Պոլսոյ Հայկական Եկեղեցւոյ Դէմ Կատարուած Ոտնձգութեան Հարցը Թուրքիոյ Խորհրդարան Տեղափոխուած է

Posted on May. 14. 2020

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդա-վարական Կուսակցութենէն (HDP-ԺԺԿ) ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան հայկական եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակման հարցը տեղափոխած է երկրի խոր-հրդարան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։
Ան գրաւոր հարցում ներկայացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարանուղղուած ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ քաղաքացներէն մէկը 8 Մայիսին փորձած էր վառել Իսթանպուլ քաղաքի Պաքըրքէօյ շրջանի Զեյթինլիք թաղամասի մէջ գտնուող հայկական Ծնունդ Սբ. Աստուածածնի եկեղեցւոյ դուռը, բայց չէր յաջողած: Փայլան հանրութեան ուշադրութեան կիզակէտ դարձուցած է, որ դէպքին համար բերման ենթարկուած անձնաւորութիւնը իր խոստովանական ցուցմունքով որպէս իր արարքին պատճառաբանած է հետեւեալը. «Որովետեւ պսակաձեւ ժահրը ասոնք (հայեր-խմբ.) բերած են»: Հայ պատգամաւորն ընդգծած է նաեւ, որ ատելութեան մթնոլորտի պայմաններու տակ Պաքըրքէօյի եւ տարբեր շրջաններու մէջ պարբերաբար եկեղեցիներուն նկատմամբ ոտնձգութիւններ կը կատարուին: Եղած են դէպքեր, երբ ցեղապաշտական, ազգայնամոլական բնոյթի գրութիւններ տեղ գտած են հայկական եկեղեցիներու պատերուն վրայ: Այս բոլորը նկատի առնելով Կարօ Փայլան Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին ուղղած է հետեւեալ հարցերը. Չէք կարծե՞ր, որ փոքրամասնութիւններու կրօնական հաստատութիւններուն հանդէպ ատելութեան հողին վրայ իրականացուող յարձակումներու վրայ ազդեցութիւն կ’ունենան Թուրքիոյ նախագահի կողմէն գործածուող խօսքերը, ինչպէս օրինակ «Թուրի աւելցուկ» արտայայտութիւնն է:
Ինչպիսի՞ միջոցներ կը ձեռնարկէք յաճախակի յարձակման ենթարկուող փոքրամասնութիւններուն պատկանող կրօնական հաստատութիւնները պաշտպանելու համար:
Ըստ ինծի` ատելութեան հողին վրայ իրականացուող այս յարձակումները ինչպէս նախապէս, այնպէս ալ հիմա, կ’ուղղորդուին պետութեան ներսը գտնուող տեսանելի կամ անտեսանելի կեդրոններու կողմէ: Հակառակը կրնա՞ք պնդել:
Յիշեցնենք, որ Իսթանպուլի ոստիկանութիւնը եկեղեցւոյ տարածքին անվտանգութեան տեսախցիկներուն շնորհիւ յանցագործը յայտնաբերած ու բերման ենթարկած է զինք: Վերջինս իր խոստովանական ցուցմունքով որպէս իր կատարածին պատճառ յայտնած է հետեւեալը. «Որովետեւ պսակաձեւ ժահրը ասոնք (հայերը-խմբ.) բերած են»:
Իսթանպուլի նահանգապետարանը տեղեկացուցած է, որ յանցագործը ձերբակալուած է, եւ նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *