Posted on September. 15. 2024
Չեխիոյ Փլզեն քաղաքին մէջ սկսաւ վազող թիրախ ձեւի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը։ Հայաստանի հրաձգութեան դաշնակցութենէն յայտնեցին, որ մրցումին առաջին օրը մրցումին մասնակցեցան չափահասները:
Ըստ նոյն աղբիւրին` 10 մեթր վազող թիրախ մրցաձեւի կիներու մրցումին մէջ լաւագոյնի կոչումին արժանացաւ Գոհար Յարութիւնեան:
Հայաստանը ներկայացնող Յարութիւնեան կիսաեզրափակիչին 6:2, իսկ եզրափակիչին 6:1 արդիւնքով առաւելութեան հասաւ ուքրանացի մարզիկներուն նկատմամբ եւ նուաճեց ախոյեանի տիտղոսը: Նոյն մրցումին Արուսեակ Գրիգորեան 550 միաւորով 5րդն է, իսկ Լիլիթ
Մկրտչեան 547 միաւորով գրաւեց 7րդ դիրքը:
Տղամարդոց մրցումին Յովհաննէս Մարգարեան 556 միաւոր արդիւնքով գրաւեց 12րդ դիրքը:
Գոհար Յարութիւնեան, Լիլիթ Մկրտչեան եւ Արուսեակ Գրիգորեան եռեակը 1649 միաւոր արդիւնքով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան արծաթէ
մետալակիր: