Posted on September. 21. 2024
Ստորեւ կը ներկայացնենք 2024 թուականի 6 Սեպտեմբերի USA ARMENIAN LIFE հեռուստատեսային հաղորդաշարին արտագրուած «թեքսթ»ը՝ «ՀՀ, ԱՄՆ ԵՄ Իրան կտրականապէս հակառակ՝ ՌԴ-Պուտին-Ալիեւի-Ռոբոսերժի-գարեգին Բ.ի – ՀՅԴ-ի «Մեղրիի միջանցքին»։ Բացայայտումներ՝ հետազօտող ԱՐԹՈՒՐ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ ներ՝ Աբօ Չափարեանի եւ Ոսկան Մխիթարեանի կողմէ:
Եթէ կը ցանկաք ստանալ USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-ի յղումը էլեկտրոնային փոստով, կը խնդրենք ե-նամակ ուղարկել usarmenianlife@gmail.com ելեկտրոնային հասցէին կամ հեռաձայնել 818-241-5777 եւ փոխացեցէ՛ք Ձեր անունը, ազգանունը, հեռախօսի թիւը եւ ելեկտրոնային հասցէն:
Իսկ եթէ կը փափաքիք բաժանորդագրուիլ հայալեզու ԱՄՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Շաբաթաթերթի եւ USA ARMENIAN LIFE-ի տպագիր տարբերակին՝ ամեն շաբաթ ԱՄՆ փոստով ստանալու համար, փոխանցեցէ՛ք Ձեր տան, գրասենեակի կամ փոստարկղի հասցէն:
YouTube-ի մէջ դիտելու համար օգտագործեցէ՛ք հետեւեալ յղումը
https://youtu.be/iYKnTrCFTZc?si=O3QioR9ryieNMaWc
Բաժանորդագրուեցէ՛ք USA ARMENIAN LIFE TV-ի YouTube-եան ալիքին:
ԱԲՕ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.- Այս օրերեուն հարաւային Կովկասը, որ իրականութեան մէջ արեւելեան հայկական լեռնաշխարհն է, աննախընթաց աշխարհաքաղաքական եռուզեռ կ҆ապրի եւ այդ աշխարհաքաղաքական եռուզեռի մէջ, եթէ Հայաստանը եւ ընդհանրապէս աշխարհի հայութիւնը խաղընկեր չըլլան, ապա ուրեմն կը դառնան խաղալիք։
Կարեւոր է, որ այս ընդհանուր մթնոլորտի մէջ հայերը միշտ յիշեն, իմանան թէ ի՞նչն է իսկական դրդապատճառը, թէ ինչո՞ւ Ռուսաստանը կամ Ռուսական դաշնութիւնը կը փորձէ ամէն կերպ հայկական պետութիւնը վերացնել եւ «կուպերնիա»յի՝ նահանգի, ծայրագաւառի վերածել, որովհետեւ, ըստ երեւոյթին, եթէ 2020ի 44օրեային ցեղասպան Թուրքիոյ, ցեղասպան Ատրպէյճանին գաղտնի կերպով միացած էր Ռուսաստանը, յետոյ նոր մէջտեղ ելաւ, որ Հայաստանն ու աշխարհի հայութիւնը գործ ունին ցեղասպանական եռեակ պետութիւններու հետ, ապա ուրեմն հիմա հանգիստ կերպով կարելի է ըսել, որ այդ ցեղասպանական եռեակ պետութիւնները կը շարունակեն իրենց հակահայ, հայադաւ եւ հայատեաց քաղաքականութիւնը, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական, ռազմական, քաղաքական, ժողովրդավարական, սոցիալական, ուսումնական հզօրացումը իրենց համար մահացու հարուած է։
Ուրեմն այս իրողութեան դիմաց Ռուսաստանը ամէն կերպ կ҆աշխատի Ատրպէյճանի ձեռքով կրակի մէջէն շագանակ վերցնել։
Պիտի առաջարկէի, որ պարոն Մխիթարեանը վերջին զարգացումներու մասին իր ներկայացումը կատարէ եւ շարունակենք մեր զրոյցը։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ.- Պարոն Չափարեան, կ҆ուզեմ շատ լրջօրէն անդրադառնալ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի Պաքու այցելութեան մասին։ Անշուշտ այս մասին բոլորդ ալ կարդացիք, հաւանաբար տեսաք այս բոլորը հեռուստատեսիլէն ինչպէս Փութին գնաց Ալիեւի հօր շիրիմին ծաղկեպսակ դրաւ։ Այդ մասին պիտի չխօսիմ։ Այս բոլորի ընթացքին շատ հետաքրքրական տեղեկութիւն մը կայ, որ կ҆ուզեմ բոլորիդ փոխանցել, համասփիւռ հայութեան կ҆ուզեմ այդ մէկը փոխանցել։ Փութին եւ Ալիեւ այցելեցին ռուսական եկեղեցի մը։
Այդ տեղի արքեպիսկոպոսը կամ եպիսկոպոսը Ալեքսիա անունով շատ զգայացունց յայտարարութիւններ ըրաւ, որ ամէն ձեւով կը վարկաբեկէ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին։ Այս առիթով եպիսկոպոսը յայտարարութիւն ըրաւ, որ Բարթողիմէոս առաքեալի (մեր երկու հիմնադիրները բոլորդ գիտէք՝ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս) աճիւնները Պաքուի մէջ կը գտնուին։ Եւ հետեւաբար, բոլոր այն եկեղեցիները, որոնք հիմնուած էին Բարթողիմէոս առաքեալի միջոցաւ, այսօրուայ Ատրպէյճանի այսպէս ըսենք, տարածքին, բոլորն ալ աղուանական են։ Բան մը չմնաց հայկական։