Կարօ Փայլան Առաջարկած է Սուրբ Սոֆիան Մզկիթի Վերածելու Պարագային Մէկ Հատուածն Ալ Եկեղեցի Դարձնել

Posted on June. 20. 2020

Պոլսոյ ուղղափառ քրիստոնեաներու ամենայայտնի եկեղեցի համարուող Սուրբ Սոֆիան թրքական իշխանութիւնները կը ցանկան թանգարանէն վերածել մզկիթի: Այս մասին «Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ News.am-էն։
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը այս առիթով յղած յայտարարութեան մէջ շեշտած է, որ եթէ նախկին եկեղեցին պիտի վերածուի մզկիթի, ապա ատոր մէկ մասն ալ պէտք է դառնայ եկեղեցի, որպէսզի քրիստոնեաներն ալ կարենան երթալ եւ աղօթել:
Նոյնպիսի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք, արք. Մաշալեան՝ շեշտելով, որ այդպէսիով թող Սուրբ Սոֆիան դառնայ դարի եւ մարդկութեան խաղաղութեան խորհրդանիշը։
Նշենք, որ Բիւզանդիոյ Կոստանդին կայսեր կողմէ հիմնադրուած եւ ուղղափառներու ամենայայտնի տաճարի համբաւը կրող Սուրբ Սոֆիան Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումէն ետք 16-րդ դարուն վերածուած էր մզկիթի, իսկ արդէն Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադրումէն ետք 1934-ին անիկա վերածուած է թանգարանի:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *