ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ

Posted on February. 27. 2020

Մինչեւ ե՞րբ սնանկացած վաճառականներու պէս հին տետրակները պիտի պրպտէք: Այդքա՞ն կարեւոր է Ուինզըրի (Windsor) մէջ նոր համայնք ստեղծելու հարցը, որ գլխագիր տառերով «Պայքար»ի մէջ կը յայտարարէք. «ԱՆԹԻԼԻԱՍԱԿԱՆ ՆՈՐ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆ ԳԱՆԱՏԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ»: Որպէս տխուր իրողութիւն, Գանատահայոց մէջ արդէն երկու թեմ կայ, հետեւաբար ինչո՞ւ այս աւելորդ, անտեղի եւ անիմաստ յայտարարութիւնը: Կիրքեր հրահրելո՞ւ համար է, թէ՞ կ’ուզէք ցոյց տալ թէ շահագրգռուած էք Հայց. Եկեղեցւոյ ապագայով, ինչ որ երբեք իրականութեան չի համապատասխաներ:

            Անկեղծ ըլլանք մեր գնահատականներուն մէջ: Պաշտօնապէս կը յայտարարէք. «…27 տարիներէ ի վեր, Windsor-ի փոքր համայնքին մէջ Գանատահայոց Թեմին եւ օրուան Առաջնորդին՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի որոշումով արդէն իսկ ստեղծուած էր ծուխ մը: Նկատի ունենալով այդ փոքր համայնքին նիւթական սեղմ պայմանները, Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրահանգով որոշ Կիրակիներ [ընդգծումը՝ մեզմէ . Ո.Մ.] այցելու քահանայ մը կ’առաքուի ի Windsor, Ս. Պատարագ մատուցանելու …»: Հիմա հարց կը ծագի մեր մտքին մէջ թէ ի՞նչ է պատճառը որ 27 տարիներու ընթացքին թուղթի վրայ պահեցիք այդ եկեղեցին եւ չկրցաք եկեղեցի մը կառուցանել,  եւ հետեւաբար մնայուն հովիւ մըն ալ չկրցաք ապահովել այդ գաղութին: Յովնան սրբազան նմանօրինակ թուղթերու վրայ ստեղծեց տասէ աւելի նոր ծուխեր Ամերիկայի արեւմտեան ափին վրայ, ցոյց տալու համար մարդոց՝ թէ  «գործի վրայ է»: Փութամ շեշտել, թէ վերեւ կատարուած յիշատակումներով չեմ փորձեր արդարացնել Կիլիկեան, –եւ ո՛չ թէ ձեր նախատական շեշտադրումով՝ «Անթիլիասական»–, թեմին  անտրամաբանական արարքը: 

            Ձեր ենթախորագրի նախատական խօսքերով, («Բաժանեալ Եկեղեցին կը պառակտէ Ուինզըրի համայնքը»), դուք անգամ մը եւս կը ժայթքէք ձեր մաղձն ու ատելութիւնը հանդէպ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, եւ ատով  հանդերձ կեղծօրէն կը յաւակնիք խօսիլ Եկեղեցւոյ միութեան մասին: Չմոռնա՜ք որ նոյնքան եւ առաւել եւս տխուր ու գործօն դերակատարներ եղաք այդ ահաւոր, շինծու բաժանումին, եւ չհանադարտեցաք մինչեւ որ սեւ ու ցուրտ հողին յանձնեցիք 48-ամեայ երիտասարդ, ազնիւ եւ տիպար հոգեւորականը՝ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին: Անհասկնալի է թէեւ, թէ ինչու՞ իւրաքանչիւր խմբակ կամ կողմ, մոռնալով ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն ճողոպրած եւ նոր ընձիւղած հայութեան ընդհանրական շահերը,  կ’երկփեղկէ եւ կը խորտակէ համասփիւռ հայութեան երազները, մեկնելով անհատական եւ կուսակցական շահերէ: Հազա՜ր ափսոս… այսօր անգամ մը եւս կը շնչենք այդ թունաւոր օդը մեր ռամկավար եղբայրներու նախատական խօսքերով: Մի՛ մոռնաք որ բոլորդ ալ մեծաւ մասամբ կիլիկեցիներ էք: Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատիւը բոլորիդ կը պատկանի, ու ձերն են նաեւ անոր գոյութեան սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրները:

            Եթէ իսկապէ՛ս այդքան մտահոգ էք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ վարկով եւ հեղինակութեամբ, ինչո՞ւ լռած էք եւ ձեր մամուլին մէջ չէք անդրադառնար Մայր Աթոռէն ներս եւ անոր շուրջ կատարուած օրինազանցութիւններուն.-

            1.-Սրբութիւններու վաճառում….

            2.- Անօրինական կարգազրկումներ առաւել քան 100 անձանց: Պէտք կա՞յ արդեօք ցանկը անգամ մը եւս ներկայացնելու մեր ընթերցողներուն:

            3.- Կանոնագրային խախտումներ եւ կամաւոր մեկնաբանութիւններ: Տակաւին վերջերս, կաթողիկոսի արտօնութեամբ եւ օրհնութեամբ, քահանան թողուց իր      կինն ու երկու երախաները եւ վեղար ստացաւ: Տակաւին չենք ուզեր խօսիլ այն մասին, որ վարդապետը կին առաւ՝ քահանայացաւ, ապա թողուց իր կինը եւ դարձեալ վեղար ստացաւ ու ապա եպիսկոպոսացաւ…:  Ո՜ւր կ’երթանք:

            4.- Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամներու ըստ կամս փոփոխութեանց անիրաւութիւնը…:  Ո՞ւր մնաց Ազգային Եկեղեցական Ժողովին հեղինակութիւնը:

            Եթէ շարունակենք շարքը երկարել Մայր Աթոռէն ներս կատարուած օրինազանցութիւններուն, մեր յօդուածին նպատակէն շեղած կ’ըլլանք: Պարզապէս կ’ուզենք յուշել մեր ռամկավար եղբայրներուն եւ բոլոր անոնց որոնք իրենց մամուլով տեղ տուին Գանատայի առաջնորդարանի շա՜տ լուրջ յայտարարութեան, որպէսզի սթափին եւ բաժակ մը սուրճի մէջ ո՛չ փոթորիկ ստեղծեն, ո՛չ ալ խեղդուին:

            Հայց. Առաքելական Եկեղեցին լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը կանգնի այսօր: Թափանցիկութեան եւ հաշուետուութեան բացակայութիւնը ստեղծած է բացարձակ կղերապետութիւն, անտեսելով կարգ ու կանոն:  Հետեւաբար՝ Ուինզըրը պատրուակ բռնելով՝ նոր փոթորիկ մի՛ ստեղծէք եթէ իսկապէս կը հաւատաք Հայ Եկեղեցւոյ կատարած եւ կատարելիք առաքելութեան: Փաստուած իրականութիւն է, թէ դարերու ընթացքին մեր կեանքին մէջ Եկեղեցւոյ վերապահուած է կարեւոր դերակատարութիւն մը՝ որպէս բարոյական հեղինակութիւն, եւ ո՛չ թէ բռնակալ իշխանութիւն:

            Սխալ չհասկցուելու համար, չեմ փորձեր միայն Մայր Աթոռը կշտամբել վերեւ յիշատակուած օրինազանցութիւններուն համար. նո՛յնքան ալ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր գահակալով՝ օրինական խախտումներու մէջ է, շեղելով իր կանոնագրութենէն, որովհետեւ՝ շփոթած են Աթոռի հեղինակութիւնը կղերապետութեան եւ մենատիրութեան հետ: Ժամանակը վաղուց հասած է  Եկեղեցւոյ անյապաղ բարկարգութեան՝ ժողովուրդին գործօն մասնակցութեամբ:

            Այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի ամենահրատապ հարցն է ինքնութեան պահպանումը՝ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ համասփիւռ հայութեան մօտ: Մասնաւորաբար՝ ութ միլիոննոց Սփիւռքը կը տառապի եւ կը հիւծի այսօր իր ինքնութիւնը պահելու անհատնում մարտահրաւէրներուն դիմաց: Պիտի չդադրինք յայտարարելէ,  թէ հայապահպանումի պայքարին յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ հայ վարժարաններու բազմացման եւ ո՛չ թէ թուղթի վրայ եկեղեցիներու գոյութեան մէջ: Նկատի ունենալով ձուլումի վտանգը սփիւռքահայ բոլոր գաղութներուն մէջ, պարտաւոր ենք ի գին ամէն զոհողութեան բանալ, եւ Ո՛Չ ԹԷ ՓԱԿԵԼ, հայեցի դաստիարակութեան օճախներ, եւ եղածներուն վրայ ալ գուրգուրալ ու պահել զանոնք՝ ինչպէս կը պահենք մեր եկեղեցիները, որովհետեւ հայ դպրոցը տաճարն է մեսրոպաշունչ հայ լեզուին, իսկ առանց հայ լեզուի չկայ ինքնութիւն:

            Ե՞րբ պիտի հասնինք ինքնագիտակցութեան այ՛ն մակարդակին, ուր քաջութիւնը պիտի ունենանք խօսելու եւ պահանջելու ազգի գործերուն մէջ մեր անսակարկ մասնակցութեան իրաւունքը: Մամոնայապաշտ սքեմաւորները, այդ ստրկացած հոգիները ոչինչով կ’արդարացնեն իրենց գոյութիւնը:  Իրենց հանգիստն ու պաշտօնները ապահով պահելու համար ծախած են մարդկային արժանիքներու բոլոր սկզբունքները, եւ հոգեւոր աղքատութեան մէջ տուայտելով կը պահեն իրենց ստորաքարշ գոյութիւնը:

            Տարիներէ ի վեր ահազանգային վիճակ կը տիրէ Սուրիոյ մէջ: Կորսնցուցինք այդ երբեմնի հայահոծ շէն գաղութը, հայութեան միջնաբերդը: Բան մը չսորվեցա՞նք Լիբանանի քսանամեայ քաղաքական կռիւներէն եւ պատերազմէն:  Կորսնցուցինք լիբանանահայութիւնը, որ այսօր կը փորձէ իր գոյութիւնը պահպանել հազիւ 30 հազարի հասնող իր թիւով: Ո՞ւր մնաց հայութեան խիղճը…:

Վե՛րջ տուէք այս անտեղի եւ անիմաստ պայքարներուն:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

27 Փետրուար 2020

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *