Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանը Թուրքիոյ Կողմէ Կատարուած Ներխուժումին Ունեցած Հետեւանքներուն Հայ Համայնքին Կեանքէն Ներս

Posted on October. 13. 2019

Վերջին օրերուն լրատուական միջազգային միջոցները կեդ-րոնացած են Սուրիոյ հիւսիսային շրջանէն ներս թրքական բանա-կային միաւորներու յառաջ-խաղացքին եւ անոր յառաջաց-ուցած մարդկային ու ֆիզիքական վնասներուն վրայ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մնայուն կապի մէջ է Ճէզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիաեանին հետ: Հայր սուրբը մանրամասն կերպով տեղեակ կը պահէ Վեհափառ Հայրապետը զանազան շրջաններէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն մասին:
Գամիշլիի հայահոծ շրջանին անմիջական վտանգ չի սպառնար, իսկ թրքական ներխուժումին անմիջականօրէն ենթակայ դարձած գիւղերը կը պարզեն հետեւեալ պատկերը.- Թէլ Ապյատ 15 ընտանիք, Րաս Ուլ-Էյն 2 ընտանիք, Տէրիք 60 ընտանիք եւ Հասիչէ 70 ընտանիք:
Նկատի ունենալով ստեղծուած կացութեան զգայուն հանգամանքը եւ շրջանէն ներս հայութեան փոքրաթիւ ներկայութիւնը եւ զանազան խմբա-ւորումներով շրջապատուած ըլլալը, անհրաժեշտ է, որ հայ լրատուական միջոցները, ինչպէս նաեւ անհատական, հեռու մնան իրողութիւններ ու թիւեր մատնանշելէ եւ մեկնաբանութիւններ կատարելէ: Այս հանգրուանին շրջանի մեր ժողովուրդին ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ առաւելագոյն չափով անոնց աջակցութիւնը կը նկատենք հրամայական:
Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը որոշ գումար մը դրած է Հայր սուրբին եւ Գամիշլիի թաղականութեան տրամա-դրութեան տակ, որպէսզի վերոյիշեալ շրջաններուն մէջ գտնուող կամ հեռացած նիւթական կարիք ունեցող ընտանիքներուն անհրաժեշտ օժանդակութիւնը կատարուի:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *