ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿՆԱՄԵԾԱՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Posted on May. 16. 2020

Կնամեծար. ա։ Կին մեծարող. կնոջ առջեւ քծինք ընող։ Գրպանի Բառագրքոյկ Հայերէն Լեզուի։ Վ.Գ.
Պատանի տարիքիս լսած էի, որ Ուրֆացի տղամարդը կնամեծար է, սակայն Ապարանցիի մասին ակեղծ ըսած չէի լսած, մինչեւ Գարեգին Բ.ի Սիտնի, Աւստրալիա կատարած «հովուպետական» այցելութիւնը։
Դէպքը կը պատահի Սիտնիի Ս. Յարութիւն Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուայ պատարագիչն է հիւր կաթողիկոսը։ Յընթացս Ս.Պատարագի, կը կարդացուի Սրբատառ Կոնդակը, որմէ անմիջապէս ետք, կաթողիկոսը ծնկաչոք, Սահակ Մեսրոպ շքանշանով կը զարդարէ Աւստրալիոյ քաղաքական կեանքին, ինչպէս նաեւ Հայ կեանքի զանազան բնագաւառներուն մէջ իր ներդրումը ունեցող Նահանգապետուհի Գլատիս Պէրէճիքլեանի կուրծքը։
Շատ հաւանաբար, այդ ազնիւ տիկինը արժանի էր իրեն տրուած պատիւին։ Սակայն այստեղ խօսքը չի վերաբերիր իրեն ու իր արժանիքներուն։
Ս. Պատարագը առիթ մը կը հանդիսանայ, որ եկեղեցւոյ մէջ գտնուող հաւատացեալներ Ս. հաղորդութիւն ստանան, որ իրենց կը մատակարարուի պատարագիչ եկեղեցականի կողմէ՝ ծնկաչոք։
Սակայն մեզի համար տարօրինակ ըլլալ կը թուի, երբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը խորանի բեմին վրայ ծունկի եկած այդ «քաղցր» պարտականութիւնը կը կատարէ, շքանշան կը յանձնէ։
Շքանշանները առ հասարակ կը տրուին պատարագի աւարտին, ըլլայ այդ եկեղեցւոյ դասին մէջ, եւ կամ, այս պարագային, ընդունելութեան ընթացքին։ Սակայն ոչ՛ ծնկաչոք։
Կաթողիկոսի այս արարքը երբէք կապ չունի հեզութեան, եւ ոչ՛ ալ խոնարհութեան հետ, այլ՝ շողոքոր-դութեան հետ։ Այս եւ այլ պարագաներուն, խօսողը ԴՐԱՄն է, եւ ոչ թէ ՄԱՐԴը։
Չենք կարծեր, որ աւելի քան 1700 տարիներու ընթացքին այնքան կոնդակակիր ազգայիններ ունեցած ենք, որքան Գարեգին Բ.ի օրով։
Ամերիկացիները պիտի ըսէին՝ «Դրամը կը խօսի»։
Յարգանքներով՝
Անթօ Սահակ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *