Ճատրակ.Արոնեանի Յաջող Ելոյթներու Շարքը Կը Շարունակուի

Posted on May. 13. 2020

Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեանի յաջող ելոյթներու շարքը կը շարունակուի «ՖԻՏԷ»- ին կողմէ կազմակերպուած «Ազգերու- Լիկա»-ի ճատրակի միջազգային առցանց մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ առաջին անգամ ըլլալով:
Արոնեան, որ մաս կը կազմէ Եւրոպայի հաւաքականին, 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, յաղթանակ արձանագրեց աշխարհի հաւաքականին մաս կազմող իրանցի իր մրցակիցին՝ Ալիռեզա ֆիրուզժայի դէմ, մինչ 6-րդ հանգրուանին ան հաւասարութիւն մը արձանագրեց ռուս Վլատիսլաւ Արտյոմի դէմ:
Եւրոպայի հաւաքականը, որ իր այժմ տրամադրութեան ունի 9 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Չինաստան՝ 11 կէտով:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *