Այնճարի Ազգագրական Թանգարանի Բացում

Posted on September. 20. 2019

Այնճարցիներու տարիներու երազը եղող ազգագրական թանգարանի բացումը իրականութիւն է արդէն, եւ անոր պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 14 սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Այնճարի մէջ:
Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկի հանդիսավար Զուարթ Քէշիշեան Մուսա լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին յոբելենական մարմինին անունով ողջունեց ներկաներընշելով, որ տարիներու երազը իրականութիւն դարձաւ: «Ազգագրական թանգարանի մը հաստատման գաղափարը ծնունդ առաւ 2010-ին, եւ շնորհիւ գիւղի պատկան մարմիններուն, գլխաւորութեամբ եւ անմիջական օգնութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին այսօր մենք կանգնած ենք գործնական իրագործման մը դիմաց», ըսաւ Քէշիշեաննշելով եւ թուելով թանգարանի զանազան բաժանմունքները, ընդգրկած թանկարժէք իրեղէնները: «Հայկական արժէքներու եւ ինքնութեան պահպանման առումով Այնճարի «Մուսա լեռ» ազգագրական թանգարանի ստեղծման իրողութիւնը մեծ իրադարձութիւն մըն է ո՛չ միայն Մուսա լերան ժառանգորդ սերունդին, այլեւ հայ ժողովուրդին համար», ընդգծեց անշնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք այս քայլին իրականացման նպաստող, օգտաշատ ներդրում ունեցած են: Ապա խօսք առաւ Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան, որ սեղմ տողերու մէջ եւ յուզումով վերյիշեց, թէ ինչպէ՛ս Այնճարի պատկան մարմինները ընդառաջելով ժողովուրդի փափաքին, որոշած են յոբելենական նախորդ մարմինին հետ ցուցադրել Մուսա լերան շրջանին թանկարժէք իրերու կողքին նաեւ Մուսա լերան յաղթանակի խորհրդանիշ դրօշը: Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան մէջբերեց իր եւ իր գործակիցներուն հետ վախճանեալ Խորէն Ա. վեհափառ հայրապետէն Մուսա լերան դրօշի ստանձնումի խորհուրդը եւ իր կարգին ներկաներուն պատգամեց` տէր ըլլալ այս նորակառոյց թանգարանին եւ հոն զետեղուող պատմական արժէքաւոր իրերուն: «Հոն պիտի պահենք ու պահպանենք մեր ազգային ու հայկական ոգին, հոգեմտաւոր արժէքներն ու մշակոյթը, եւ թող անիկա ներշնչարան դառնայ յաջորդող սերունդներուն, հոն պիտի պահենք մեր գիտակից պահանջատիրութիւնը այս թանգարանին մէջ պիտի պահենք մեր Մուսա լերան յաղթանակի ոգին», ընդգծեց Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան: Ան իր խօսքը եզրափակեց յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք նպաստած են թանգարանի շինութեան եւ իրերու պահպանման:
Աւարտին ներկաները շրջեցան թանգարանի զանազան բաժանմունքները եւ մօտէն ծանօթացան ցուցադրուած թանկարժէք իրերուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *