Կը Համադրուի «3+3» Ձեւաչափով Հանդիպումին Թուականը՝ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Մակարդակով

Posted on September. 15. 2024

«Նիա Նովոսթի»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ատրպէյճանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Եվտոքիմով յայտարարեց, որ ներկայիս կը համադրուի տարածաշրջանային «3+3» ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումին թուականը` արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով։
Ան յայտարարեց, որ տարածաշրջանին մէջ արտաքին միջամտութիւն կարել չէ, եւ Հարաւային Կովկասի պետութիւնները իրենք պէտք է լուծեն եղած հարցերը: Այդ պատճառով իբրեւ արդիւնաւէտ հարթակ է «3+3»ը:
Այս լոյսին տակ, ան մտահոգիչ նկատեց Հայաստանի վարած արտաքինքաղաքականութիւնը` ըսելով, թէ այդ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ:
«3+3»ը Ղարաբաղի 44օրեայ պատերազմէն ետք Թուրքիոյ նախաձեռնած եւ Ռուսիոյ աջակցութիւնը ստացած տարածաշրջանային համագործակցութեան ձեւաչափ է: Անիկա կ՛ենթադրէ հարաւային Կովկասի երեք երկիրներուն` Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ տարա-
ծաշրջանի երեք տէրութիւններուն` Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութիւնը: Վրաստան յայտարարեց, որ պիտի չմիանայ այս հարթակին՝ Ռուսիոյ հետ հակասութիւններուն պատճառով:
Այս ձեւաչափով առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 2021ի վերջաւորութեան։ Հոկտեմբեր 2023ին, Թեհրանի մէջ «3+3» ձեւաչափով առաջին
հանդիպումը տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով` դարձեալ առանց Թիֆլիսի մասնակցութեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *