուշի մեր հայրենակիցներուն եւ հաւատակիցներուն` անոնք որոնք Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիէն ներս Սուրբ Մկրտութիւնը ընդունած են եւ որուն շնորհիւ նովին գործով անդամ կʼըլլան Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցոյ, այդ բոլոր մարդոց իրաւունքները յստակ կերպով վերարծարծենք եւ իրենց իմաց տանք, որ իբրեւ Տաւուշի թեմի հաւատացեալներ, իրաւունք ունին, ըստ հայկական օրէնսդրութեան, իրենց եկեղեցական, ծխական խորհուրդները, այսինքն` վարչական հոգաբարձուներու մարմինները ընտրել, ինչպէս որ ազատ աշխարհի մէջ կ›ընենք: 

Անոնց իրաւունքն է նաեւ պատգամաւորները ընտրել, եւ այդպէս, թող որպէս առաջին քայլ Տաւուշի հայ հաւատացեալ ժողովուրդը, անոնք, որոնք մկրտուած են, թող ընտրեն թեմի յաջորդ առաջնորդը։ Եւ այսպէս, գործընթացը թող տարածուի ամբողջ Հայաստանի տարածքով, որպէսզի մենք կարողանանք ճանապարհը հարթել Ազգային – Կրօնական Ընդհանուր Ժողովին։ Պարոն Մխիթարեան, պիտի առաջարկեմ, որ աւելի մանրամասն ներկայացնէք։ 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ- Պարոն Չափարեան, այս բոլորին մէջ տխուր երեւոյթը բարձրաստիճան եւ փոքրաւոր եկեղեցականութեան ամլութիւնն է։ Ճիշդ է, որ Գարեգին կաթողիկոսի շուրջը հաւաքուած եպիսկոպոսներ, արքեպիսկոպոսներ, վարդապետներ, վախնալով ընդհանրապէս չեն խօսիր այս մասին, բայց ժամանակը հասած է, որ բարձրաձայնեն։ Որովհետեւ եկեղեցին թաւալգլոր կʼերթայ առաջ։ Պէտք է անպայման կանոնագրութեան վրայ յենուելով պարտադրեն նախ Եպիսկոպոսական Ժողով մը եւ ի հարկին Ազգային – Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողով մը։ Բան մը, որ Գարեգին կաթողիկոս երբեք չ’ուզեր։ Բայց Եպիսկոպոսական Ժողովը իրաւունք ունի։ Սիրելի եպիսկոպոսներ, դուրս ելէք ձեր հանգիստէն։ Հայ եկեղեցին վտանգի տակ է։ Իմ կոչս ոչ միայն Մայր Աթոռի միաբանութեան է։ Իմ կոչս նաեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններուն է։ 

Կը ցաւիմ այստեղ նշելու, որ Արամ կաթողիկոս չեմ գիտեր ինչ հաշիւներէ ելլելով զինակցութիւն կը յայտնէ Գարեգին կաթողիկոսին։ Սիրելիներ, նախ եկեղեցին միացուցէք։ Դուք չէք կրնար հայրենի պետութիւնը փրկել` եկեղեցին փրկեցէք. ձեր անմիջական եկեղեցին, որուն սպասաւորներ էք։ Արամ կաթողիկոսին յայտարարութիւնը պատճառ եղաւ, որ կարգ մը եպիսկոպոսներ, վարդապետներ յանդգնին իշխանութեան դէմ գրութիւններ սփռելու։ Սիրելի վարդապետներ, եպիսկոպոսներ, դուք ձեր գործերովը զբաղեցէք։ Ժողովուրդը ձեր օրհնութեան պէտք ունի։ Ձեր քաղցր ժպիտին եւ խօսքին պէտք ունի։ Հեռու կեցէք քաղաքականութենէն։ Ձեր գործը չէ։ Դուք այդ ուխտը չկատարեցիք խորանին առջեւ։ Կատարեցիք այդ ուխտը ժողովուրդին սպասարկելու Աւետարանի ճամբով։ Եկեր էք հիմա քաղաքականութիւն կʼուզէք խաղալ։ Ամօթ է։ Այս բոլորը վարկ չեն բերեր ձեզի։ Ընդհակառակը, կʼարատաւորէք հայ եկեղեցւոյ հազարամեայ վարկը։ Ոչ միայն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, այլեւ խօսքս կʼուղղեմ նաեւ Երուսաղէմի զինուորեալ միաբանութեան, Նուրհան պատրիարքէն սկսած։ Նուրհան պատրիարքը տակաւին ոչ շատ հեռու անցեալին նամակ մը յղեց Գարեգին կաթողիկոսին, ըսելու, որ «լաւ կʼըլլայ, որ ինքզինքդ կարգազուրկ հռչակես որպէս անարժան կաթողիկոս»։ Տարիներ անցան, Նուրհան սրբազան։ Ըսելիք չունիս։ Ինչո՞ւ կը պապանձիս։ Նոյնը` Սահակ Մաշալեան պատրիարք Կոստանդնուպոլսոյ։ Ձեր շուրջ ունիք փոքրիկ միաբաններ։ Ըսելիքնիդ յստակ ըսէք։ Եթէ ձեր մտահոգութիւնը եկեղեցին է եւ եկեղեցւոյ ճամբով ժողովուրդին հոգեմտաւոր աշխարհն է` խօսեցէք։ Դուք բոլորդ ալ կը տեսնէք, թէ ի՞նչ կʼընէ Գարեգին կաթողիկոս, ելնելով իր անհատական եւ կուսակցական հաշիւներէ։ Չմոռնաք, որ ասոնք բոլորն ալ մնացած են նախկին համայնավար ռեժիմէն։ 

Համայնավարութիւնը իրենց ողնուծուծի մէջ մտած է։ Եկեղեցին իրենց համար արժէք մը չունի։ Իրենք եկեղեցւոյ կը նային որպէս շահաբեր հաստատութիւն մը։ Սիրելիներ, համախմբուեցէք։ Խօսեցէք սիրոյ մասին, համերաշխութեան մասին, հանդուրժողութեան մասին, որովհետեւ այդ բոլորով է, որ միայն անգամ մը եւս պիտի սիրաշահիք ժողովուրդը, որ արդէն հեռացած է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիէն։ Դուք հեռացուցիք։ Հիմա բարոյական պարտաւորութիւն ունիք ժողովուրդին մէջ սէր քարոզելու, որպէսզի այդ սիրոյ մէջէն անգամ մը եւս վերադառնան Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցի։ Այն եկեղեցին, որ մեր ողնասիւնն է ինքնութեան։ Այդ եկեղեցին այսօր պիտի համագործակցէր իշխանութեան հետ եւ ոչ թէ փորձէր տապալել իշխանութիւնը։ Ասոր խոր գիտակցութիւնը ունիք, բայց մի վախնաք ճշմարտութիւնը յայտարարելէ, որովհետեւ եկեղեցին կայ եւ պիտի մնայ։ 

ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ- 1999-ի Հոկտեմբեր 27-ի այդ աղէտալի օրը երկու հզօր հարուածի տակ յայտնուեցաւ հայ ազգը։ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան Սուրբ Աթոռին բազմեցաւ սրիկա մը, որուն կʼառաջարկեմ, որ ինքն ալ բագրատիկի նման ինքզինքը սառեցնէ, եւ միւս ազգային աղէտը` բոլորիս յայտնի է, օրուան առողջ մտածող ղեկավարութեան, յանձինս երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Կարէն Տեմիրճեանի նահատակութիւնը, ի շարս այլ նուիրեալ պետական գործիչներու։ Այս եղեռնագործութեան ահռելի հետեւանքները վերացնելու համար, բարեբախտաբար Հայաստանի Հանրապետութիւնը բռնած է ճիշդ ուղին, բազմազան դարձնելու իր արտաքին զինակցութիւնները եւ ժողովրդավարական իսկական հանրապետութիւն դառնալու, հզօր տնտեսութեամբ, հզօր պաշտպանութեան բանակով եւ նաեւ հզօր ժողովրդավարութեամբ Հայաստանը ամրապնդելու ճամբան։ 

Այս ընթացքով արդէն յայտնի է` եթէ այս չկաթողիկոսը եւ սառեցուած բագրատիկները շարունակեն մնալ եկեղեցւոյ պատնէշի վրայ, ապա օրէն «բանից դուրս պիտի գայ», որ Հայաստանեայց Առաքեական եկեղեցին 21րդ դարու այս ժամանակաշրջանին կը յայտնուի միջնադարեան քարանձաւային մտայնութիւն ունեցող մարդկանց հակակշիռին տակ։ 

Ժամանակը եկած է, որ գործնական կերպով ժողովուրդը ամէն կերպ, ամէնուրէք համախմբուածութեամբ իրականացնէ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ ինքնամաքրման եւ ազատագրութեան գործընթացը, որովհետեւ եթէ մենք իսկապէս կը հաւատանք, որ ունինք ժողովրդավար եւ գիտակից հանրապետութիւն եւ ոչ թէ թագաւորութիւն կամ միապետութիւն, եւ որ մեր պետութիւնը պանանային չէ, ուրեմն օրուան կառավարութիւնը եւ իրերայաջորդ կառավարութիւնները պարտաւոր են Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները պաշտպանելու ներքին տզրուկներու դէմ, 5-րդ շարասեան դէմ, որպէսզի մենք կարողանանք ճանապարհը 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *