ԳԱՐԵԳԻՆ Բ-Ի 14 ԱՊՐԻԼԻ ԵԼՈՅԹԻ ՄՈՒԹ ԾԱԼՔԵՐԸ

Posted on May. 16. 2020

Լուսարձակի տակ
ԳԵՂԱՐԴ, 10 Մայիս 2020
Ապրիլ ամսի կէսէն աշխարհասփիւռ հայութեան քննարկած նիւթերէն է Մայր Աթոռի գահակալ Գարեգին Բ-ի 14 Ապ-րիլի ելոյթը: Ան կը դիմէր Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն՝ պսակաձեւ ժահրի այս պայմաններուն մէջ «մարդկայնութիւն» ցուցաբերել քրէական ծանր մեղադրանքներով ամբաստանուած Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ եւ անոր կալանքը փոխել, այսինքն՝ զայն փաստօրէն ազատ արձակել:
Յաջորդ օրը, Հ. Հ.ի իրաւապահ մարմինները յայտարարեցին Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ «արքեպիսկոպոս» Կճոյեանի նկատմամբ քրէական գործ յարուցելու մասին: Յաջորդ օրերուն ու մինչեւ այսօր, Մայր Աթոռի Տեղեկատուական Համակարգը եւ Գարեգին Բ.ի գլխաւորած հակայեղափոխական ճամբարի տեղական ու սփիւռքեան բաղադրիչները՝ քոչարեանականներ, ՀՀԿ, ՀՅԴ, թեմակալ առաջնորդներ, թեմերու հոգեւորականաց դասերուն անունով Մայր Աթոռին մէջ թխուած կիսաարեւելահայերէն-կիսաարեւմտահայերէն խառնալեզու յայտարարութիւններ, զանազան մեծ ու փոքր չափի արարածներ հաւար փրցուցին, թէ «Հասէ՜ք, սորոսականները նորէն սկսան Հայ Եկեղեցին հարուածել»:
Նախ՝ յոյժ կարեւոր պարզաբանում մը. Հայ Եկեղեցին միայն Մայր Աթոռը չէ, այլեւ նուիրապետական միւս երեք Աթոռները, իսկ Մայր Աթոռը հաւասար չէ անոր գահակալին. Մայր Աթոռը կ’ընդգրկէ ամբողջ միաբանութիւնը, քահանայից, դպրաց ու սարկաւագաց դասերը, թեմերը, եւ, ի վերջոյ, Մայր Աթոռի հովանիին տակ գտնուող հաւատացեալներու ամբողջ հանրոյթը:
Ի դէպ, վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ հայութեան առնուազն 80 տոկոսը դէմ էր Գարեգին Բ.ի գահակալութեան շարունակութեան ու կը պահանջէր անոր անյապաղ հրաժարականը կամ հրաժարեցումը, մինչեւ իսկ արտաքսումը Եկեղեցիէն: Այդ ցուցանիշը 14 Ապրիլի ելոյթէն ետք բարձրացած է շուրջ 10 տոկոսով, այսինքն՝ Գարեգին Բ.ը մերժելի է հայ ժողովուրդի բացարձակ մեծամասնութեան կողմէ:
Իսկ ինչո՞ւ Գարեգին Բ.ը ելոյթ ունեցաւ 14 Ապրիլի օրը եւ ոչ թէ նախորդ կամ յաջորդ օրերուն: Չենք կարծեր, թէ ան այնքան անմիտ էր չհասկնալու, որ իր ելոյթը իր դէմ կատաղի հակազդեցութիւն պիտի յառաջացնէ՝ նկատի ունենալով Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ համահայկական ատելութիւնը: Մեր համոզումով, Գարեգին Բ.ը ՇԱՏ ԼԱՒ ԳԻՏԷՐ, թէ իր ելոյթը պիտի բորբոքէր ժողովրդային ատելութիւնը իր հանդէպ: Բայց … ուզուածը ճի՛շդ այդ էր, որպէսզի այդ ժողովրդային վրդովմունքը օգտագործուի բարձրաձայնելու Եկեղեցւոյ դէմ իբր նոր արշաւի մասին: Մէկ խօսքով, դիմուած էր «լաւագոյն պաշտպանողականը յարձակողականն է» մարտավարական հնարքին: Այլ խօսք, որ այդ ատելութիւնը բորբոքելու «առարկան»՝ Ռոպերթ Քոչարեանը, Մայր Աթոռի անարժան գահակալին յուշած կրնան ըլլալ անոր փչացած շրջանակի քոչարեանապաշտ դէմքերէն կարկառուն Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ «արքեպիսկոպոս» Մարտիրոսեանն ու Մայր Աթոռի դիւանապետ, Գարեգին Բ.ի համագիւղացի, խարդաւանքներու անզուգական մասնագէտ Արշակ «եպիսկոպոս» Խաչատրեանը:
Շան գլուխը թաղուած է մէկ ուրիշ տեղ եւ ոչ թէ Քոչարեանի անձին մէջ: Արդարեւ, 13 Ապրիլին արդէն յայտնի էր, որ Նաւասարդ «արքեպիսկոպոս»ը մեղադրուելու է դրամի իւրացումներու եւ լուացումներու համար եւ անոր շահատակութիւնները օֆշորներէն պիտի հասնին Մայր Աթոռ, անձնապէս նաեւ Գարեգին Բ.ին: Վերջինիս դրամական ու այլ շահատակութեանց մասին զանգուածային լրատուամիջոցներն ու ընկերային ցանցերը հեղեղուած են ԱՆՀԵՐՔԵԼԻ փաստերով, որոնց դիմաց Մայր Աթոռը կը նախընտրէ լռել: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս խօսին, եթէ այդ համակարգի շատ դէմքեր, մասնաւորաբար «սրբազան»ներ խրուած են սեռային, դրամական եւ այլ գայթակղութիւններու մէջ:
Հասկնալի է, որ այս վոհմակը պիտի դիմէր ինքնապաշտպանութեան: Զգալով մօտալուտ փոթորիկը՝ Հ. Հ.ի իշխանութեանց կողմէ «եկեղեցական»ներու՝ պետական օրէնքները խախտելու համար պատասխանատուութեան կանչուիլը, ան հարայ-հրոց բարձրացուց ԿԱՆԽԱՒ, որպէսզի երբ Փաշինեանը, փտածութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ հասնի նաեւ այս սքեմաւոր անոպաներուն, սկիզբէն իսկ իրենք զիրենք ապահովագրած ըլլան՝ Հայ Եկեղեցւոյ դէմ սորոսականներու, աղանդաւորներու ու նմաններու կողմէ հալածանքը վերսկսելու պաշտպանիչ վահանով:
Սակայն, ինչ հնարքի ալ դիմեն, պիտի ձախողին, քանզի Հ. Հ.ի իշխանութիւնները եւ հայ ժողովուրդը ՎՃՌԱԾ ԵՆ Մայր Աթոռը մաքրել ամէն տեսակի աղտեղութիւններէն՝ անոր վերադարձնելու իր հմայքն ու սրբութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *