Սամպօ. Տիգրան Կիրակոսեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Posted on May. 25. 2019

Սպանական Խիխոն քաղաքին մէջ նախորդ շաբաթավերջին սկիզբ առաւ Եւրոպայի սամպոյի ախոյեանութիւնը:
52 քկ դասակարգի մրցումներու աւարտականին Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Կիրակոսեան հանդիսացաւ ախոյեան` 2-1 արդիւնքով գերազանցելով իր ռուս մրցակիցը` Եւգենի Երիոմինը:
Ան յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով կը հռչակուի Եւրոպայի ախոյեան:
Ախոյեանութեան առաջին օրը պրոնզէ մետալներու տիրացան Ռաֆիկ Մանուկեան (68 քկ) եւ Պօղոս Բադալեան (57 քկ):
Հայաստանի կազմը այս ախոյեանութեան կը մասնակցի 19 մարզիկով:
Ախոյեանութեան երկրորդ օրը, թէեւ Գրիգոր Մխիթարեան հասաւ 57 քկ դասակարգի աւարտականին, սակայն պարտութիւն կրեց Ռուսիան ներկայացնող Վլատիմիր Կլատքիխէն եւ բաւականացաւ արծաթ մետալով մը` հանդիսանալով Եւրոպայի փոխախոյեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *