Նախագահ Սարգսեան. «Աշխարհը Դարձած Է Աւելի Բարդ, Եւ Լուծումներ Գտնելու Համար Միտքերու Գագաթնաժողովի Կարիք Ունինք»

Posted on June. 15. 2019

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն երէկ մասնակցած է Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցող «Միտքերու հայկական գագաթնաժողով»-ի եզրափակիչ քննարկումին: Քննարկումը վարած է «Միտքերու գագաթնաժողով»-ի կազմակերպիչ, «The Monthly Barometer»-ի հիմնադիր Թիերի Մալըրեն, մասնակցած են «Կուկըլ» ընկերութեան գնումներու գծով արտադրութեան տնօրէն Թետ Սոուտըրը, իտալական հանրայայտ «Լէոնարտօ» ընկերութեան ռազմավարութեան եւ արհեստագիտութեանց հարցերով տնօրէն Ճիորճիօ Մոսքան, Բրիտանիոյ Քենթի համալսարանի փրոֆեսէօր Ելենա Քորոսթելեւան, «Սայնոփսիս Արմենիա»-ի նախագահ Երուանդ Զօրեանը, Կեդրոնական դրամատան Դիլիջանի ուսումնահետազօտական կեդրոնի ղեկավար Արմէն Նուրբէկեանը:
Նախագահը նախ շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր մասնակիցներուն եւ գագաթնաժողովի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած անձերուն եւ ըսած. «Ես շատ բան սորվեցայ գագաթնաժողովէն, սակայն հիմնական երեք հարցերը կը շարունակեն մնալ. ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ, ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս ընել: Միակ բանը, որուն հաստատ համոզուած եմ, հետեւեալն է. մենք կարիք ունենք տապանի, որ, հաւանաբար, «Միտքերու գագաթնաժողով»-ն է, որ կրնայ փրկել աշխարհը, քանի որ աշխարհը դարձած է շատ աւելի բարդ: Այդ բարդութիւնը աւելին է, քան որեւէ արհեստական բանականութիւն կրնայ լուծել: Մենք մարդկային միտքերու գագաթնաժողովի, ինչպէս նաեւ ձեզի պէս մարդոց կարիքը ունինք` լուծումներ գտնելու համար»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *