Աստուծոյ եւ Ազգին Նուիրեալ Ճարտարապետ՝ Միքայէլ Եղբ. Եուսուֆեան կը Պարգեւատրուի

Posted on March. 14. 2020

Փասատինայի Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցիի կազմա-կերպութեամբ, Շաբաթ, 15 Փետրուար 2020, երեկոյեան ժամը՝ 7:00 –ին, Եկեղեցւոյ Տէրեան սրահը լեցուած էր հաւատացեալներով, ուր տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, որու ընթացքին ներկայացուեցաւ Միքայէլ Եղբ. Եուսուֆեանի վաթսունէ աւելի տարիներու նուիրական ծառայութիւնը Աստուծոյ եւ ազգին ու անոր գրչին՝ 7-րդ «Հոգիի Երգեր» գիրքին ներկայացումը։
Յայտագիրը սկսաւ Յոբելեարին թոռներուն՝ Ալեքսա Եուսուֆեանի եւ Ռուպի Շնօլի բացման աղօթքով։
Բացման խօսքը ըրաւ Կիլիկիա Եկեղեցւոյ Վարչութեան Ատենապետ՝ Արա Ասիլիեան։
Յայտագիրը կ՚ ընդգրկեր.-
Տեսաերիզի Ցուցադրութիւն, ուր ցուցադրուեցաւ Միքայէլ Եղբ. hամարօտ բայց իմաստալից կեանքի ծառայութեամբ լեցուն հանգրուանները։
Գեղարուեստական բաժինով իրենց մասնակցութիւնը բերին.-
Մեներգ՝ Կարօ Սիւլահեան։
Մեներգ՝ Մարալ Բարսեղեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Եսթեր Ասիլեանի։
Արտասանութիւն/ Խմբերգ՝ Սահակ Մեսրոպ Վարժարանի աշակերտները։
Ջութակի եւ Սրինգի վրայ նուագ՝ Սարին եւ Փաթիլ Տաղլեաններ։
Ասմունք՝ Թագուհի Արզումանեան։
Դաշնակ՝ Յոբելեարին թոռնիկը՝ Լիւքա Եուսուֆեան։
Դաշնակ եւ սրինգ՝ Յոբելարին դուստրը՝ Ալին Աստրաճեան, ընկերա-կցութեամբ՝ Փաթիլ Տաղլեանի։
Տպաւորութիւններով հանդէս եկան՝ Վեր. Յովսէփ Մաթոսեան, Վեր. Վաչէ Էքմէքճեանեւ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան։
Շնորհաւորագիրներուն մէջ եզակի տեղ գրաւեց Ամերիկայի Հայ Աւետա-րանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեանի շնորհաւո-րագիրը։
«Հոգիի Երգեր» Արձակ եւ Բանա-ստեղծութիւններ գիրքը, նաեւ Յոբելեար հեղինակը՝ Միքայէլ Եղբ. Եուսուֆեանը ներկայացուց՝ Կիլիկիա Եկեղեցւոյ Աւագ Հովիւ՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան։
Վերապատուելին մանրամասնօրէն անդրադարձաւ գիրքին ուր շեշտը կը դրուէր Աստուածասիրութեան, Ազգա-սիրութեան եւ ծառայութեան, նաեւ ան վեր առաւ հեղինակին մատուցած նուիրական եւ անշահախնդիր ծառայութիւնները՝ Աստուծոյ, Եկեղեցիին, Հայ ազգին եւ յատկապէս Հայ Դպրոցին, ըլլայ՝ Պէյրութի մէջ եւ կամ Փասատինայի մէջ։
Ապա, գնահատելով Միքայէլ Եղբ. Եուսուֆեանի Վաթսունէ աւելի տարիներու նուիրական անշահախնդիր ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցիին ու Հայ Դպրոցին մէջ, Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցիի անունով եւ ներկաներուն յոտնկայս ծափողչիւններով պարգեւատրուեցաւ Միքայէլ Եղբ. Եուսուֆեանը, Հայ Կիլիկիա Եկեղեցիի «Խաչքար» գնահատանքով։
Հուսկ Յոբելեար՝ Միքայէլ Եղբ. Եուսուֆեան իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ շեշտեց ըսելով.«Նախ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ եւ ապա Եկեղեցիին եւ գնահատանքը ու փառքը ինծի չէ այլ Տէր Յիսուս Քրիստոսի։»
Երեկոն վերջ գտաւ ժողովուրդի «Փառք եւ Պատիւ» Փառաբանական երգով, Տէրունական Աղօթքի երգեցողութեամբ եւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի Առաքելական Օրհնութեամբ։
Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցի
Փասատինա

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *