Վարչապետ Փաշինեան Եւ Չեխիոյ Նոր Նշանակուած Դեսպանը Քննարկած Են Առեւտրական – Տնտեսական Գործակցութեան Ընդլայնման Վերաբերող Հարցեր

Posted on October. 26. 2019

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ Չեխ-իոյ նոր նշանակուած դեսպան Պետրիխ Քոփեցքին, կը տեղեկացնէ վարչապետի աշխատակազմի տե-ղեկատուութեան եւ հասարակու-թեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գոհունակութեամբ յիշած է այս տարուան սեպտեմբերին Նիւ ԵորքիՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ, Չեխիոյ վարչապետին հետ հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած են փոխադարձ գործակցութեան հարցեր, եւ պայմանաւորուածութիւնը աշխուժացնելու բարձրաստիճան պաշտօնական փոխադարձ այցելութիւնները: Վարչապետը երախտագիտութիւն յայտնած է Չեխիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման համարնշելով, որ փաստաթուղթի արագ վաւերացումը պիտի նպաստէ Հայաստանի բարեփոխումներու օրակարգի արդիւնաւէտ իրագործման: Հայաստանի մէջ Չեխիոյ դեսպանը նշած է, որ Չեխիան կը սատարէ Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներուն եւ պատրաստ է երկկողմանի ու բազմակողմանի Եւրոպական Միութեան, Արեւելեան գործընկերութեան ձեւաչափերուն մէջ զարգացնելու կապերը:
Նոյն աղբիւրին հաղորդումովզրուցակիցները քննարկած են փոխշահաւէտ ուղղութիւններով առեւտրական-տնտեսական գործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր, անդրադարձած օդային ուղիղ հաղորդակցութեան հաստատման կարելիութիւններուն, միտքեր փոխանակած Եւրոպական Միութեան շրջագիծին մէջ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման հոլովոյթին շուրջ: Վարչապետը կարեւոր նկատած է Չեխիոյ հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *