«Հայաստանին Տրամադրուած Են Այնպիսի Զինատեսակներ, Որոնք Այլ Երկիրներուն Չեն Վաճառուիր» Կ՛ըսէ Քալաշնիքով

Posted on November. 8. 2019

ՀԱՊԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի նիստի ընթացքին Ազր-պէյճանին մատակարա-րուող զէնքի հարց չէ քննարկուած, ատիկա խորհրդարանական վեհա-ժողովի լիազօրութեան ծիրին մէջ չէ: Այս մասին դռնփակ նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ-ի գործերով, Եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի ղեկավար Լէոնիտ Քալաշնիքով:
«Կան երկիրներու ղեկավարներ, որոնք, հաւանաբար այս հարցը կը քննարկեն, սակայն ես չեմ կրնար զէնքի մասին որեւէ բան ըսել: Այս մասին բազմիցս խօսուած է», մանրամասնեց Քալաշնիքով: Ան ըսաւ, թէ Ռուսիան ո՛չ միայն Ազրպէյճանին զէնք կը վաճառէ, այլ նաեւ իր բոլոր գործընկերներուն, որոնց շարքին` Հայաստանին:
«Հայաստանի Հանրապետութեան տրամադրուած են այնպիսի զինատեսակներ, որոնք նախապէս երբեք չեն եղած, այնպէս որ, կը կարծեմ, այս հարցին մէջ Ռուսիայէն զինատեսակներու մատակարարման համար նեղանալը «մեղք է»: Հայաստանի Հանրապետութեան նաեւ կը վաճառուի այնպիսի զէնք, որ այլ երկիրներուն չի վաճառուիր», նկատեց ան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *