Շինիչ Քննադատութեան Մը Արդիւնքին Հետքերով

Posted on October. 13. 2019

20 Սեպտեմբեր 2019ին, Բաց Նամակ մը յղած էինք ՀՀ Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին, քննադատելով իր գրասենեակին կողմէ Սփիւռքի երիտասարդութեան ուղղուած՝ ՆերՈւժ ծրագրին վերաբերող յայտարարութեան լեզուն, որ արեւելահայերէն էր միայն: Մեր Բաց Նամակին մէջ գովելով հանդերձ արեւելահայերէնը, ուզած էինք, Պրն. Սինանեանին ուշադրութեան յանձնել, որ Սփիւռքահայութեան ուղղուած յայտարարութիւն մը պէտք է գոնէ իր արեւմտահայերէն տարբերակը ունենայ եւ եթէ յայտարարութեան թիրախը սփիւռքահայ երիտասարդութիւնն է, ապա ինչու չէ նաեւ ըլլան այլ լեզուներով ալ տարբերակներ:
Օրին սփիւռքահայ, ինչպէս նաեւ Հայրենի մամուլը լայն տեղ տուաւ նշուած նամակին, որ անշուշտ հասաւ իր հասցէատիրոջ եւ ոչ միայն:
Այսօր ուրախութեամբ կը նշենք, եւ ի պատիւ Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատարի գրասենեակին, որ այդ նոյն յայտարարութիւնն ու անոր լրացուցիչ յայտարարութիւնները մամուլին (առ ի հրատարակութիւն) անոնք տարածեցին արեւելահայերէնէն բացի, նաեւ արեւմտահայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներով: Շնորհակալ եւ շնորհաւորելի քայլ մը, որ ցոյց կու տայ շինիչ քննադատութեան մը օգուտը, ինչպէս նաեւ խնդրոյ առարկայ կողմին գիտակից հասկացողութիւնը:
Արեւմտահայերէն տարբերակին մէջ նշմարելի էին կարգ մը ուղղագրական սխալներ, որոնք անշուշտ ժամանակի ընթացքին եւ փորձով վերոյիշեալ գրասենեակը իր կարելին պիտի ընէ ուղղելու:
Կը մնայ այս առիթով ընել այլ շինիչ քննադատութիւն մը, որ այս անգամ անշուշտ չի վերաբերիր Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատարի գրասենեակին, այլ՝ ՀՀ Ազգային ժողովին ու կառավարութեան: Եթէ մեր Հայրենիքին պաշտօնական լեզուն հայերէնն է, ապա ինչո՞ւ անոր կառավարութեան կարգ մը նախարարութիւններուն անուններուն մէջ կան օտար բառեր, որոնց փոփոխութիւնը գովելի քայլ մը կրնայ ըլլալ մեր լեզուն օտարոտի բառերէն ձերբազատելու ճամբուն վրայ:
Օրինակի համար ինչո՞ւ ՀՀ բարձր ՏԵԽՆՈԼՈԳԻԱԿԱՆ արդիւնաբերութեան նախարարութիւն եւ ո՛չ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ…:
Ինչո՞ւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ ՍՊՈՐՏԻ նախարարութիւն եւ ո՛չ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԱՆՔԻ…:
Ինչո՞ւ ՀՀ աշխատանքի եւ ՍՈՑԻԱԼԱԿԱՆ հարցերի նախարարութիւն եւ ո՛չ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ…:
Ինչո՞ւ ԷԿՈՆՈՄԻԿԱՅԻ նախարարութիւն, եւ ո՛չ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ…:
Լիայոյս ենք, որ վերոյիշեալ նկատողութիւնը նաեւ կ՛ունենայ զինք լսող ականջները, յօգուտ մեր լեզուին մաքրութեան ու հարազատութեան եւ շուտով քայլեր կ՛առնուին վերատեսութեան ենթարկելու նշեալ անունները:
Նաեւ յոյսով ենք, որ այս եւ նման նկատողութիւններ խթան կը հանդիսանան նոյն այդ կառավարութեան անդամներուն, անոր թիւ մէկէն սկսեալ, վերատեսութեան ենթարկելու իրենց հայերէնի բառապաշարը, որպէսզի ան իբրեւ օրինակ ծառայէ նաեւ հայրենաբնակ մեր սիրելի ժողովուրդին գործածած խօսակցական, երբեմն՝ խորթ լեզուին…: ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *